Պսակաձեւ ժահրի համավարակով յատկանշուող իրավիճակին, անոր տնտեսական հետեւանքներուն, նոր մարտահրաւէրներուն յաղթահարման միջոցներու քննարկման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներու շարքի մը նախաձեռնած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ այլազան ոլորտներու մասնագէտներու հետ:
Այս շրջագիծէն ներս, նախագահ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին հանդիպում  ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է համավարակին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, տնտեսական դժուարութիւններուն, անոնց յաղթահարման կարելիութիւններուն եւ միջոցներուն:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն բանի շուրջ, որ այս մարտահրաւէրը կարելի է յաղթահարել միայն ուժերու համախմբման միջոցով: ՀՅԴ ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց տեսլականը իրավիճակը յաղթահարելու կարելի միջոցներուն  մասին: Մտքեր փոխանակուած են նաեւ երկրի ներքին եւ արտաքին հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է համազգային օրակարգին առնչուող  շարք մը հարցերու, որոնց կարգին Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին, Սեւրի դաշնագիրի կնքման 100-ամեակին եւ Առաջին Հանրապետութեան յառաջիկայ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահին տեղեկութիւններ ներկայացուած են ՀՅԴ-ի ծրագրած  շարք մը ձեռնարկներուն մասին, որոնք, համավարակին հետեւանքով ժամանակաւորապէս յետաձգուած  են: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ նախագահ Սարգսեանի առաջարկած Համազգային այգիին՝ «հայ պարկ»ի ստեղծման նախաձեռնութեան:
Հիւրերը ողջունելի համարած են համահայկական նշանակութիւն ունեցող այս նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած է ազգային միասնականութեան ապահովումին: