«Ասպարէզ».-Հակառակ անցնող Դեկտեմբերին Բանտարկեալներու Ազատ Արձակման Խորհուրդին Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու որոշումին, Երեքշաբթի, 26 Մայիսին, նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, մերժելով խորհուրդին որոշումը, արգիլեց Սասունեանի ազատ արձակումը:
Իր որոշումին երկարապատում բացատրութեան մէջ, Նիւսըմ, ընդունելով մէկտեղ, որ անցնող տասնամեակներուն Սասունեան լուրջ քայլեր առած է վերականգնելու համար իր վարքը, յայտնած է թէ տակաւին չի հաւատար, որ Սասունեան պատրաստ է ազատ արձակուելու:
«Կը գնահատեմ Սասունեանը՝ բանտին մէջ իր վարքը բարելաւելու առումով թափած ճիգերուն համար, բայց գոյութիւն ունին աւելի ծանրակշիռ ժխտական հանգամանքներ, որոնք Սասունեանը անատակ կը դարձնեն ազատ արձակուելու», կ’ըսուի Երեքշաբթի օր «Ասպարէզ»ին ձեռք բերած Նիւսըմի նամակին մէջ:
«Իմ համազումը այն է, որ Սասունեան տակաւին չէ կրցած բաւարար ժամանակի վրայ ապացուցել անհրաժեշտ հմտութիւններու եւ ատակութեան իւրացումը: Մասնաւորաբար մտահոգուած եմ այն բանով, որ Սասունեան շարունակաբար կը թերագնահատէ իրմէ պահանջուած աչալրջութիւնը, ներկայիս եւ ապագային՝ հետեւողականօրէն գործելու օրէնքի պահպանման եւ նոյնիսկ անուղղակիօրէն բռնութիւն հրահրելէ խուսափելու վարքագիծով», նամակին մէջ կ՛աւելցնէ Նիւսըմ:
Նիւսըմ կ՛եզրափակէ իր որոշումը ըսելով «Քննելէ եւ նկատի ունենալէ ետք արձանագրուած փաստերը, համոզուած եմ որ Սասունեան յաւելեալ աշխատանք պէտք է տանի ապահով ձեւով ազատ արձակուելէ առաջ, հետեւաբար, կը գտնեմ, որ ան տակաւին վտանգ կը հանդիսանայ հասարակութեան, եթէ ազատ արձակուի եւ կը բեկանեմ խորհուրդին որոշումը՝ ազատ արձակելու Սասունեանը»:
«Մեծապէս յուսախաբ ենք նահանգապետ Նիւսըմի որոշումէն՝ մերժելու Ազատ արձակման խոհուրդի յանձնարարութիւնը եւ ընտրելու մերժումը Համբիկ Սասունեանի ազատութեան, որուն արժանի է ան», նահանգապետին որոշումին հրապարակումէն անմիջապէս ետք «Ասպարէզ»ին ըսաւ Համբիկ Սասունեանի պաշտպան յանձանխումբին խօսնակը:
«Բանտին մէջ անցուցած տասնամեակներուն ընթացքին, Համբիկ առած է բոլոր ակնկալուող քայլերը իր վարքը վերականգնելու համար եւ դարձած օրինակելի բանտարկեալ մը, փաստ մը, որ նոյնիսկ նահանգապետ Նիւսըմ ընդունած է իր որոշումին մէջ: Կը յուսանք, որ նախորդ անգամներուն նման նահանգապետը տեղի տուած չէ թրքական կառավարութեան ճնշումներուն՝ Սպիտակ տունը ծառայեցնելով իր նպատակներուն» աւելցուց Սասունեանի պաշտպան յանձնախումբի խօսնակը:
«Մտահոգ ենք, որ աւելի շատ կարեւորութիւն տրուած է անարդարանալի պատճառաբանութիւններու, քան՝ նահանգապետին վարկանիշին՝ մարդկային իրաւունքներու գծով իրմէ ակնկալուած փորձառութիւնը հիմք ունենալով», ըսաւ խօսնակը՝ աւելցնելով, որ յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները եւ Սասունեանի ազատ արձակման համար պիտի փնտռէ այլ ճանապարհներ:
Յայտնենք որ Համբիկ Սասունեան 2016-ին եւս ստացած էր ազատ արձակման յանձնարարական մը, որ սակայն մերժուեցաւ այդ ժամանակուան նահանգապետ Ճերի Պրաունի կողմէ: Պրաուն օրին յիշած էր Սասունեանի ազատ արձակման դէմ գրուած նամակները, զորս ստացած էր արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընէն եւ ընդհանուր դատախազ Ճեֆ Սեշընէն:
Աւելցնենք, որ Սասունեան ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր 1984-ին, մեղադրուելէ ետք երկու տարի առաջ՝ 1982-ին, Լոս Անճելըսի մէջ թուրք հիւպատոս Քեմալ Արիքանը սպանելու յանցանքով: 2002-ին, դաշնակցային դատարանը, վերաքննելով բանտարկութեան պարագան՝ ազատ արձակուելու դիմումի կարելիութիւնը ընձեռած էր Սասունեանին, նուազագոյնը 25 տարուան բանտարկութենէ ետք: Սասունեան դարձեալ ազատ արձակուելու դիմումի իրաւունք կը ստանայ 18 ամիս ետք: