«Արմէնփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 26 Մայիսին ընդունած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեանը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են միջազգային կառոյցներուն մէջ արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի օրէնսդրական դաշտին մէջ փոփոխութիւններուն եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի տարեկան հաղորդման առնչուող հարցեր:
Երկուստէք կարեւոր համարած են Ազգային Ժողովի արտաքին կապերու ընդլայնումը եւ օրէնսդիր-մարդու իրաւունքներու պաշտպան գործակցութիւնը: