Քառասուն օր առաջ, դարանակալ մահը իր ընտանիքէն, հարազատներէն եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնեց պատուական հայուհի մը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշանակիր տիկին Նազելի Ազէզեանը, ծնեալ՝ Նարինեան։
Բազմաթիւ ցաւակցագիրներուն մէջ յիշուած «Անուշիկ Հարսը…», «Ազնուափայլ Տիկին Նազելին…», «Նուիրեալ Հայուհին…», «Եկեղեցասէր ու Ազգասէր Ազգային Գործիչը…», «Առաքինազարդ Կինն ու Մայրը…», «Բարեսիրտ ու Բարեսէր Նազիկը…», «Երջանկութիւն Սփռող Մամա՜ն…», եւ տակաւին շարք մը հոգելից բնութագրումներ, որոնք իսկապէս պերճախօս արտայայտիչը կը հանդիսանան հանգուցեալին պայծառ դիմագիծին, մարդկային ազնուագոյն արժանիքներուն եւ ապրած քրիստոնէավայել ու հայավայել վաստակաբեռն կեանքին։
Հանգուցեալ Նազելի Ազէզեան ծնած էր Ալէքսանտրէթ, 1931-ին, եւ մինչեւ վերջին շունչը կապուած մնաց իր իսկ բառերով՝ «գեղատեսիլ ծննդավայր»ին եւ Միջերկրականի կապոյտ ջուրերուն։ Դուստրն էր Ալէքսանտրէթի հայ համայնքի ականաւոր դէմքերէն, պետական-կառավարական շրջանակներէ ներս մեծ հեղինակութիւն վայելող, ազգային գործիչ Օննիկ Յակոբի Նարինեանի, իր կարգին իզմիրցի մեծանուն ընտանիքի մը զաւակը, որ գործի բերումով Իզմիրէն գաղթած եւ հատաստուած էր Ալէքսանտրէթ։
Հանգուցեալը յաճախած էր Ալէքսանտրէթի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան վարժարանը։ Ապա 1939-ին, Ֆրանսայի մեղսակցութեամբ Ալէքսանտրէթի Սանճաքին Թուրքիոյ կցումով, ընտանեօք Թարթուսի ճամբով տեղափոխուած էին Պէյրութ – Լիբանան։
Մինչ այդ, Թարթուսի հայ գաղթականներու վրանաքաղաքներուն մէջ, բոլորին եւ յատկապէս հանգուցեալին համար նախախնամական ներկայութիւն մը հանդիսացած էր Զարեհ Աբեղայ Փայասլեան, հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, այդ օրերուն գործուղդուած էր Կաթողիկոսութեան կողմէ, օգտակար դառնալու գաղթականներուն։ Զաւակներուն վկայութեամբ, հանգուցեալ Նազելի Ազէզեան «Այդպէս էր Վեհափառը» կ’ըսէր եւ կ’աւարտէր ամէնօրեայ աւանդոյթ դարձած իր յուշապատումները, ուր Զարեհ Վեհափառը մի՛շտ տիրական ներկայութիւն էր, շնչող ու կենդանի, պարզապէս ժամանակը չէր յաջողած ստուեր ձգել անոր պատմակերտ անձին ու անմեռ յիշատակին վրայ, մանաւանդ որ անոր խօսքերով՝ «Վեհափառը կը շարունակէր իր յանկուցիչ բարութենէն երանգ մը միահիւսել մեր սրտերուն, պայծառատես իմաստութենէն ուղխք մը միախառնել մեր մտքերուն, իր լուսաճաճանչ ոգիէն շող մը շաղախել մեր աչքերու ցոլքին, խորունկ հաւատքէն հատիկ մը սերմանել մեր հոգիներուն մէջ, անպարագիծ էութենէն եւ հոգեկան արիութենէն կաթիլ  մը ցօղել մեր կամքին ու կորովին մէջ…»։
Հայրը՝ Օննիկ Յակոբի Նարինեան, շուտափոյթ կերպով Ալէքսանտրէթ վերադառնալու մեծ  յոյսերով, կարճ ժամանակ մը ետք իր ընտանիքով Պէյրութէն անցած էր Սուրիա եւ հաստատուած  Հալէպ, ուր պատանի Նազելի յաճախած էր Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը, եւ նախակրթարանի բաժինը աւարտելէն ետք, հետեւած էր հայերէնի, ֆրանսերէնի եւ երաժշտութեան անձնական դասերու, միաժամանակ տակաւ առ տակաւ կազմաւորուելով անզիջող հայրենասէր ու ազգասէր հօրը ոգեշունչ կերպարով։
Զուգահեռաբար, հանգուցեալը յաճախած էր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Հալէպի Կեդրոն Բաժինը, որ կը գործէր Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Կիրակնօրեայ Դպրոցին ընթացքը աւրատելէն վերջ, դարձած էր ուսուցչուհի՝ երկար  տարիներ անվերապահօրէն ծառայելով այս «Նուիրական Յարկ»ին։
1949-ին ամուսնացած էր Ալեքսան Ազէզեանի հետ, ընտանեկան ջերմ բոյնը բախտաւորուած էր  չորս խոստմնալից զաւակներով՝ Թամար, Հուրի, ԳԷորգ եւ Խաժակ, չորսն ալ վկայեալ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Կեդրոն Բաժինէն եւ համալսարանական բարձրագոյն կրթութեանց հետեւած, աստուածատուր շնորհքները զարգացուցած, ապա իրենց հօրը հայրական հովանաւորութեամբ եւ մօրը բարի հետքերով ընթանալով՝  նուիրուած են մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան։
Հանգուցեալ Տիկին Նազելի Ազէզեան՝ օինակելի հարսը, տիպար կինն ու մայրը, սիրասուն մեծ մայրը, քաղցր հարազատը, ընտանեկան իր բոլոր պարտաւորութիւններուն կողքին, կապերը երբեք չէր խզած Կիրակնօրեայ Դպրոցին հետ, որ իր ծառայական վաստակին շրջագիծէն ներս յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Ան Կիրակնօրեայ Դպրոցներուն տուած էր աշխատանքային յաճախակի այցելութիւններ, կատարած էր Նոր Տարուայ բովանդակալից բարոյախօսութիւններ, մեծ թիւով հայ մանուկներ ուղղելով դէպի այս աստուածահաճոյ հաստատութիւնը, մանաւանդ որ 1977-ին ընտրուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդի անդամ, եւ որպէս կազմին գոյքապահը՝ անընդմիջաբար ամբողջ 27 տարի բծախնդրութեամբ եւ մեծ նուիրումով անձնուիրաբար ծառայած էր՝ ի խնդիր Թեմի տարածքին Քրիստոնէական Դաստիարակութեան զարգացման եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու բարգաւաճման, որոնք այդ շրջանին նշանակալից վերելք արձանագրած էին, իր անսակարկ ծառայութեան համագումարը հասցնելով 50 տարիներու։
Հանգուցեալին համար Երջանկայիշատակ հայրապետներու սրբատառ կոնդակով հիմնուած Կիրակնօրեայ Դպրոցը կը հանդիսանար  քրիստոնէական դաստիարակութեան այն անմատոյց եւ անփոխարինելի բերդը, ուր մեր մանուկները կը ճանչնան աւետարանական ճշմարտութիւնները, հաղորդակից կը դառնան մեր բուրումնաւէտ աղօթքներուն ու շարականներուն, կը գիտակցին Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու մեր ազգային ինքնութեան, եւ մանաւանդ կը սորվին զիրար սիրել ու անմնացորդ նուիրումով ծառայել, կեանքի կոչելով աղօթասաց Վարդապետին  խօսքերը.
«Թող ըլլանք տուողներ առանց փոխարժէքը հաշուելու, ծառայողներ՝ առանց հանգիստ փնտռելու…»։
Հանգուցեալին ծառայական վաստակին մաս կը կազմէր նաեւ երկար տարիներու ծառայութիւնը՝  Կիլիկեան Կրթական Հաստատութեան Տիկնանց Յանձնախումբին մէջ, զօրակցելու եւ նեցուկ կանգնելու Կիլիկեան վարժարանին։
1989-ին անդամակցած էր Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին (ՍՕԽ), գործուն անդամ չէր եղած, սակայն մօտէն հետեւած եւ անվերապահօրէն քաջալերած էր կանացի այս հզօր կազմակերպութեան բոլոր գործունէութիւնները։
Առ ի գնահատանք իր բազմաբեղուն ծառայութիւններուն, մասնաւորապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու բնագաւառէն ներս, օրուան Թեմի Ազգային Վարչութեան որոշումով, եւ ձեռամբ օրուան Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, 10 Յունուար 2018-ին, պարգեւատրուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշանով։
Հանգուցեալ Նազելի Ազէզեան, իր կեանքին ամբողջ ընթացքին ականջալուր խղճի ձայնին, մերժեց չարն ու չարիքը, եւ իբրեւ ջերմեռանդ քրիստոնեայ, անզիջող հայրենասէր, աւանդապահ, բարի, ազնիւ ու կենսալից անձնաւորութիւն, ապրեցաւ ու գործեց համեստօրէն, խոնարհութեամբ, կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւեց վեհափառ լռութեամբ, համբերութեամբ, նոյնիսկ ժպիտով, «Շրջապատին Երջանկութիւն Սփռելով…», եւ Ազէզեան ընտանիքը երբ 18 Օգոստոս 2018-ին՝ խորագոյն դժբախտութիւնը ունեցաւ վաղահասօրէն կորսնցնելու իր երրորդ զաւակը՝ Գէորգը, մեծ կորուստն ու մեծ ցաւը թէեւ խնայուեցան հանգուցեալէն, սակայն մայրական սիրտը զգա՜ց եւ մղկտա՜ց՝ դարձեալ անխօս կերպով, լռութեամբ…։
Տիկին Նազելի Ազէզեան մահացաւ 24 Ապրիլ 2020-ին, իր ետին ձգելով հայ կնոջ եւ հայ մօր վայել պատկառելի աւանդ մը եւ ազգային ծառայութեան սքանչելի վաստակ մը։
Յիշատակը Անթառամ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու այս 
անզուգական նուիրեալին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։