1.Օրական-օրեկան, ամսական-ամսեկանտարեկան

Արեւմտահայերէնը անցնող հարիւրամեակին շատ օգտուած է արեւելահայերէնի բառապաշարէն, յատկապաէս նորարարութեանց տեսակէտէ, եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլար: Սակայն արեւելահայերէնը  փորձանքներ ալ բերած է մեր գլխուն մասնաւորաբար իր ռուսաբանութիւններով,  ինչպէս նաեւ  կարգ մը մերժելի ոճերով ու կառոյցներով, որոնք ռամիկէն կ’անցնին գրաւոր  լեզուին ու անկէ ալ կ’արտածուին սփիւռք, ուր միշտ հիւրընկալ գիրկեր կը գտնեն անոնք: Այսպիսիներէն են՝ օրեկան եւ ամսեկան կոչուածները:

Ճիշդ ձեւերը անշուշտ օրական եւ ամսական են:

Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս բուսան այս մերժելի ձեւերը:

Օրեկան եւ ամսեկան ըսողները գիտակցաբար կամ ենթագիտակցաբար կ’ազդուին տարեկան  բառէն:

Ի՞նչ կ’ըսէ օրէնքը:

Օր եւ ամիս բառերը իրենց յաջորդող արմատին կամ ածանցին կը միանան «ա» ձայնաւորով, որ հայերէնի ընդհանրական յօդակապն է, որով կը կազմուին բազմահազար  ածանցաւոր ու բարդ բառեր.  այսպէս՝

օր+ա+կան=օրական

ամիս+ա+կան=ամսական

Ասոնց օրինակով՝ օրապահիկ, օրագրութիւն, օրաթերթ,  օրակարգ, ամսագլուխ, ամսաթոշակ, ամսավարձ, ամսավերջ, ամսավճար…:

Տարի բառը ունի աառանձնայատկութիւն մը. ան կը պատկանի բառերու այն խումբին, որոնք կը վերջանան  «ի» ձայնաւորով: Արդ, այս ձայնաւորը հանդիպելով,   ա    յօդակապին, կը ձուլուի անոր հետ ու այդ ձուլումէն կը յաառաջանայ  «ե» ձայնաւորը. ահա այսպէս՝

տարի+ա+կան=տարեկան  (ի+ա>ե)

Այս նոյն ձուլումը տեղի կ’ունենայ, ուրեմն, ամէն անգամ որ բարդ բառին առաջին արմատը կը վերջանայ ի-ով.  օրինակ՝ այգի+ա+պան=այգեպան, ապակի+ա+գործ=ապակեգործ, դափնի+ա+պսակ=դափնեպսակ, ոսկի+ա+գոյն =ոսկեգոյն, որդի+ա+կորոյս=որդեկորոյս, ուղի+ա+ծիր=ուղեծիր  եւ այլն:

Ուրեմն լա՛ւ հասկնանք. այս վերջիններուն մէջ երեւցող ե ձայնաւորը անկախ յօդակապ  մը չէ, այլ ի ձայնաւորին եւ ա յօդակապին գումարն է, ձուլումն է:

 

  1. Պէտք է գիտնալ, սակայն, որ հայերէնը ունի «ե» լիարժէք  յօդակապ մըն ալ,   որ հանդէս կու գայ   քանի մը արմատներու հետ. այսպէս՝

այց.–               այցետոմս

արժ.–             արժեգին, արժեթուղթ, արժեչափ

բաժին.–         բաժնեգին, բաժնեթուղթ, բաժնեմաս, բաժնետոմս

դպիր.–           դպրեվանք

խաբ.–             խաբեբայ

ծաղիկ.–         ծաղկեպսակ, ծաղկեփունջ

հաշիւ.–          հաշուեյարդար, հաշուենկատ, հաշուեցոյց

քար.–             քարետախտակ

Ասոնցմէ ոմանք կրնան «ա» յօդակապով ալ հանդէս գալ. օրինակ՝ այցագին, այցավճար, դպրատուն, դպրանոց, ծաղկամշակ, ծաղկաքաղ, ծաղկակաղամբ,  հաշուակալ, հաշուապահ, հաշուատետր, քարակոփ, քարահանք եւ այլն:

Ա եւ ե յօդակապերու թուական համեմատութիւնը կը թելադրէ, որ շփոթելի պարագաները կազմենք միշտ «ա» յօդակապով. օրինակ՝ այցագիր (visa) բառը նոր ստեղծուած է, եւ այսպէս ալ պէտք է գրել զայն, սակայն ցաւալի է տեսնել, որ ոմանք կը գրեն այցեգիր:

Արծիւ բառը անցեալին արծուի էր եւ առ այդ կու տար արծուեբոյն, արծուեբիբ, արծուեքիթ, քանի ներկայիս արծիւ է բառս, ուրեմն պարտինք գրել արծուաբոյն, արծուաբիբ, արծուաքիթ:

 

  1. Ունինք վերջապէս բառերու խումբ մը, որոնք մնայուն շփոթի առարկայ են:

Գրել                                                   Չգրել

գլխաբաց                                           գլխեբաց

դարավերջ                                        դարեվերջ

դարաւոր (դար+ա+ւոր)                  դարեւոր

թաղակից                                          թաղեկից

միջնամատ (միջին+ա+մատ)         միջնեմատ

ջլապինդ                                            ջլեպինդ

ջլաբաց                                              ջլեբաց

պոլսաբնակ                                      պոլսեբնակ

 

*    *    *

1.Գլխեբաց.– Դ. Վարուժան, «Հունձք կը ժողվեմ»: 2. Դարեվերջ.–Ռաֆֆի «Խենթը»: 3. Դարեւոր.– Ռ. Պատկանեան, «Արաքսի արտասուքը»,  եւ Գրիգոր  Զոհրապ, «Ոչ-կաթողիկէ»: 4. Թաղեցի կազմուած է թաղ եւ եցի  բաղադրիներով:  5. Ջլեբաց.– Դ. Վարուժան, «Ո՜ Տալիդա» (Եւ ինչ փոյթ որ դուն աղջիկ մ’ես  ջլեբաց, որ բանուորներ կ’ընդունի): 6. Պոլսեբնակ.–Վահան  Թեքէեան, «Կեսարիա»: