Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրով եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ծանուցագիրներ ուղարկած է համապատասխանաբար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին՝ Անթոնիօ Կուտերեշին եւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին՝ Մարիա Պեյչինովիչ Փուրիչին Արցախի կողմէ տուեալ միջազգային դաշնագիրներով նախատեսուած ժամանակաւոր իրաւական միջոցներ ձեռնարկելու մասին`պսակաձեւ ժահրի (COVID-19) տարածման սպառնալիքին հիմքով երկրէն ներս արտակարգ իրավիճակ հաստատելու պատճառով:
Ծանուցագրերուն մէջ յիշուած է, որ հանրապետութեան ողջ տարածքին արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է 12 Ապրիլ 2020-ին 30 օրուան ժամկէտով եւ երկարաձգուած է մինչեւ 11 Յունիս: Արցախի Հանրապետութիւնը կը պարտաւորուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին եւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին տեղեկացնել արտակարգ իրավիճակի ընթացքին իր կողմէ ձեռնարկուած իրաւական միջոցներուն, ինչպէս նաեւ այդ միջոցներուն կիրառման դադարեցման ամսաթիւին մասին:
Արցախի Հանրապետութիւնը միակողմանիօրէն միացած է Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրին՝ 1992 թուականին եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրին` 2015 թուականին: