ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ LINDORES ABBEY RAPID CHALLENGE-Ի ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Հայաստանի ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան պիտի մասնակցի 19 Մայիսէն 3 Յունիս կայանալիք արագ ճատրակի Lindores Abbey Rapid Challenge առցանց մրցաշարքին, որուն մրցանակային հիմնադրամը 150 հազար ամերիկեան տոլար է: Այս Magnus Carlsen Chess Tour-ի երկրորդ փուլն է։ Առաջին փուլը Magnus Carlsen Invitational-ն էր, որուն մաս չկազմեց Լեւոն Արոնեան։ Առաջին մրցաշարքի եզրափակիչին աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մագնուս Կարլսեն յաղթեց ամերիկացի Հիկարու Նակամուրային։ Երկրորդ մրցաշարքը անհատական է։ Լեւոն Արոնեանի հետ պայքարին կը մասնակցին Մագնուս Կարլսեն, չինացիներ՝ Դին Լիրեն, Եի Վէյ, Իւ Եանջի, Ռուսիայէն Ալեքսանտր Գրիշչուկ, Սէրկէյ Կարյակին եւ Տանիէլ Տուփովը, ամերիկացիներ Ուեսլի Սոն եւ Հիկարու Նակամուրա, իրանցի Ալիռեզա Ֆիրուջա, լեհ Յան-Կշիշտոֆ Թութա։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԿԷՏԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱՒ
Սպանիայի ֆութպոլի Դաշնութեան նախագահ Լուիս Ռուպիալեսն ու Լա Լիկայի նախագահ Խաֆիյէր Տեպաս համաձայնութեան հասան պսակաձեւ ժահրի համաճարակի հետեւանքով դադրած Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցումներու վերսկսելու ժամկէտին շուրջ: Մրցաշրջանը պիտի վերսկսի Յունիսին, որուն մրցումները տեղի պիտի ունենայ ամէն օր եւ իւրաքանչիւր խումբ հանգիստ պիտի ընէ միայն 72 ժամ: Այս մանրամասնութիւնները արձանագրեց սպանական AS-ը: Տաքէն պաշտպանուելու համար հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Սպանիոյ ժամով 23:00-ին: Առաջնութիւնը պէտք է աւարտի 29 Յուլիսին, որովհետեւ UEFA-ն մտադիր է 2 Օգոստոսին վերսկսիլ եւրոպական բաժակի մրցաշարքերը:
UEFA-Ն ԹԵԼԱԴՐԵՑ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵԼ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ
UEFA- ի նախագահ Ալեքսանտր Չիվրին յայտարարեց թէ Եւրոպայի երկիրներու ներքին ախոյեանութիւնները աւարտելու վերջին պայմանաժամն է 1 Օգոստոս: Պատկերասփիւռային կայանի մը հետ հանդիպումի ընթացքին Չիվրին ըսաւ. «Եթէ ներկայ պայմանները շարունակուին, մենք պարտաւոր ենք բոլոր ախոյեանական մրցումները աւարտել մինչեւ Օգոստոս, որմէ ետք տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ»ի եւ «Իւրոփա Լիկ»ի մրցումները»: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր դաշնութեան հայեցողութեան կը մնայ ախոյեանութիւնը վերսկսելու որոշումը, բայց իր պատասխանատութեան վրայ է Եւրոպայի ախոյեանական մրցումներու մասնակից ակումբները որոշելը: Նշենք որ Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի դաշնութիւնները դադրած համարեցին իրենց երկիրներու մրցաշարքերը պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով:
25 ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱՆԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂ ԵՐԿԻՐԸ
Միջազգային Ֆութպոլի Դաշնութիւնը յայտարարեց, որ 25 Յունիսին պիտի ընտրուի համաշխարհային կանանց ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրը: ՖԻՖԱ-ն շրջաբերականին մէջ անդրարադձաւ, թէ 25 Յունիսին առցանց միջոցով տեղի պիտի ունենայ միջազգային ֆութպոլի գերագոյն նիստը, որուն աւարտին պիտի յայտարարուի հիւրընկալ երկիրը. Սոյն մրցաշարքին թեկնածուներն են Պրազիլը, Քոլոմպիան, եւ Ճափոնը, ինչպէս նաեւ միացեալ առաջարկ մը հասած է Աւստրալիայէն եւ Նիւզելանտայէն: Աւելցնենք, որ 2023-ի ախոյեանութեան մաս պիտի կազմեն 32 երկիրներու կանանց հաւաքականները: Նախապէս կը մասնակցէին միայն 24 հաւաքականներ:
ՖԻՈՐԵՆԹԻՆԱ ԽՈՒՄԲԷՆ ԵՐԵՔ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐ ՎԱՐԱԿՈՒԵՑԱՆ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ
Իտալիոյ ֆիորենթինա ակումբը իր կայքին միջոցաւ յայտարարեց, որ ֆութպոլի խումբէն երեք խաղացողներ վարակուած են պսակաձեւ ժահրով: Տեղեկութիւններուն մէջ յիշուեցաւ, որ խաղացողներուն մէջ է ուրուկուէյցի խաղացող Մարթէն Քասերսը, որ նախապէս մաս կազմած է Ժիւվէնթուս եւ Պարսէլոնա խումբերուն: Քասէրսը 14 օր պիտի մնայ անջատ հսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ մաս պիտի չկազմէ խումբի ուսումնամարզական հաւաքին: Յայտնենք, որ Իտալիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը հասաւ 78457-ի:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան
Ռաֆֆի Սիւլահեան