8 Մայիսին, «Հորիզոն»ի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հեռակապով հարցազրոյց ունեցաւ Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին ան­դամ­ ­Պա­րո­նու­հի ­Գա­րո­լայն Գոքսի հետ։

Հարցազրոյցի ընթացքին ­Պա­րո­նու­հի ­Գա­րո­լայն Գոքս վկայակոչեց Ատրպէյճանի կողմէ գործուած պատերազմական ոճիրները եւ մարդկային իրաւանց խախտման պարագաները։ Միաժամանակ ան իր հիացմունքը արտայայտեց Արցախի ժողովուրդին քաջութեան եւ խիզախութեան հանդէպ, շեշտելով, որ Արցախը արժանի է անկախութեան ճանաչման ։ Հարցազրոյցի աւարտին ­Պա­րո­նու­հի Գոքս կոչ ուղղեց Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն, որպէսզի զգօն ըլլան ատրպէյճանական կողմի սադրանքներուն դիմաց։

Պարոնուհի Գոգս 86 անգամ այցելած է Արցախ։ Ան նաեւ բազմիցս Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ ելոյթ ունենալով վկայած է Արցախի մէջ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով վկայած է Մարաղայի կոտորածին մասին։

Արցախեան պատերազմի ընթացքին Պարոնուհի Գոքսը նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործօն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան։