27 Մայիսին`Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին տեղի կ’ունենայ առցանց տօնակատարութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան 102-ամեակի առիթով:
Հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ տեղի կ’ունենայ համերգային ծրագիր. կը մասնակցին Ռազմիկ Ամեանը, Սեւակ Ամրոյեանը, Յարութ Փամպուքճեանը, Վարդան Պատալեանը, Թաթա Սիմոնեանը, Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններն ու շատ այլ յայտնի ու սիրուած դէմքեր:
Համերգային ծրագիրին ուղիղ սփռումով կրնաք հետեւիլ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանին, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին եւ YerkirMedia.am կայքին միջոցով: