«Էրմէնի Հապեր».-Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը (ԱԳՆ) արձագանգած է Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարող բանաձեւի ընդունման:
Նախարարութեան տարածած գրաւոր յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները խզուած էին 2017-ին, երբ Չեխիոյ խորհրդարանը ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ Ծերակոյտի նոր բանաձեւը ցոյց կու տայ, որ Չեխիոյ մէջ առ այսօր նոյն տրամադրութիւնները կ’իշխեն:
Յղում կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճքպ Թայիպ Էրտողանին եւ ընդհանրապէս թրքական կողմին` տարբեր առիթներով պարբերաբար հնչող «ընդհանուր ցաւի» գաղափարին եւ կոչ ուղղուած պատմական իրողութիւնները դիտարկել թրքական տեսանկիւնէն:
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն յայտարարած է, որ Չեխիոյ Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը Թուրքիոյ համար «առ ոչինչ» է եւ իրականութեան մէջ Չեխիոյ կառավարութեան դիրքորոշումը չ’արտացոլեր: