«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ մինչ Ատրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենային լայնածաւալ եւ յարձակողական բնոյթի զինուորական փորձեր, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի 21 Մայիսին յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն Արցախի ականազերծման աջակցութիւնը պիտի կասեցնէ, անոր փոխարէն շեշտը դնելու համար ժողովուրդը խաղաղութեան պատրաստելու ջանքերուն վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Էլիզապէթ Ջուլճեան յոյժ մտահոգիչ համարեց այս քայլը, որուն դէմ իրենց կեցուածքը յստակօրէն արտայայտած են առաւել քան 100 քոնկրեսականներ՝ ընդառաջելով Հայ Դատի եւ ամերիկահայութեան հազարաւոր դիմումներուն։
Ան աւելցուց, որ Արցախին կը զլացուի 1,5 միլիոն տոլար գումարը, մինչ կառավարութեան կողմէ վերջին երկու տարիներուն Ատրպէյճանի նման բռնատիրական երկրի մը աւելի քան 100 միլիոն տոլարի զինուորական աջակցութիւն կը տրամադրուի եւ ոչ մէկ քայլ կ՚առնուի այդ երկրին ժողովուրդը խաղաղութեան նախապատարաստելու համար։