18-էն 22 Մայիսին ատրպէյճանական բանակը Նախիջեւանի մէջ կատարեց լայնածաւալ մարտավարական-զինուորական վարժութիւններ, որոնք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հաստատուած ծրագիրով իրականացան:
Վարժութիւններուն կը մասնակցէին մօտաւորապէս 10 հազար զինուորական ծառայող, շուրջ 120 հրասայլով եւ զրահապատ մեքենաներով, 200 հրթիռային համակարգով, ականանետերով եւ անօդաչու թռչող սարքերով: ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատուները եւ ԱՄՆ քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալօն երկու առանձին նամակ յղած են ԱՄՆ վարչակազմին եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող լայնածաւալ զինուորական վարժութիւններուն վտանգներուն անդրադառնալով: Անոնք նամակներով կոչ ուղղած են ԱՄՆ վարչակազմին եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակային ձեւով դատապարտելու Ատրպէյճանի մէջ կատարուող զինուորական վարժութիւնները: Ֆրանք Փալօն եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատուները պետքարտուղար Փոմփէոյին եւ պաշտպանութեան նախարար Էսփերին հասցէագրուած նամակներով նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանի անվտանգութեան ոլորտին 100 մլն․ տոլար օժանդակութիւն տրամադրուելուն համար:

ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատուներու եւ Ֆրանք Փալօնի նամակներուն, ամերիկեան վարչակազմի նախատեսուող արձագանգին, Նախիջեւանի մէջ կատարուող վարժութիւններուն եւ հայկական կողմին արձագանգին մասին Armenia Today-ը զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանի հետ:

-Ֆրանք Փալօ եւ Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ վարչակազմին Ատրպէյճանի զինուորական վարժութիւնները դատապարտելու կոչ ուղղած են: Պարոն Մանոյեան, ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք ամերիկեան կողմէն, արդեօք համարժէք արձագանգ պիտի ըլլա՞յ:

-Ատրպէյճանի մէջ կատարուող ատրպէյճանական զինուորական վարժութիւնները իրենց աւարտին հասան, սակայն կարեւոր էր արձանագրել, որ Ատրպէյճան մեծ խախտում կատարած է, որուն մասին նամակով իրազեկած ենք: Չեմ կարծեր, որ ամերիկեան իշխանութիւնները յայտարարութեամբ հանդէս գան, ընդհակառակը` մենք տեսանք, որ Հայաստանի ԱՄՆ-ի դեսպանը հակառակ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ` արձանագրելով, որ Արցախին տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութեան դէմ է ԱՄՆ կառավարութիւնը եւ իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու վրայ: Մէկ կողմէն կը տեսնենք Ատրպէյճանի կողմէ զինուորական գործողութիւն, իսկ միւս կողմէ ԱՄՆ կը խօսի ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու մասին: Սա ի՞նչ կը նշանակէ` չեմ կրնար ըսել,եթէ ժողովուրդ մը չի կրնար անվտանգ ապրիլ իր հայրենիքին մէջ, ի՞նչ խաղաղութեան մասին է խօսքը:

-Ֆրանք Փալօն եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատուները պետքարտուղար Փոմփէոյին եւ պաշտպանութեան նախարար Էսփերին հասցէագրուած նամակին մէջ մտահոգութիւն յայտնած են նաեւ ԱՄն-ի կողմէ Ատրպէյճանի անվտանգութեան ոլորտին 100 մլն․ տոլար օգնութիւն տրամադրուելուն գծով: Ին՞չ կը կարծէք, քոնկրէսի հայկական հարցերով հետաքրքրուող ծերակուտականներն ու Հայ Դատի Յանձնախումբը կրնա՞ն յառաջիկային ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին տրուող տնտեսական օգնութեան վերանայումը ապահովել:

-Դժբախտաբար այս հարցով լաւատես չեմ կրնար ըլլալ․ ինչ-որ առումով մեր յոյսը քոնկրէսն է, որ պէտք է փորձէ կասեցնել ԱՄՆ-ի վարչակազմին այդ քայլերը, միեւնոյն ժամանակ ամերիկեան վարչակազմը պէտք է հիմնաւորէ, որ այդ օժանդակութիւնը ուղղուած է Կասպից ծովի մէջ Ատրպէյճանի անվտանգութեան ապահովման, սակայն անիմաստ հիմնաւորում է այդ նաեւ․ եթէ Կասպից ծովէն անվտանգութեան սպառնալիք ըլլայ Ատրպէյճանին ուղղուած, Ատրպէյճան պիտի պաշտպանուի իր միջոցներով, իսկ ԱՄՆ-էն տրամադրուող 100 մլն․ տոլարը Ատրպէյճան այլ տեղ պիտի օգտագործէ: Այս պայմաններուն մէջ կրնանք ըսել, որ Միացեալ Նահագներ կ’աջակցի Ատրպէյճանին Արցախի հարցով աւելի զինուորական քայլերու դիմելու համար:

– Ատրպէյճան անընդհատ կը մեծցնէ զինուորական վաժութիւններու ծաւալը, առանց նախապէս իրազեկած պահելու որոշ կողմեր այդ վարժութիւններուն: Այս մէկը ի՞նչ կը վկայէ, որո՞ւ ուղղուած է այս քայլը:

-Ատրպէյճանի վարժութիւնները, որոնք կ’իրականացուին ե՛ւ արցախեան ճակատին, ե՛ւ ՀՀ արեւելեան սամանագիծին, ե՛ւ Նախիջեւանի մէջ նախ եւ առաջ հայկական կողմին վախցնելու փորձեր են: Յատկանշական է, որ միջազգային որոշ կեդրոններու ուշադրութիւնը գրաւեց Նախիջեւանի մէջ թրքական արտադրութեան հրթիռներ տեղակայուած ըլլալը, ինչ որ ուղղակի սպառնալիք է Երեւանին: Ես կը կարծեմ, որ մեր զինեակ ուժերը, պաշտպանութեան բանակը պատրաստ են դիմակայելու որեւէ փորձի: Կը կարծեմ նաեւ, որ Ատրպէյճան կը հասկնայ, որ որեւէ զինուորական գործողութիւն, որ կ’իրականացուի Հայաստանի ու Արցախի դէմ, շատ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ ոչ միայն իր, այլեւ` ամբողջ տարածաշրջանին համար: Այս հարցին մէջ անհասկնալի է միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը եւս, որովհետեւ եթէ տարածաշրջանային հարց պիտի ծագի եւ վստահ ենք որ պիտի ծագի, պիտի վնասէ բոլորին շահերուն, ուստի անտարբեր ըլլալ կը նշանակէ ձեւով մը խրախուսել, իմաստով մը մեղսակից դառնալ Ատրպէյճանի քայլերուն:

-Դիւանագիտական հարթակներու վրայ հայկական կողմը Ատրպէյճանի այս գործելակերպին ինչպէ՞ս պէտք է արձագանգէ:

-Մենք կը կարծենք, որ դիւանագիտական ասպարէզի մէջ շփումները պէտք է ընդլայնին եւ ներկայացուին այն խնդիրներն ու վտանգները, զորս Ատրպէյճանի քայլերուն մէջ կը յայտնուին։ Անհրաժեշտ է դիւանագիտական ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի ե՛ւ Ատրպէյճանը, ե՛ւ աշխարհը հասկնան, որ այսպէս չի կրնար շարունակուիլ: Մեկնելով այն յայտարարութենէն, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ըրաւ` ի պատասխան ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութեան, որ կը դատապարտէր այս վարժութիւնները` մենք կը շարունակենք պնդել, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն միջեւ պէտք է ստորագրուի ռազմաքաղաքական գործակցութեան պայմանագիր, որ իրաւական հիմք կու տայ Հայաստանի բոլոր քայլերուն։ Հայաստան պէտք է ուղղակիօրէն աջակցի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման: Այս քայլերը ՀՀ պէտք է իրականացնէ` ի պատասխան Ատրպէյճանի զինուորական քայլերուն: