Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան «Վերջին Զանգ»ին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է շրջանաւարտներուն:
Ուղերձին մէջ յիշուած է.
«Սիրելի ՛ շրջանաւարտներ,
Աշխարհին պատուհասած համավարակը, ցաւօք, այս տարի բոլորս զրկած է «Վերջին Զանգ»ի տօնական միջոցառման կազմակերպումէն: Համոզուած եմ, սակայն, որ իրավիճակին հետեւանքով յառաջացած հիասթափութիւնը որեւէ ձեւով պիտի չխանգարէ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր նպատակներուն հասնելու համար անհրաժեշտ ջանքեր գործադրէ: Մի՛ մոռնաք, որ որեւէ ճգնաժամ կարելիութիւն է նաեւ:
Դպրոցը աւարտելէն ետք ձեր կեանքին մէջ կը սկսի շատ կարեւոր փուլ մը, ուր որակի ու արդիւնաւէտութեան աստիճանները կրկին գիտելիքներու մակարդակն ու ցուցաբերած հմտութիւնները պիտի ըլլան: Ուստի, ինչ մասնագիտութիւն ալ ընտրէք, միշտ յիշեցէ՛ք, որ ձեր ոլորտին մէջ պէտք է առաջատար ըլլաք:
Մեր նախընտրական խոստման համաձայն,1Սեպտեմբերէն Արցախի մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը կը դառնայ անվճար: Սակայն մէկ անգամ եւս կը հաստատեմ, որ կրթութեան որակի նկատմամբ խիստ պիտի ըլլան նաեւ պետութեան պահանջները: Հետեւաբար, սորվելու եւ տեւաբար կատարելագործուելու ցանկութիւնը թող երբեք չլքէ ձեզ:
Սիրելի՛ շրջանաւարտներ,
«Վերջին Զանգ» ին առիթով կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ ձեր ուսուցիչները` մաղթելով, որ իրականանան ձեր բոլոր երազանքներն ու մտայղացումները` յանուն ձեր անհատական եւ բոլորիս հաւաքական յաջողութիւններուն: Բարի՜ երթ»: