Շաբաթ, 23 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քուէյթէն ժամանող սուրիացի քաղաքացիներէն պսակաձեւ ժահրով վարակուած 11 նոր պարագաներ արձանագրուեցան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 70-ի, մահացածներունը մնաց՝ 4, իսկ բուժուածներունը՝ 37։