Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանի մէջ, 18 Մայիսին սկսած են հրամանատարական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին ինքնավար հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած համազօրային բանակի շարք մը ստորաբաժանումներ ու զօրամասեր:

«Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումները մարտական պատրաստութեան տարբեր աստիճաններու հասած են, յառաջիկայ օրերուն անոնք  պիտի ընթանան հետախուզական գործողութիւններու հակազդեցութեան, ինչպէս նաեւ օդային, հրթիռային եւ հրետանային հարուածներու կանխումին վերաբերող քայլեր մշակելով», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախիջեւանի մէջ ընթացող զօրավարժութիւնները 22 Մայիսին պիտի աւարտին: