«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանին, խմբակցութիւններու առաջադրութեամբ, մշտական յանձնաժողովների ղեկավար կազմը ընտրուած է: Գաղտնի քուէարկութեան համաձայն, պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Սէյրան Հայրապետեան (25 կողմ, 8 դէմ),
արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Վահրամ Բալայեան (30 կողմ, 3 դէմ),
Պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Սեւակ Աղաճանեան (25 կողմ, 8 դէմ),
Ընկերային եւ առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Արամ Գրիգորեան (30 կողմ, 3 դէմ),
Արտադրութեան եւ արտադրական ենթակառոյցներու հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Վլատիմիր Կասեան (25 կողմ, 7 դէմ),
Ֆինանսապիւտճէտային եւ տնտեսական կառավարման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Արթուր Յարութիւնեան (30 կողմ, 3 դէմ),
Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Արամ Յարութիւնեան (25 կողմ, 7 դէմ):

Վան Նովիկով