«Գանձասար» առցանց հարցազրոյց մը ունեցած էր սուրիահայ վաստակաշատ ֆութպոլիստ, ՀՄԸՄ-ական Ճորճիկ Ռասթկելէնեանի հետ, որուն առաջին եւ երկրորդ մասերը ներկայացուցած էինք թերթիս Մայիս Ա. եւ Բ. համարներով, ստորեւ՝ վերջին մասը.
«Գանձասար»- Հալէպի մէջ ունեցա՞ծ էք այլ օգտակար ծառայութիւններ։ Եթէ այո, կը խնդրենք որ անոնց եւս անդրադառնաք։
Ճորճիկ Ռասթկելէնեան- 1965-ին, Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ ընդհանուր ծխախոտի հաստատութեան ընդհանուր տնօրէնին որոշումով, արհեստավարժ խումբ մը պատրաստելու նախաձեռնեցին։ Այդ խումբին մաս կազմելու պատուին արժանացայ երեւակայական ամսաթոշակով։ Հալէպի «Ահլի» խումբի խաղացող Ուաէլ Աքքատին ալ նոյն հրաւէրը ուղղուեցաւ։ Այսպէս Հալէպէն միմիայն երկու խաղացողներ մաս կազմեցին այս խումբին։ Մէկ ամիս ետք,և որուն ընթացքին մէկ մրցումի մասնակցեցայ եւ լաւ տպաւորեցի բոլորը, ի մասնաւորի պատասխանատուները,և Դամասկոսի մէջ բարեկամական մրցումէն առաջ, ՀՄԸՄ-ի օրուան պատասխանատուին թելադրանքով հրաժարեցայ այս խումբէն, եւ խոստում ստացայ լաւ պայմաններով գործի մը ուղղուելու, որը դժբախտաբար չիրականացաւ։ Այս մէկը մէջս հսկայ փեկում մը յառաջացուց եւ պատճառ դարձաւ որ չկարողանամ համալսարանական ուսմանս հետեւիլ նիւթական դժուարութեան պատճառով, որովհետեւ ծնողքիս տնտեսական վիճակը ճիշդ այդ օրերուն անակնկալօրէն վատթարացաւ եւ մենք նիւթական տագնապի մատնուեցանք։ Սակայն ես զօրաւոր հաւատքով ու լաւատեսութեամբ շարունակեցի կատարել միութենական բոլոր պարտաւորութիւններս եւ առաւելագոյն չափով նպաստեցի ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւններուն։
Վարչութեանս թելադրանքին ընդառաջելով կատարեցի Հալէպի ոստիկանութեան ապահովութեան զօրանոցի նորակազմ ֆութպոլի խումբին մարզումի պարտականութիւնս շուրջ երկու տարի մերժելով որեւէ նիւթական վարձատրութիւն։
1978-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ, երբ բոլոր դպրոցները մինչեւ անորոշ թուական փակուեցան, հարկադրուած ընտանիքիս հետ  առժամաբար Հալէպ փոխադրուեցանք։ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը օգտուելով այս պատեհ առիթէն ինծի առաջարկեց ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբի մարզումի պարտականութիւնը, փոխան որոշ նիւթական վարձատրութեան։ Սիրով ընդունեցի այս վեհ պարտականութիւնը, սակայն մերժեցի նիւթական վարձատրութիւնը, այն համոզումով որ ՀՄԸՄ-ը մեզի համար եղած է տուն, դպրոց ու մեր մէջ խարսխուած է իսկական մարդը եւ մանաւանդ գիտակից ու յանձնառու հայ մարդը։
Այս պարտականութիւնը կատարեցի, խումբ մը ազնիւ գիտակից ՀՄԸՄ-ական տիպար ֆութպոլիստ եղբայրներու հետ, որոնք գիտակցութեան բարձր ոգիով, զոհաբերութեան վեհ զգացումով, կարգապահութեամբ, ճշդապահութեամբ, դրական գործակցութեամբ եւ լաւագոյնին հասնելու ձգտումով արդարացուցին իրենցմէ սպասուածը եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին յաջողեցանք բարելաւել կացութիւնը եւ արձանագրել գոհացուցիչ արդիւնքներ ի պատիւ բոլորին։ Կ’ուզեմ կարեւորութեամբ յիշել այս եղբայրներուն անունները.- Կարպիս Թովմասեան (խմբապետ), Ճանօ Պէպէճեան, Յակոբ Պետիրեան, Կարօ Մելքոնեան, Վահէ Պաղճեան, Ռաֆֆի Շառոյեան, Գէորգ Լէպլէպճեան, Ճորճիկ Սրուրեան, Զաւէն Էքմէքճեան, Ճորճ Նասրի, Վահէ Պողալեան, Ճորճ Մորա, Յարութ Սոլաքեան, Գէորգ Մինասեան եւ Յարութ Ղազարեան։
Լիբանան հաստատուելէս ետք, միութենական՝ մարզական եւ վարչական բեղուն գործունէութիւն ունեցայ։ Առաջին մասնակցութիւնս եղաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին հետ, Վիեննայի զօրաւոր կազմին դէմ։ Այս խումբը նախքան Լիբանան իր ժամանումը, յաղթանակ մը արձանագրած էր Եգիպտոսի բանակի խումբին դէմ 3-0 արդիւնքով։ Նոյնպէս Լիբանանի մէջ բազմաթիւ բացառիկ յաղթանակներ ձեռք բերած։ Այս խումբին վերջին մրցումը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին դէմ, ուր ՀՄԸՄ (4-3) արդիւնքով, դժուար մրցումէ մը ետք փառաւոր յաղթանակ արձանագրեց։
1966-67 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները չափազանց հետաքրքրական եղան, եւ վերջ գտան «Մազրա»ի խումբին յաղթանակով, վերջինս տիրացաւ ախոյեանութեան տիտղոսին։ ՀՄԸՄ-ի կազմը չափազանց յաջող ելոյթներ ունեցաւ, սակայն կէտերու ջնջին տարբերութեամբ կորսնցուց ախոյեանութիւնը։
Ամրան ընթացքին, ախոյեանութեան աւարտէն երեք ամիս ետք, ախոյեան խումբը՝ «Մազրա» կազմակերպեց «Հապիպ Ապի Շահլար» բաժակի մրցաշարքը, մասնակցութեամբ ութը խումբերու։ Կիսաւարտականի մրցումին ՀՄԸՄ (3-1) արդիւնքով յաղթելէ ետք ախոյեան խումբին «Մազրա»ին, հասաւ աւարտականին՝ իր դէմ մրցակից ունենալով «Նըճմէ» խումբը, որ յաջողեցաւ յաղթել «Ռասինկ»ին։ ՀՄԸՄ-ի խումբը աւարտական մրցումին գեղեցիկ խաղ ցուցադրեց եւ յաջողեցաւ խաղի վերջին 10 վայրկեաններուն երկու գեղեցիկ կոլ նշանակել, շնորհիւ եղբ. Ճորճիկին եւ արժանացաւ «Հապիպ Ապի Շահլա» մրցաշարքի ախոյեանութեան բաժակին։
1977-78 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցաշարքը կանգ առաւ երեք մրցումներէ ետք, երբ ՀՄԸՄ մերժեց դաշտ ներկայանալ, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի գրաւոր բողոքը՝ «Սաֆա» ակումբին կատարած օրինազանցութեան դէմ (օտար երկու խաղացողներ միացնելուն պատճառով խումբին ախոյեանութեան մրցումները սկսելէն ետք, ինչ որ հակականոնագրային էր) անտեսուեցաւ եւ այս հարցով ֆետերասիոնէն ներս ծագած վէճերը պատճառ դարձան, որ մրցումները կանգ առնեն եւ ապա ֆետերասիոնի հրաժարելուն պատճառով ախոյեանութեան խաղերը վերջ գտնեն եւ վերջնականապէս ախոյեանութեան մրցաշարքը ջնջուի, ու այսպէս 1967-68 տարեշրջանին Լիբանանի ֆութպոլը ախոյեան չունենայ։
