Միացեալ Նահանգներու մէջ (նաեւ այլուր), կուսակցութեանց իսկական դերակատարութեան ու հեղինակութեան լուսանցքայնացման շօշափելի օրինակներով՝ կարելի է կազմել հատորներ: Նման հատորներ արդէն կան: Նշեցինք, որ կուսակցութիւններ յաճախ կը շեղին, աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ անոնց կը թելադրուի, կը պարտադրուի՛ շեղիլ էական հարցերու հետապնդումէն, որպէսզի զանգուածները զբաղ պահուին ցուցականով, մակերեսային ու անհետեւանք, զգայացունց, եւ իրենց կեանքին հետ անմիջական կապ չունեցող զարգացումներով:
Այս բեմադրութեան մէկ աղաղակող օրինակին ականատես եղանք վերջին աւելի քան 6 ամիսներուն (թէեւ արմատները շատ աւելի հինէն կու գան): Ամերիկեան քաղաքական բեմը, անոր հետ ժողովուրդին ու ինչո՞ւ չէ՝ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը ամիսներ շարունակ պատանդը մնաց նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ ամբաստանութիւններու եւ պաշտօնա- զրկումը հետապնդող քննարկումներուն: Հաւանաբար ընթերցողս չէ մոռցած, որ նախագահը ամբաստանուած էր, եւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ դատապարտուեցաւ «Ուքրանիա-կէյթ»ով եւ յարակից յանցանքներով: Թրամփ փրկուեցաւ պաշտօնազրկումէ եւ աւելի ծանր հետեւանքներէ, շնորհիւ Ծերակոյտին «ներողամտութեան»: Չփորձենք ետ երթալ եւ պրպտել, թէ այդ բեմադրութեան վախճանը խորքին մէջ ինչպիսի՛ մեքենայութիւններու պատճառով էր, վարագոյրին ետին շարժողներէն որո՞նք պիտի շահէին կամ վնասուէին Թրամփի հեռացումէն. այդ բոլորը արդէն բաղձալի կամ անբաղձալի անցեալին կը պատկանին: Հարց տանք, թէ նախագահին պաշտօնազրկումը ոգի ի բռին հետապնդող դեմոկրատները արդեօք ա՞յդ օրերուն աւելի ուժեղ հիմնաւորումներ ունէին նման դատ հետապնդելու, թէ սկսեալ այն օրէն, երբ Թրամփ ու անոր նմանները անտարբերութեամբ վարուեցան Պսակաձեւ ժահրին բերած սպառնալիքներուն նկատմամբ: (Անշուշտ կարելի է բանալ նաեւ անսպառ սուտերու եւ ինքնաժխտումներու տոպրակն ալ): Փաստօրէն, «Ուքարնիա-կէյթ»ին հետեւանքով մարդ չմեռաւ, տնտեսական ու ընկերային անհամեմատ տագնապներ չստեղծուեցան, մինչդեռ այս վարակը Միացեալ Նահանգները դարձուց  աշխարհի ամէնէն մեծ թիւով վարակեալներ ունեցող ու զոհեր տուող, ընկերային ամէնէն ծանր վնասները կրող երկիրը: Սուր եւ իրական տագնապներ են գործազուրկերը, մամուլը արխիւներ կը պրպտէ, ցոյց տալու համար թէ այս վարակը արդէն իսկ Վիեթնամի ահաւոր պատերազմի զոհերէն աւելի մեծ թիւով զոհ խլած է, ու դեռ ճամբու կիսուն ենք: (Պուշի օրով, Էնրոնի տագնապը, իսկ աւելի ուշ՝ տնտեսական անկումին հիմնական պատճառներն իսկ հիմա խաղալիք կը թուին արդէն, իսկ 9/11-ի զոհերուն թի՞ւը՝ առանց նսեմացնելու ոճրագործներուն արարքին ահաւորութիւնը…):
Այս նշումներով, չենք ուզեր ըսել, թէ վարակին ծագման եւ տարածման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ նախագահին եւ կարգ մը գործակիցներու ուսերուն, սակայն զայն դիմագրաւելու, անհրաժեշտ կանխամիջոցները ճիշդ ատենին որդեգրելու անոնց թերացումը անվիճելի է (հոն՝ ուր կանխամիջոցները աւելի կանուխ որդեգրուեցան՝ առանց քաղաքականացուելու, առանց ոչ-գիտական հիմնաւորումներու՝ արձանագրուեցան նուազ վնասներ, հետեւաբար նաեւ՝ բնականոն կեանքի վերադարձի քայլերը սկիզբ առին աւելի կանուխ եւ տրամաբանական ձեւով): Նախագահին ու անոր գործակից-կուսակիցներուն վնասաբեր ձախաւերութիւնները կրնային սկուտեղի վրայ դրուած պարգեւ նկատուիլ դեմոկրատներուն համար, ո՛չ թէ տագնապը ինքնանպատակ քաղաքականացումի տանելու, զայն չարաշահելու իմաստով, այլ ցոյց տալու՝ թէ իշխանութեան վրայ պահուող նախագահն ու իր համբակ գործակիցները ինչպիսի՛ ցնդաբանութիւններով հրապարակ կու գան գրեթէ ամէն օր, մինչեւ իսկ օրը մէկէ աւելի անգամ, սխալ ցուցմունքներով վտանգի տակ կը դնեն քաղաքացիները (տեսանք, թէ ինչպէ՛ս՝ նախագահին կողքին կեցող մասնագէտներ քաղաքավարօրէն կը հերքէին անոր «գիւտերը», որոնք մինչեւ իսկ ստեղծեցին պատկերասփիւռէն առեւտրական ծանուցում կատարողի տպաւորութիւն…): Մինչդեռ, եւրոպական կարգ մը երկիրներու պետական վարիչները, անկախ այլապէս քննադատելի եւ անբաղձալի ուղեգիծերէ, այս իմաստով շարժեցան իմաստութեամբ, հետեւեցան գիտութեան մարդոց եւ մասնագէտներու թելադրանքներուն, ըրին կարելին, բայց անկէ անդին, իրենց ժողովուրներն ալ տեսան, որ համաճարդակը ունի նաեւ անկարելիի սահմաններ…
Նման կրաւորականութիւն՝ դեմոկրատներու կողմէ, կրնայ դիտուիլ իբրեւ ազնիւ վերաբերմունքի արտայայտութիւն, այսինքն՝ խուսափում այս տագնապը աժանօրէն քաղաքականացնելու փորձերէ: Սակայն նախընթաց փորձառութիւնները կը ստեղծեն կասկածներ, թէ ընտրապայքարներուն իրական վարիչները կը մնան լուսարձակներէ հեռու եւ անոնց համար շահեկան չէ նման «փոթորիկ» ստեղծել՝ երբ իրենք պատրաստ չեն, անկէ շահ չեն կրնար ապահովել: Այլ խօսքով, դեմոկրատ եւ հանրապետական՝ տեղ մը կը նոյնանան հասարակաց խրամատին մէջ. Նորագոյն օրինա՞կը. Միասնաբար քուէարկուած՝ նիւթական օժանդակութեանց գումարներուն մեծ ու հարուստ ընկերութեանց-դրամատուներուն գանձանակները հոսեցնելու իրականութիւնը (անոնցմէ մէկ քանին վերադարձուցին իրենց տրամադրուած գումարները, որպէսզի իսկապէս դժուարութեան մատնուած փոքր ընկերութիւններ օգտուին):
Այլ երկիրներու մէջ, չարաշահութեան մրցանիշներ ալ կ’արձանագրուին, ի՜նչ խօսք…: Իսկ արդեօք բարեբախտութի՞ւն պէտք է սեպել այն, որ շրջանային կառավարական մակարդակներու վրայ տեղ ունին նաեւ կարողներ եւ իմաստուններ:
«ԱԽՏ»ԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ՝ ԱՅԼՈՒՐ
Կուսակցութեանց դերին նսեմացումը, մարդկութիւնը կենսաւորող եւ բարգաւաճումի տանող գաղափարական աշխարհին լուսանցքայնացումը եթէ ամերիկեան եւ նման կարգ մը երկիրներու «մենաշնորհ»ն է, չէ բացառուած, որ անոր արձագանգները տարածուին զարգացման մէջ եղող երկիրներու մէջ, հոն՝ ուր «ամերիկեան կամ արեւմտեան արժէքներ» յաճախ կ’ընդունուին առանց քննարկումի եւ հարց ու փորձի, առանց դատողութեան:
Ի մտի չունինք այն երկիրները, որոնք արդէն իսկ ճանչցուած են իբրեւ բռնատիրական, զինուորականներու խաղալիք եւ միակուսակցական: Անոնք ինքնաբերաբար դուրս կ’իյնան ներկայ քննարկումէն: Ի մտի ունինք այն երկիրները, ուր կայ բազմակուսակցականութիւն, կը խաղցուի անկէ բխող ժողովրդավարութեան խաղը (կամ՝ պատրանքը), եւ սակայն, իշխանական կուսակցութեանց մէջ ԱՆՀԱՏ մը կը դառնայ առանցքային դէմք, անվիճելի հեղինակութիւն, որուն որոշումներն ու ծրագիրները առանց այլեւայլի կ’որդեգրուին նախ իր կուսակցութեան, ապա նաեւ իշխանութիւնը մարմնաւորող օղակներու կողմէ: Նոյնը կը պատահի նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու մէջ, անոնք ըլլան խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ նման երկիրներու մէջ իրողապէս կը ստեղծուի անհատ-մենատէրներու կողմէ ստեղծուած՝ շինծու ժողովրդավարութիւն մը, շատ աւելի նախնական եւ վնասաբեր՝ քան Միացեալ Նահանգներու ընկալեալ պատկերը: Այդ երկիրներուն մէջ, կուակցութիւն մը յաճախ կը ծնի ու կը գործէ իր հիմնադիր-ղեկավարին հետ, իսկ եթէ ան որեւէ պատճառով հեռանայ կամ հեռացուի դիրքէ-պաշտօնէ, կուսակցութիւնը փուլ կու գայ, անդամները կը բախեն նոյն տիպի այլ կուսակցութիւններու դռները, պարզ այն պատճառով, որ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ համապարփակ ծիրը, հիմունքը կը մնան բացակայ, լաւագոյն պարագային՝ թերի: Միացեալ Նահանգներու պարագային, կուսակցութեանց անուանական ներկայութիւնը ձեւով մը ինքզինք նուիրականացուցած է եւ դարձած՝ ընդհանրապէս անբաղձալի իրականութիւններ ծածկող թափանցիկ շղարշ մը:
Բնականաբար հարց կրնայ ծագիլ, թէ ի վերջոյ, ո՞րն է նախընտրելին. բռնատիրութի՞ւնը, միակուսակցական կարգավիճա՞կը, թէ՞ ձեւական ժողովրդավարութիւնը, այսինքն՝ չարեաց փոքրագոյնը:
Նման հարցում անհեթեթութիւն է, որովհետեւ նախ եւ առաջ կ’անտեսէ մարդուն իմաստութիւնը, դարերու փորձառութիւնն ու անկէ բխած բարիքները: Պարզ ու կարճ պատասխանը այն է, որ մարդը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, իրաւունք ունի բարօր եւ ապահով կեանքի պայմաններ ունենալու, ժողովրդավարութիւնը, ինքնին, կ’ենթադրէ, որ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչները, ի՛նչ պաշտօնի ալ որ կոչուին, հարկադրուած զգան ընդառաջելու երկրին ու զանգուածին ակնկալիքները կենսաւորելու: Պետական կամ կուսակցական պատասխանատու դիրքերու պէտք է հասնին իմաստուն ներկայացուցիչներ, եւ ո՛չ թէ խեղկատակ, տկարամիտ եւ ամբոխավար խամաճիկներ: Այլ խօսքով, ա՛յս մօտեցումով ու տրամաբանութեամբ է որ պէտք է վերարժեւորուին կուսակցութիւնները (բազմակարծութիւնը անխուսափելի է ու՝ բարիք), տրամաբանականի սահմաններուն մէջ յարգանք պարտադրեն իրենց գաղափարներով եւ տեսլականներով, եւ ո՛չ թէ առաջնորդի դիրքին վրայ եղողին «գրաւչութեամբ»: Երկիրներ կառավարելու համար, մինչեւ իսկ ամէնէն անհաշտ կուսակցութիւնները պէտք է կարենան գտնել գործակցութեան եւ ազնիւ մրցակցութեան դաշտեր, իսկ ծանր տագնապի օրերուն՝ ունենան մինչեւ իսկ ամէնէն սուր հակառակորդին հետ համակեցութիւն գոյացնելու յանդգնութիւնը: Նման յանդգնութիւն բարիք բրած է բազմաթիւ երկիրներու:
Եզրակացնելու համար ըսենք, որ Պսակաձեւ ժահրն ու նման պատուհասներ ի վերջոյ անցողիկ են, ունին ժամանակաւոր բնոյթ, որքան ալ երկարատեւ ըլլան ու ծանրագոյն հետեւանքները թողուն աշխարհի տարածքին: Աւելի կարեւորը՝ մնայուն սպառնալիքներուն յաղթահարումն է եւ աւելի արդար ու բարօր աշխարհի մը հետամտութիւնը, որ, ինքնին, կը հարկադրէ իսկական ժողովրդավար երկիրներու միջեւ լայն գործակցութիւն, ամէն տեսակի անարդարութեան դարմանում: Հոն հասնելու ճամբան չ’անցնիր Ժողովրդավարութիւնն ու գաղափարական կուսակցութիւնները նահատակելու «սխրագործութիւններէն»: (Քննարկումը կարելի չէ սպառած նկատել, սակայն կ’արժէ երբեմն թափանցել Պսակաձեւ վարակին իրական, կամ այլ՝ շինծու տագնապներէն բարձրացող մշուշէն անդին):
Սարգիս Մահսերէճեան