Մարդկային, ազգային թէ ընկերային արժէքները կը բխին անկախ ըլլալու գաղափարէն, երբ հայ մարդը կը պաշտպանէ իր տունը, գիւղը, կամ երկիրը եկուոր թշնամիէն՝ բնական դրդապատճառով կ’իրագործէ մարդկային զարգացում՝ ազգային դրոշմով։ Ան կը հասնի գիտակցական այն բարձր մակարդակին, ուր հայրենիք կոչուած բացարձակ արժէքին քաղաքական եւ տնտեսական հասոյթը կը մուծէ ազգային իմաստին մէջ։
Անկախութեան գոյութիւնը հայ մարդուն կը շնորհէ Ազգային ինքնութիւն, գաղափարախօսութիւն եւ հաւաքական կամքն ու ճիգը կեանքի կը կոչէ, կը նորոգէ ազգային ժողովրդագրութիւնը գոյաբանական առումով։
Անկախութեան գաղափարը կը շրջէ Սփիւռքի նախկին ողբերգական ըմբռնումը, զայն վերածելով էական առաքելութեան՝ շնորհիւ անկախութիւն կերտող եւ Սփիւռքը կազմակերպող սերունդներուն, որոնք Հայրենիքն ու Սփիւռքը վերածեցին քաղաքական արժէքներու՝ իրար վրայ ազդող եւ իրարմէ ազդուող։
Անկախութեան իրողութիւնը անշրջադարձելի երաշխիքն է ազգային նուաճումներուն, որոնք ազգը դէպի համազգային դիմադրողականութիւն եւ դիմացկունութիւն կ’առաջնորդեն։ Այդ դիմացկունութեան գլխաւոր պայմաններէն է Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման պահանջատիրութիւնը՝ ազգային միասնական կեցուածքի դրսեւորումով եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքով, որ կը բխի ազգային հաւաքական արժանապատուութենէն։
Անկախութեան յարատեւութեան շարունակելի արժէքը կը կայանայ՝ հայկական տակաւին վերջնականապէս չլուծուած էական հարցին մէջ։ Անկախութիւնը մեր թափած արիւնով ձեռքբերուած, ազատագրուած ու ազատագրելի հայ հողին կենսատու ուժն է։
Հայ ժողովուրդի ազգային եւ հաւաքական յիշողութիւնը իրաւունք չունի դաւաճանելու պատմական, հիմնական իրադարձութիւնները, այլ պէտք է յանգի այն եզրակացութեան, որ սեփական ժողովուրդէն բացի, ոչ ոք կրնայ պաշտպանել հայ ազգին գերագոյն շահերը՝ անկախ պետականութեամբ եւ սահմանադրութեամբ ամրագրուած։
Անկախութիւնը այժմէաբար կը թելադրէ մեզի մեր ազգային ակունքներուն չխառնել խորթ տրամաբանութեամբ սնանած օտար քաղաքակրթութիւններ, որոնք կը վտանգեն ազգային մտածողութիւնն ու պետական մեր հաստատութիւնը։
Անկախութիւնը առիթ կ’ընծայէ հայ ազգին իր տեսիլքին իրագործման ուղղուելու եւ այդ ճամբուն վրայ կարելի բոլոր միջոցները փնտռելու, տակաւին բռնագրաւուած հայ հողերը եւ ստրկացած հայ միտքն ու հոգին ազատագրելու։
Ընկերային թէ տնտեսական որեւէ տեղաշարժ իրաւունք չունի խանգարելու անկախութեամբ հաստատուած ազգային անդորրութիւնը, քանի որ հայկական ազգային գաղափարախօսութեան հիմքը կը տարբերի մեզ շրջապատող երկիրներու եւ ժողովուրդներու գաղափարախօսութենէն։ Ճիշդ այդ պատճառով պէտք է ձերբազատինք զոհի տրամաբանութենէն եւ փոխարինենք զայն առողջ մտածելակերպով, ազատ ստեղծագործութեամբ ու ազգային դրոշմով զարգանալու հեռանկարով։
Եթէ ազգովին կարենանք բարձր պահել հայրենիքի սիրոյն զոհաբերութեան ոգին, ինչպէս որ զայն պահեց անկախութիւնը կերտող սերունդը, կարելիութիւն կ’ունենանք կրկնելու նոր սխրագործութիւններ եւ ծառանալու գալիք ժամանակներու ընթացքին հայ ազգին ընդհանրական շահերը վտանգող որեւէ ուժի դէմ եւ ոչ մէկ տեսակի կամ մակարդակի թշնամի կրնայ սպառնալ մեր գոյութեան ու գոյատեւման։
Իւրաքանչիւր ազգ իր պատմութեան ճակատագրական պահերուն իր յարատեւման պայքարը պէտք է մղէ մինչեւ վերջ՝ առանց յուսահատութեան մատնուելու։
Եղած են բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնք յոգնած են այսօրինակ պայքարի կիսուն ու մնացած են կէս ճամբուն վրայ, կամ իրենց ներշնչող կողմնացոյցը կորսնցուցած են եւ աւարտած համարած են ազգային իրենց առաքելութիւնը։
Պէտք է լաւապէս իւրացնել այն գաղափարը, որ որեւէ ազգային-քաղաքական արժէք հաստատելու ընթացքին դժուարութիւններ կրնանք դիմակայել, սակայն որքան ալ ճամբան անհարթ ըլլայ եւ փշոտ, պէտք է զինուինք սրբազան հաւատամքով եւ հաւատքով, քաջ իմանալով, որ բոլոր դժուարութիւնները, որքան ալ երկար տեւեն, կը մնան ժամանակաւոր ու վերջ կը գտնեն, ազգային արժէքներն են միայն մնայուն ու բացարձակ։
Տարածաշրջանային բացասական վարչակարգերը, ներկայ քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ գոյատեւելու տրամաբանական հետեւանք չունին։ Սա կը նպաստէ ամբողջական Հայաստանի անկախութեան մեր վեհ գործը շարունակելու։
Ազատ, անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին գաղափարն է, որ կը կազմաւորէ հայ ազգային մտածելակերպն ու ապրելաոճը եւ կը մերժէ ընդունիլ քաղցր խօսքերով թէ թոյնով սնած թշնամական թակարդը, որ կը սպառնայ ներկայիս մեր տարածաշրջանին՝ սնանկացնելու ապա ոչնչացնելու նպատակաւ ազգային հիմք ունեցող իւրաքանչիւր արժէք ու հաստատութիւն։
Այս բոլորն ու այլ ապազգային տեղական, թէ ներածուած խորթ ծրագիրներ մեզ պէտք չէ շեղեն մեր հիմնական նպատակէն։
Վերջնական արդիւնքներով հաստատուած արժէքները կը գնահատուին միայն, մինչ այդ մենք ունինք պարտականութիւններ՝ ամրագրելու իրագործուած ձեռքբերումը, կատարելագործելու մեր վերջնական նպատակին՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին տանող ուղին։
Արամ Աւագեան