Ամերիկեան «Ուոլտ Միթըրզ» հարցախուզական կայքին համաձայն, աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրին համավարակին հետեւանքով ցարդ մահացած է 352.460 մարդ, վարակուած՝ 5.698.097 մարդ:
Հայաստանի մէջ 26 Մայիսի դրութեամբ արձանագրուեցաւ վարակման 289 նոր պարագայ՝ այսպիսով հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 7402-ի:
Ապաքինածներուն թիւը բարձրացաւ 3.220-ի, իսկ մահացածներունը՝ 91-ի:
Ռուսիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը, պետական աղբիւրներու համաձայն, հասաւ 370.680-ի, մահացածներունը՝ 3.968-ի:
Գերմանիոյ մէջ Ռոպէրթ Քոխի անուան վարակիչ հիւանդութիւն- ներու ուսումնարանին տուեալներով վարակուածներուն թիւը հասաւ 179.364-ի, մահացածներունը՝ 8.349-ի:
Միւս կողմէ, Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Սուտանէն եւ Ռուսիայէն Սուրիա ժամանած սուրիացի քաղաքացիներէն պսակաձեւ ժահրով վարակուած 15 նոր պարագաներ արձանագրուեցան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 121-ի, մահացածներունը՝ 4-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 41-ի։