Կիրակի, 24 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն, Քուէյթէն, Սուտանէն եւ Ռուսիայէն Սուրիա ժամանած սուրիացի քաղաքացիներէն պսակաձեւ ժահրով վարակուած 16 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, իսկ 4 այլ պարագաներ բուժուեցան։
Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը ներկայ տուեալներով հասաւ 86-ի, մահացածներունը մնաց 4, իսկ բուժուածներունը՝ 41։