Համարձակութիւնը բնաւորութեան լաւ գիծ մըն է, որովհետեւ համարձակութեամբ մարդ կրնայ կեանքին մէջ հասնիլ բարձր դիրքերու, անշուշտ եթէ հեռու մնայ չափազանցութենէն, որ կրնայ շատ վնասակար ըլլալ։
Արդեօք ինչպէ՞ս մարդ կրնայ համարձակ ըլլալ։
Համարձակ ըլլալու համար, նախ պէտք է ինքնավստահ ըլլալ, ապա՝ շրջապատին հետ հաշտ, որովհետեւ մարդուս շրջապատը մեծ դեր ունի։ Եթէ ընկերները անոր հետ հաշտ չըլլան ու անընդհատ ծաղրեն զայն կամ չվստահին անոր, այդ անձը պիտի ըլլայ ամչկոտ ու տխուր, լուռ պիտի մնայ եւ պիտի քաշուի որեւէ նիւթի մասին արտայայտուելէ, որպէսզի չենթարկուի շրջապատի ծաղրանքին։ Այս մէկը, անշուշտ, վատ երեւոյթ մըն է եւ կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մարդիկ կորսնցնեն իրենց ինքնավստահութիւնը ու չկարենան պաշտպանել իրենց արդար իրաւունքը։
Ես շատ ամչկոտ էի, սակայն երբ միացայ Թատերական Միաւորին եւ սկսայ թատերգութիւններու մասնակցիլ ու դասընթացքներու հետեւիլ, ամչկոտութենէն ձերբազատեցայ։ Կրնամ ըսել, որ նախասիրութիւններու հետեւիլը եւ լաւ շրջապատ գտնելը կրնան օգնել մեր ինքնավստահութիւնը զօրացնելու։ Հիմա ես համարձակ անձ մըն եմ եւ չեմ քաշուիր իրաւունքներս պաշտպանելէ։
Ալին Քիլէճեան

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան
Ժ. Կարգ