Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2020-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, ըստ որուն նախարարութիւնը ապօրինի սահմաններուն վրայ հսկողութիւնը պիտի խստացնէ, նկատի ունենալով որ վերջերս ապօրինի սահմաններէն Սուրիա մուտք գործեցին հարիւրաւոր քաղաքացիներ, որոնց մեծամասնութիւնը վարակուած էր պսակաձեւ ժահրով, հետեւաբար երկրէն ներս վարակուածներուն թիւը աճ արձանագրեց ։
Այս առիթիվ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ռահմուն շեշտեց, որ ապօրինի սահմաններէն մուտք գործող բոլոր քաղաքացիները եւ անոնց մուտքի ընթացքը կազմակերպող կողմերը հարցաքննութեան պիտի ենթարկուին։