28 Մայիսը ծնունդ չառաւ պատահաբար, այլ՝ նպատակի մը համար։
Ահա այս նպատակով եւ այս պատճառով սփիւռքահայ իրականութեան մէջ 28 Մայիսի խորհուրդը եւ պատգամը միշտ մնացած են անփոփոխ եւ խտացուած Ազատ, անկախ, միացեալ եւ ժողովրդավար Հայաստան՝ քաղաքական-գաղափարական կարգախօսին մէջ, որուն խորհրդանիշը հայ զանգուածներուն համար հանդիսացած է եռագոյն դրօշը։
Ճիշդ է, որ անկախութեան խորհուրդն ու պատգամը իբրեւ սկզբունք մնացած են անաղարտ, բայց թարմացած են սփիւռքահայ քաղաքական մտածողութեան հոլովոյթին հետ, աղերսուելով միջազգային-քաղաքական իրականութեան։
Ահա թէ ինչո՞ւ անդրադառնալ 28 Մայիսին կը նշանակէ ուրուագծել հայ քաղաքական մտածողութեան երթը եւ մեր ազգային իրականութեան կրած փոփոխութիւնը այդ գծով։
Երէկի անխօս ու անտրտունջ ռայան վերածել արժանապատուութեան տէր, մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն համար պայքարելու, կռուելու եւ զոհաբերելու պատրաստ հայ գիտակից քաղաքացիի, երբեմնի ստրուկներէն կերտել ազատութիւնը ընտրած ասպետներու խումբեր եւ ազգային-ազատագրական բանակ։
Այսպէս միայն կրնանք տէր կանգնիլ մեր անցեալին ու գալիք ապագային։
Այսպէս միայն կրնանք շարունակել մեր ճամբան՝ յանուն մեր արժէքներու եւ առաջադրանքներու իրականացումին։
Այս տողերը չեն ենթադրեր բնական լուծումի մը կարօտ տագնապին տալ զգացական ցասումի մը տարողութիւնը, ոչ ալ բարոյական արդարացում մը գտնել ծնունդով իսկ բարոյական պայքարին։ Ընդհակառակնան կը ստանայ ընդհանրական բնոյթ եւ կ’ընդգծեն ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական-քաղաքական ուղեգիծին անշեղ ընթացքը։ Դաշնակցութիւնը իր սերունդները դաստիարակեց անմնացորդ Հայաստանին ծառայելու եւ այդ նպատակին համար նոյնիսկ գերագոյն զոհողութիւն յանձն առնելու ուխտով։
Մեզի համար 28 Մայիսը մի՛շտ եղած է սրբազան ու բազմախորհուրդ թուական մը, որ կ’անջատուի Հայոց պատմութեան յիշատակելի դէպքերու եւ դրուագներու շարքէն, իր խորհրդանշական բովանդակութեամբ կը բարձրանայ շա՛տ վեր ընթացիկ իրականացումներու, յաջողութիւններու եւ խիզախումներու մակարդակէն, եւ իր արժէքով ու կարեւորութեամբ կը լեցնէ, կ’իմաստաւորէ այդ պատմութիւնը ամբողջ։ Ոչ թէ ընթացիկ փուլ մը, այլ հիմնական անկիւնադա՛րձ կը կազմէ ան հայ ազգի պատմաքաղաքական եւ ընկերային հոլովոյթին մէջ, իբրեւ հայ ազգային հաւաքական հոգեբանութեան վերափոխիչ, ու նո՛ր իրականութեանց, նո՛ր իրականացումներու, նո՛ր թռիչքներու, նո՛ր հորիզոններու կերտիչ։
Ազգային հարցը կը պահանջէ առողջ լուծումներ։
Մէկ այլ եզրակացութիւնը այն է, որ ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին բոլոր արմատական փոփոխութիւնները կատարուած են անձնազոհ եւ ազնիւ անձերու նուիրաբերումով։
Այստեղ կը հասնինք հանգուցային կէտի մը, վերլուծութիւնը սկսելու համար ակնկալութիւններէն, տեսնելու համար, թէ ի՛նչ ստացանք։
Փաստօրէն, եթէ անցեալին պատմագիտութիւնը կը յարմարեցուէր քաղաքական իշխանութեան պահանջներուն եւ կը կիրարկէր իրեն պարտադրուած մտածողութեան յատուկ եզրահանգումները՝ պատճառ դառնալով ոչ միայն պատմական ճշմարտութիւններու խեղաթիւրման եւ արժէքներու գնահատումի ձախողութեան, այլեւ գաղափարական ընդհանուր թշուառութեան, այսօր տարբեր ձեւերով կը կրկնուի նոյն սխալը, երբ կը մերժուի հայ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական աւանդը իր ամբողջ տրամաբանութեամբ։
