Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Սուտանէն եւ Ռուսիայէն Սուրիա ժամանած սուրիացի քաղաքացիներէն պսակաձեւ ժահրով վարակուած 15 նոր պարագաներ արձանագրուեցան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 121-ի, մահացածներունը՝ 4-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 41-ի։