1968-69 ախոյեանութեան մրցումները կատարուեցան լարուած մթնոլորտի մէջ եւ պայքարը եղաւ չափազանց հետաքրքրական եւ սուր։ Երեք խումբեր, ՀՄԸՄ, «Ռասինկ» եւ ՀՄՄ հաւասար արդիւնքներով կը սուրային ախոյեանութեան տիտղոսին։ Հաւասարութեան պարագային կոլերու տարբերութիւնը պիտի վճռէր ախոյեան խումբը։ Այդպէս ալ եղաւ։ Իւրաքանչիւր խումբ ունէր 30-ական կէտ, ՀՄԸՄ կարիքը ունէր (4) կոլեր նշանակելու, որպէսզի ապահովէ ախոյեանութիւնը։ ՀՄԸՄ (3-0) արդիւնքով յաղթած էր «Մազրա»ին, խիստ կարիքը ունէր չորրորդին, սակայն դաշտի իրաւարարները նաեւ կը պայքարէին ՀՄԸՄ-ի խումբին դէմ, իրենց կողմնակալ եւ անարդար սուլիչներով։ Յանկարծ Ճորճիկ կը յաջողի նշանակել ՀՄԸՄ-ի վճռորոշ կոլը, սակայն, ափսոս կողմի իրաւարարին դրօշակը կը միջամտէ եւ արագօրէն չեղեալ կը նկատէ ՀՄԸՄ-ին նշանակած արդար կոլը։ ՀՄԸՄ-ի տղաքը ինքնավստահ կը շարունակեն իրենց կազմակերպուած յարձակումները եւ գրոհները, եղբ. Լեւոնին՝ խմբապետին, գեղեցիկ մէկ փոխանցումին վրայ Ճորճիկ դարձեալ կը յաջողի քառակուսիէն դուրս զօրաւոր հարուածով ցնցել հակառակորդին բերդը։ ՀՄԸՄ կ’ապահովէ մրցումին յաղթանակը (4-0) արդիւնքով, ՀՄԸՄ-ականներու՝ խաղացողներու եւ համակիրներու, խանդավառութիւնը սահման չունէր, արժանի էին յաղթանակին։
Այսպէս ՀՄԸՄ երկար եւ դժուար պայքարելէ ետք կը յաջողի արդարօրէն եւ արժանավայել ընթացքով տիրանալ 1968-1969-ի ախոյեանութեան տիտղոսին։
Հոս կը թուեմ կարգ մը կարեւոր իրագործումներ, որոնք տեղի ունեցան այդ շրջանին։
1.- 1968-69 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումներու շարքին, կարեւոր իրագործում մըն էր ՀՄԸՄ-Իսթիքլալ դարձի մրցումը։ Արդ՝ երթի մրցումին (1-0) արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք նոյն խումբին դէմ, շնորհիւ մրցումին վերջին վայրկեաններուն եղբ. Մայքին նշանակած կոլին, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ փառաւոր յաղթանակ մը արձանագրել դարձի մրցումին, եւ (4-0) արդիւնքով աւարտել մրցումը, շնորհիւ եղբ. Ճորճիկին նշանակած այս (4) կոլերուն, անմոռանալի եւ յիշատակելի մրցում մը եղաւ յատկապէս ինծի համար։
2.- ՀՄԸՄ-ՀՄՄ Ապրիլ 24-ին առիթով բարեկամական մրցումը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով (3-1), կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝ Ճորճիկ, Լեւոն եւ Ռաղէպ։
3.- ՀՄԸՄ 66-67-ի ախոյեանութեան մրցումին, որ տեղի ունեցաւ տարիներ ետք, տիրապետեց խաղին եւ շնորհիւ Ճորճիկին եւ Լեւոնին գեղեցիկ կոլերուն տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց։
4.- ՀՄԸՄ ընդդէմ Սուտանի ախոյեան «Ալ Մարիխ» խումբին (1-1) արդիւնքով, կէտը նշանակեց խմբապետ եղբ. Լեւոն Ալթունեան։
5.- ՀՄԸՄ-«Ռասինկ» խառն խումբը ընդդէմ Եգիպտոսի ախոյեան «Ալ Իթթիհատ Ալըսքանտարի»ի (0-0) արդիւնքով 1966-ի ամրան։
6.- ՀՄԸՄ ընդդէմ Եգիպտոսի «Ալ Օլոմբի Ալըսքանտարի» խումբին (0-0) արդիւնքով։
ՀՄԸՄ Հալէպի եւ Լիբանանի մէջ բազմաթիւ մրցումներ կատարեց եւ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեց, բաղդատաբար միւս՝ արեւելեան Եւրոպայի եւ Սովետական Խորհրդային Միութեան խումբերուն։
1970-ի Հոկտեմբեր 16-ին, 27 տարեկանիս,  վերջնականապէս դադրեցայ խաղալէ անձնական պատճառներով եւ որոշեցի վերջ տալ մարզական կեանքիս։
«Գ.»- Ֆութպոլի մարզիկ ըլլալով մէկտեղ, միութենէն ներս այլ պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնած էք։ Կարելի՞ է այդ մասին եւս խօսիլ։
Ճ.Ռ.- Լիբանանէն ներս ունեցայ միութենական համեստ գործունէութիւն։ Տարիներ մաս կազմեցի ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Վարչութեան, որպէս ատենադպիր, ապա ատենապետ, երեք տարի յաջորդաբար։ Երկու շրջան եղած եմ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան դիւանի անդամ, նաեւ մաս կազմած անոր քարոզչական եւ դաստիարակչական յանձնախումբերուն։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով՝ Յորդանանի Ամման մայրաքաղաք ուղարկուեցայ յատուկ առաքելութեամբ եւ հոն Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքին, որպէս գլխաւոր պատգամախօս արտասանեցի ՀՄԸՄ-ի խօսքը։
Նոյն տարին 1992-ին դարձեալ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան թելադրանքով, յատուկ առաքելութեամբ Սուրիա մեկնեցայ, որպէսզի Կ. Վարչութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին Սուրիա մուտք գործելու արտօնութիւնը ապահովեմ։
«Գ.»- Որպէս վաստակաշատ միութենական եղբայր եւ Ազգ. վարժարաններու մէջ ծառայած կրթական մշակ, ի՞նչ կը թելադրէք ներկայ սերունդին եւ ծնողներուն։
Ճ.Ռ.- Հայ ծնողքը պէտք է կուռ հաւատք ունենայ ՀՄԸՄ-ին հանդէպ, անոր սկզբունքներուն, ծրագրին, նպատակներուն, «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին եւ աւելի քան հարիւրամեայ հարուստ պատմութեան։ Իր զաւկին ձեռքէն բռնած զայն պէտք է առաջնորդէ ՀՄԸՄ-ի հսկայ դարբնոց։
Հայ ծնողքը նաեւ պէտք է հաւատայ ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութեան եւ անոր կատարած կենսական ու կարեւոր դերին մեր ազգային կեանքին մէջ, որպէս մարդակերտ եւ հայակերտ կազմակերպութիւն։
Սիրելի՛ հայ ծնողներ, վստահեցէք ձեր զաւակները ՀՄԸՄ-ի հսկայ կազմակերպութեան, եւ ան կ’երաշխաւորէ պատրաստել իսկական մարդը, հաւատարիմ քաղաքացին եւ յանձնառու գիտակից հայ մարդը։
Այս է եղած ՀՄԸՄ-ը ու այդպէս պիտի շարունակէ մնալ։
(Շար. 3 եւ վերջ)