Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Ե. դարէն ի վեր: Տերունի այս տօնը հարուստ է ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ ժողովրդական ծէսերով:
Ժողովրդական աւանդոյթներուն համաձայն, Համբարձման տօնակատարութիւնները կ’ընթանային քանի մը օր շարունակ: Տօնի հիմնական սովորոյթներն էին ծաղկահաւաքը, վիճակաձգումը, ուխտագնացութիւնը, ծիսական ուտեստը: Պատահական չէ, որ Համբարձումէն բացի տօնը ունի նաեւ այլ անուանումներ, որոնք կապուած են ծիսական այս բաղադրիչներուն հետ, ինչպէս՝ Ծաղկաքաղի օր, Ծաղիկ գովել, Վիճակի օր, Ջան Կիւլումի օր, Ճակատագրի տօն, Ծաղկամօր տօն, Կաթ ուտելու օր, Կաթնապուրի տօն եւ այլն:
Տօնին «Վիճակ» անուանումը առնչուած է սուրբգրային դրուագի մը հետ, որուն համաձայն Յիսուսի Համբարձումէն ետք, առաքեալները եւ անոր հետեւորդները մատնիչ Յուդայի փոխարէն վիճակահանութեամբ կ’ընտրեն Մատաթիան՝ որպէս տասներկրորդ առաքեալ: Վիճակահանութիւն կը կատարուի նաեւ ժողովրդական ծիսակարգով, որուն գլխաւոր մասնակիցները աղջիկներ կ’ըլլան: Ըստ աւանդոյթի, աղջիկներուն խումբը Համբարձման նախորդող Չորեքշաբթուան վաղ առաւօտեան, մինչեւ արեգակին ծագիլը, անխօս կ’երթան դաշտեր, եօթ աղբիւրէ՝ եօթ բուռ ջուր, հոսող առուէն՝ եօթ քար, եօթ տեսակ ծառէ՝ եօթ տերեւ, եօթ տեսակ ծաղիկ կը հաւաքեն եւ կը լեցնեն փարչի մը մէջ:  Աղջիկները նաեւ մեծ փունջ մը կը կազմէին եւ կը դնէին կճուճի մէջ: Ծաղկահաւաքի ընթացքին տղոց խումբերը կը հետեւէին աղջիկներուն՝ փորձելով սրամիտ խօսքերով գրաւել աղջիկներուն ուշադրութիւնը եւ խախտել լռութիւնը: Սակայն աղջիկները պէտք է լուռ մնային, մինչեւ իրենց առաքելութեան աւարտը՝ վիճակի փարչին պատրաստութիւնը: Աստղերը երեւալուն պէս վիճակի կճուճը կը պահէին թուփերուն տակ, կամ կը պահէին աղջիկներէն մէկուն տան մէջ ու կը  հսկէին անոր, որպէսզի տղաքը չփախցնեն զայն: Հինգշաբթի՝ տօնին հիմնական օրը, աղջիկները երգելով կը շրջէին տունէ տուն, ծաղկեփունջեր եւ ջուր կը նուիրէին, իսկ տանտիկինները անոնց կու տային իւղ, հաւկիթ, այլ սննդամթերք եւ մէկական իր կը նետէին վիճակի փարչին մէջ: Աղջիկներուն նուիրած ջուրն ալ կը լեցնէին խնոցիներու մէջ՝ առատ կարագ ունենալու ակնկալիքով, իսկ նոյն ջուրը  հաւատքով կը սրսկէին հիւանդներուն վրայ՝ բուժման ակնկալիքով:
Կէսօրին կը սկսէր վիճակաձգութիւնը: Աղջիկներու ամենակրտսերին հարսի հագուստ կը հագցնէին: Ջան Կիւլումի երգէն ետք, անոր կը վիճակուէր խորհրդաւոր փարչին մէջէն հանել վիճակահանութեան իրը, որուն տիրոջն ալ կը վերագրուէր երգին ուղերձը՝ բարի բախտ կամ յաջողութիւն: Համբարձման տօնին բնորոշ այս արարողութիւնը շատ սիրուած է եւ սպասուած  բոլորին կողմէ: Ան միշտ ուղեկցուած կ’ըլլայ ուրախ երգերով ու կատակներով: Վիճակաձգութեան աւարտին Ծաղկամանը կը նուիրուէր եկեղեցւոյ:
Տօնը շարունակուած է նաեւ ուխտավայրերու մէջ: Ազգագրական աղբիւրները՝ ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, որ միջնադարէն մինչեւ մեր օրերը Համբարձման տօնին ժողովուրդը ուխտի կ’երթայ:
Ուխտաւորները Սուրբ Պատարագին մասնակցելէն եւ Տիրոջ հետ իրենց ուխտը նորոգելէն ետք Համբարձման կաթնապուրը կը ճաշակէին: Որոշ բնակավայրերու մէջ  Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթը խնայելու նպատակով կաթնամթերք չէին օգտագործեր: Համբարձման տօնին օրը ուխտավայրերու մէջ կաթնապուր կ’եփէին եւ որպէս մատաղ՝ եօթը տեղ կը բաժնէին զայն, որպէսզի կովերը առատ կաթ ունենային: Կաթնապուրը կը ցանէին արտերու շուրջ, որպէսզի հունձքը առատ ըլլար եւ չվնասուեր: Մարդիկ կը հաւատային, որ այն մարդը, որ առաջին անգամ կը ճաշակէր կաթնապուրը, տարուան բախտաւորը կը դառնար:
Ուխտավայրերուն մէջ իսկական տօնախմբութիւն տեղի կ’ունենար՝ երգ ու պարով, խաղով ու նուագով: Համբարձման ուխտագնացութիւնները եւ ծաղկահաւաքները լաւագոյն առիթ կը հանդիսանային երիտասարդներուն ծանօթութեան համար:
Տօնի կարեւոր մաս կը համարուէին նաեւ շնորհաւորական այցելութիւնները: Փոխադարձ այցելութիւններ կու տային յատկապէս նոր նշանուածներուն եւ նորապսակներուն ընտանիքները՝ նուէրներով եւ քաղցրեղէնով լի ափսէներ նուիրելով իրարու:
Դարերէ ի վեր պահպանուած Համբարձման տօնի այս աւանդոյթները առիթ թող հանդիսանան հոգեւոր մտորումներու, բարեկամական կապերու վերահաստատման եւ իրարօգնութեան՝ մշտապէս բնութեան բարիքները գնահատելով եւ աստուածատուր պարգեւներուն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելով: