«Ապառաժ».-25 Մայիսին ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս հանդիպում ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ:

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերուն եւ 2020թ. նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած թեկնածուներուն հետ ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահի հանդիպումներուն նպատակը հանրապետութեան նախագահին` համերաշխութեան ու հանդուրժողականութեան ուղերձով, քաղաքական ուժերու եւ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած թեկնածուներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւններուն մշակումն է:
Շնորհաւորելով Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուելու առիթը` ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ողջունած է նոր կարգավիճակով Արթուր Թովմասեանի այցելութիւնը ՀՅԴ գրասենեակ եւ յոյս յայտնած է, որ բարձր մակարդակի գործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: Դաւիթ Իշխանեան կարեւոր համարած է հանդիպումներու նախաձեռնութիւնը եւ համոզմունք յայտնած, որ ան կարելիութիւն կու տայ անդրադառնալու առկայ հիմնահարցերուն:
Արթուր Թովմասեան իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ Արցախի դատը Հայ Դատի բաղկացուցիչ մասն է եւ այդ առումով ՀՅԴ-ի հետ որեւէ տարաձայնութիւն չի կրնար ըլլալ: ԱՀ ԱԺ նորընտիր նախագահը տեղեկացուցած է, որ մինչեւ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան հիմնադրումը, ՀՅԴ համակիրը եղած է եւ բոլոր համապետական ընտրութիւններուն քուէարկած է ՀՅԴ-ին:
«ՀՅԴ-ի հետ ունեցած յարաբերութիւնները աւելի ամուր հիմքերու վրայ պիտի դնեմ, որովհետեւ շատ կարեւոր կը համարեմ ՀՅԴ-ի դերը հայապահպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի մէջ պահելու առումով: Եւ իմ առաջարկած օրակարգս տարբերութիւն չունի ՀՅԴ օրակարգէն», յայտնած է Արթուր Թովմասեան` ներկայացնելով ներքին համերաշխութեան ուղղուած ԱՀ նախագահի մտադրութիւնը:
ԱՀ ԱԺ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Արցախի հիմնահարցի լուծման օգտին ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներուն ծաւալած աշխատանքներուն եւ յոյս յայտնած է, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ Արցախի ճանաչման ու զարգացման ուղղուած իր ծրագիրները: Արթուր Թովմասեանի խօսքին համաձայն` ՀՅԴ-ն ահռելի փորձ ունի այդ առումով: Անոր կարծիքով, որպէս կայացած կուսակցութիւն, ՀՅԴ-ի փորձը կրնայ օրինակելի ըլլալ Արցախի մէջ գործող միւս կուսակցութիւններուն համար:
Դաւիթ Իշխանեան պատահական չի համարեր այն հանգամանքը, որ նորընտիր Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը կը գլխաւորէ ՀՅԴ անդամ Վահրամ Բալայեան: Ան համոզուած է, որ այսպիսով երկիրը կը շահի, խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը: Դաւիթ Իշխանեան շեշտած է, որ Արցախը եւ ՀՅԴ բնական դաշնակիցներ են եւ բոլոր յաջողութիւններն ու անյաջողութիւնները նաեւ ՀՅԴ-ինն են:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչը կարեւոր համարած է Սահմանադրական բարեփոխումներու եւ կառավարման համակարգով խորհրդարանի դերի բարձրացման հարցը:
Արթուր Թովմասեան հաստատած է , որ ինքը միշտ կողմ եղած է երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգին: Ան հաւաստիացուցած է, որ որպէս Ազգային Ժողովի նախագահ յառաջիկային ամէն ինչ պիտի ընէ պետական համակարգին մէջ որպէս անկախ մարմին Ազգային Ժողովի դերի բարձրացման համար:

Տ. Աղաջանեան