Այս քննարկումը եւ այս հաստատումը, որ ժամանակի ընթացքին ու քայլ առ քայլ յառաջ կը մղենք, համազգային մեր իրաւունքներու եւ առաջադրանքներու սրբութիւն սրբոցը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումը ազգային զարթօնքի գագաթնակէտը համարելու հրաւէր մըն է, այսինքն, ժողովուրդները պէտք է դառնան ազգ եւ գործեն այդ պատասխանատուութեամբ եւ տեսլականով։
Անհրաժեշտ է կենդանի գործ, ապրող մշակոյթ, նպատակասլաց ուղղութիւն, ձգտում, տեսիլք, երազ եւ այդ բոլորը կենսագործելու կամեցողութիւն։
Այս բոլոր սկզբնաղբիւրները, եւ տակաւին շատ մը այլ հաստատումներ եւ վկայակոչումներ կու գան փաստելու այն անժխտելի ճշմարտութիւնը, թէ հայ ժողովուրդի ազգային, քաղաքական յիշողութիւնը լրիւ վերականգնելու, մեր ազգի բարոյական-գաղափարական հարազատ նկարագիրը ամէն տեսակի կեղտաջուրերէ մաքրելու եւ 1920-ին դաւադրօրէն ոտնակոխուած ազգային մեր պետականութիւնը իր պատմական հունին վերադարձնելու դժուարին երթ մը վիճակուած է ՀՅ Դաշնակցութեան։
Ինքնավստահ ու խրոխտ քայլերով պիտի դիմենք հայրենի մեր ժողովուրդին՝ անոր վերադարձնելու հայ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական-կազմակերպական հարազատ անօթը։
Երբ տակաւին հայութիւնը չէ տիրացած քաղաքական իր ամբողջական իրաւունքներուն, երբ նոր է որ հայրենի հայութիւնը կը թեւակոխէ քաղաքական իր ճակատագրին տէր կանգնելու փուլը, անցեալի ազգային-քաղաքական աւանդներու վերականգնումը աւելի քան անհրաժեշտ կը դառնայ, նոյնիսկ կեանքի պարտադրանք՝ որպէսզի հայութեան պատմութեան շարունակական, սահուն ընթացքը ապահովուի, որպէսզի հայրենի հայութեան ազգային-քաղաքական զարթօնքը մտնէ իր ճիշդ հունին մէջ։
Հայոց պատմութեան առաջ պատասխանատու պիտի ըլլայ այն պետութիւնը, որ պիտի յետապնդէ հայ ժողովուրդին շահերը։
Ահազանգ՝ ազդարարելու համար հայրենի մեր ժողովուրդին քաղաքական կեանքը առաջնորդելու յաւակնութիւնը ունեցող ուժերը, որոշապէս վարկաբեկուած իշխանութիւններ ըլլան անոնք, թէ ամէն գնով պետութեան ղեկին հասնելու տենդէն վարակուած նորելլուկ խմբաւորումներ՝ որ ազգովին ունինք ընտրապայքարներ շահելու եւ իշխանութեան աթոռներ պահելու կամ գրաւելու այդ հաշիւներէն շատ ու շատ հեռու գացող, ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական գալիքը խնդրոյ առարկայ դարձնող սադրանքներ դիմագրաւելու գերխնդիր, ուստի դուռը պէտք է փակել ներքին ջլատումի չարիքին դէմ։
Իշխանատենչական ձգտումներու ծնունդ վարքագիծերուն եւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական աւանդներու վերարժեւորման ու մեր ժողովուրդի պատմական յիշողութեան ամբողջական վերականգնումի ճիգերուն հակադրուող փորձերուն դէմ՝ կը ծառանայ նոյնինքն հայրենի մեր ժողովուրդը, որուն մէջ բնազդօրէն տակաւին առողջ կը մնայ անցեալ դարավերջի յեղափոխական փորձառութեան յիշատակը։ Օրէ օր աւելի յստակ կը դառնայ հայ ազատագրական պայքարի աւանդներուն ամբողջական վերահաստատումը՝ իբրեւ քաղաքական անհրաժեշտութիւն։
Ուշ կամ կանուխ քաղաքական իրադրութիւնները իրենց անդրադարձը կ’ունենան վճռական որեւէ եզրակացութեան համար։
Հզօրացումը առաքելութիւն է, սրտի ու խղճի պարտք։
Սարդարապատէն Արցախ հզօրացումի կամուրջ մը կայ ոգեղէն։ Հերոսներու արեան շաղախով կերտուեցաւ այդ կարմիր կամուրջը, որուն վրայ արձանագրուած է՝ Ազատութիւն կամ Մահ։ Հարկ է կարդալ գիրը կամուրջին, խոնարհիլ, ապա կերտել նոր արշալոյս, որուն ոտնաձայնը կը լսենք ազգովին։
Թէ՛ յուսադրիչ, թէ՛ մտահոգիչ այս եզրերով ներկայացող շրջադարձային տարուան հաշուետուութիւնը թող հրաւէր մը ըլլայ հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքներուն, որպէսզի համազգային զգաստութեամբ զինուած իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի յառաջընթացին մէջ։ Յառաջընթաց մը որ երբեք ձեռք պիտի չքաշէ ուժերու համախմբան փորձը շարունակելու իր պայմանէն, միաժամանակ բնաւ պիտի չվարանի պատմութեան փոշիներուն յանձնելու ազգի վնասակար տարրերը… Այս կը վերաբերի նաեւ բոլոր անոնց, որոնք թերահաւատութեամբ կը մօտենան իրաւազրկուած ժողովուրդներուն ըմբոստութեան ընդմէջէն պատմութեան անիւը դէպի առաջ շարժած գաղափարախօսութեան, այդ այնքան ամբողջական, այնքան բարոյական, այնքան բնական ու այնքան կուռ մտածողութեան, ենթադրելով որ ան կրնայ անճրկիլ ու չկարենալ պատասխան գտնել բազում հարցերու…
Այս իրողութիւնն իսկ առանձնապէս բացառիկ ու շքեղ բովանդակութիւն կու տայ 28 Մայիսին, որ իր մէջ կը խտացնէ Հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անոր ազգային անկախութեան գաղափարները՝ իբրեւ ապրուած իրականութիւն եւ ոչ իբրեւ տարտամ իղձ։
Ղարաբաղեան շարժումով եւ անկախութեան խորհրդանիշներու՝ դրօշ, զինանշան եւ քայլերգ, Հայաստանի կողմէ որդեգրումով վերջ կը գտնէր 28 Մայիսի տարագրութիւնը, ազգային տարեդարձին տօնը կը վերադառնար հայրենիք։
Պատմութիւնը իրեն հետ բերաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարներուն ճշմարտացիութիւնը եւ գործին արդարացիութիւնը։ Հայաստանի 2-րդ անկախութիւնը, հայրենի պետականութեան խորհրդանիշ եռագոյնին ծածանումը փաստեր են վաւերագրական։
Քաղուած խորհուրդի եւ իմաստի իւրաքանչիւր դրսեւորում բովանդակ հայութեան համար առանձին դաս մըն է. դաս, որ կը մեկնաբանէ եւ կ’իմաստաւորէ մեր ներկան, կը բացատրէ ու կը պարզաբանէ այսօրուան մեր ակնկալութիւններն ու ապագայի մեր ծրագիրները եւ պատմաքաղաքական յստակ թելադրանքներ կու տայ մեզի։
Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական այս պահուն, հայրենիքը կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներու անմնացորդ նուիրումին։
Մենք կը յաղթենք միասնաբար, մեր ազգի բոլոր զաւակներով՝ իրենց այլազան գունաւորումներով ու քաղաքական մտասեւեռումներու տարբերութեամբ, որովհետեւ մենք անկեղծ զինուորներ ենք։
Ահա՛ յաւերժական ու միշտ կենդանի թելադրանքներն ու հրամայականները 28 Մայիսի բազմիմաստ խորհուրդին։
Ու Համօ Սահեանի բառերով՝
Երկինք ու երկիր մեզ ձայն են տալիս,
Դռները բացէք, Գարուն է գալիս։
Պարգեւ Աւագեան