«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը իսլամական Ֆըթըր սրբազան տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է:

«Մեր ջերմ ողջոյնները կը փոխանցենք իսլամ մեր բոլոր բարեկամներուն ու գործընկերներուն  Ֆըթըրի  տօնին առիթով: Թող այս սուրբ տօնը խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն բերէ ձեր ընտանիքներուն եւ բարեկամ ազգերուն», ըսուած է ուղերձին մէջ: