Ուրբաթ, 22 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագայ մը եւս արձանագրուեցաւ, ուրիշ մըն ալ բուժուեցաւ։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ նախօրօք Քուէյթէն ժամանած Սուրիոյ քաղաքացիներէն պսակաձեւ ժահրով վարակուած մէկայլ պարագայ մը մահացաւ։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 59-ի, մահացածներունը՝ 4-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 37-ի։