ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշեց Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2020-էն սկսեալ ամբողջովին չեղեալ համարել երեկոյեան ժամերէն սկսեալ սահմանուած շրջագայութեան արգելքը, ինչպէս նաեւ արտօնել նահանգներու միջեւ մշտական երթեւեկութիւնը (անհատական թէ հանրային փոխադրակառքերով), իսկ ամրան ողջ ընթացքին վաճառատուներուն եւ գործատեղիներուն աշխատանքը արտօնել առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։