Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը 18 Մայիսին Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յղեց նամակ մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնեց 18-22 Մայիսին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն մօտ գերծանր զէնքերով, օդանաւերու, ուղղաթիռներու, զրահապատ մեքենաներու հետեւակ զօրքերու մասնակցութեամբ լայնածաւալ ռազմափորձերուն նկատմամբ։
Այս ռազմափորձերը կը վտանգեն տարածաշրջանի անվտանգութիւնը եւ տեղի կʼունենան այնպիսի պահու մը, երբ կարիքը կայ միացեալ քայլերով պայքարելու «ՔՈՎԻՏ-19»-ի համաճարակին դէմ, ինչպէս նաեւ կը հակասեն աշխարհի տարածքին զինադադար հաստատելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի կոչին։
Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ յարձակողապաշտ այս ուժի ցուցադրութիւնը։
Ի պատասխան մեր նամակին, Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ուղարկեց հետեւեալը. «Ներկայ հանգրուանին որեւէ թշնամական արարք մեծապէս ցաւալի է եւ կը յուսանք, որ անոնք կարելի եղած արագութեամբ շուտ կը դադրին։ Բրիտանիան զօրակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` ամենէն խոցելիները պաշտպանելու եւ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը համաճարակի դէմ պայքարին վրայ կեդրոնացնելու համար աշխարհի տարածքին զինադադար հաստատելու կոչին»։