Մասիս10 տարեկան, ոսկեգոյն մազերով, կապոյտ աչքերով տղեկ մըն է․ զինք ամէն տեսնելուս մեծաթիւ խորհրդածութիւններու մէջ կը թաղուիմ, կարծէք թէ  ըլլայ դուռ մը, որուն ետին կուտակուած են այս երկրին մէջ ծուարած ազգային հարցեր եւ այս դրան բացումով հեղեղի նման դուրս կը յորդին՝ ողողելով ողջ էութիւնս։

10 տարի առաջ էր, երբ մեր ապրած քաղաքին՝ Մարաքայի մէջ Հրաչ Մանուկեան անունով հայ երիտասարդ մը զոհը կը դառնար ահռելի ոճիրի մը, որ առհասարակ պատահական է այս երկրին մէջ։ Տարաբախտ զոհը քաղաքին մէջ կը վարէր քանի մը խանութ, ուր կը վաճառուէր եգիպտացորենի ալիւրով պատրաստուած խմորեղէն մը՝ «քաչաբա» անունով։ Այդ խանութներէն մէկուն մէջ առանձին գտնուած միջոցին, 2 զինեալ պատանիներ ներս կը խուժեն կողոպուտի նպատակով եւ ատրճանակէ մը արձակած անոնց գնդակով Հրաչ կը զոհուի, ետին ձգելով իր ծնողքը, ամուսնացած քոյրը, տեղացի կինը եւ 2 ամսուան կեանք ունեցող զաւակը՝ Մասիսը։

Պատանի Հրաչը իր ծնողքին եւ քրոջ հետ  Վենեզուելա գաղթած էր Իրաքէն։ Խանութներու տէր դառնալէն ետք, անոր կենակցութիւնը  տեղացի կնոջ մը հետ դարձած է ամուսնութեան համազօր գոյավիճակ մը, որ ծնունդ տուած էր առու զաւկի մը, որուն շնորհուած էր Մասիս անունը. նոյն անունով կոչուած են նաեւ «քաչաբա»ի իր խանութները։

6 տարի առաջ էր, երբ վաճառականական կեդրոնի մը մէջ ունեցանք կանանց յատուկ արդուզարդի մեր համեստ խանութը։ Անոր դիմացի շարքին վրայ գտնուող խանութներուն մէջ գտայ այն խանութներէն մին, որուն ցուցատախտակին վրայ, գծագրուած եգիպտացորենի հասկերուն ներքեւ  կը շողար լատինատառ Մասիս անունը, որ հայկական բնոյթ եւ իմաստ ունեցող միակ ներկայութիւնն էր այս քաղաքին մէջ։

Ամիսներ ետք, առիթը ունեցայ ծանօթանալու Հրաչին ծնողքին։ Խանութին դիմաց բարձրահասակ ալեհեր ծերունի մը՝ Արշաւիրը, հայերէն բարբառով մը կը զրուցէր իրեն տարեկից կնոջ մը հետ։Զիրենք իսկոյն հրաւիրեցի մեր խանութին դիմացի սեղանին. հրաւէրս ընդունուեցաւ եւ անոնք մօտեցան տնքալով եւ երերալով։ Ժամուան մը չափ տեւող հանդիպում մըն էր, որուն ընթացքին արտայայտութիւն կը գտնէր 4 տարի առաջ իրենց զաւկին՝ Հրաչին մահուան թողած կսկիծը։ Հակառակ այս իրողութեան, անոնց ուրախութեան միակ աղբիւրը կը հանդիսանար իրենց 4 տարեկան թոռնիկը՝ Մասիսը, որ իր մօր հետ կ’ապրէր յարակից տան մը մէջ, եւ  յաճախ առիթը կ’ունենային գրկելու զինք եւ հայերէն խօսելու անոր հետ։

Մարաքայի տասնեակ մը հայ ընտանիքներուն հետ  ծանօթութիւն եւ յարաբերութիւն մշակած էինք, ի բացառեալ Մանուկեան ընտանիքէն, որ ինքնամփոփ կը թուէր եւ իր նահապետին՝ Արշաւիրին մահով, անոր աղջկան ամուսնոյն գլխաւորութեամբ աւելի վերապահ դարձաւ, մանաւանդ մեր ազգային եւ կրօնական արժէքներէն հեռանալով։ Քարաքասի մէջ ունինք հայկական եկեղեցի եւ կեդրոն, ուր Կիրակի օրերը պատարագ կը մատուցուի եւ ազգային տօներ կը յիշատակուին։ Հայ եկեղեցւոյ հովիւը քանի մը անգամ ժամանելով Մարաքա տեղական եկեղեցւոյ մէջ հայկական պատարագ մատուցեց, բայց Մանուկեան ընտանիքը հեռու մնաց այս բոլորէն։

Ամէն անգամ երբ հայեացքս կ’ուղղէի «քաչաբա»ի խանութին ցուցատախտակին եւանոր վրայի գրութեան, փափաք մը կը մղէր զիս տեսնելու եւ ճանչնալու Մասիսը, այն երեխան, որ այնքան մեծ հրճուանքով եւ հպարտանքով նկարագրուած էր ողբացեալ Արշաւիրին եւ կնոջ կողմէն։ Ազգային արժեչափերով ձեւաւորուած մտապատկերիս վրան զինք տեղաւորած էի որպէս հայ ընտանիքի մը աստիճանական ուծացման հետեւանքով աճած, գօսացած ծառի մը վրան ծլած, ապա թօշնած պտուղ մը։ Ասկէ աւելի ի՞նչ կրնար ներկայացնել օտար երկրի մը մէջ ապրող, հայ հօրմէ որբ, օտարազգի մօր մը մանուկը, միջավայր ունենալով հայութեան եւ անոր բոլոր արժէքներէն կամովին հրաժարած ընտանիք մը։

Վերոյիշեալ փափաքս իրականացաւ 3 տարի առաջ։ Հրաչին այրին՝ տիկին Ժէնին, յաճախակի այցելութիւններով կը հետեւէր խանութին ընթացքին եւ հաշիւներուն։ Դժուար չէր կռահել, որ անոր ձեռքէն բռնած տղեկը Մասիսն էր։

-«Մասի՛ս», անզուսպ կանչ մըն էր  թռաւ բերնէս ու փոքրիկը ձգելով մօր ձեռքը, վազեց իմ կողմս։ Խանդաղատանքով  շոյեցի անոր գլուխը եւ պահ մը մեր նայուածքները միախառնուեցան անհասկնալի կերպով։ Վարկեանի մը տեւողութեամբ քարացած, անակնկալ պահ մըն էր, որուն յաջորդեց տղուն հետ զրոյցս։ Անոր աղաւաղուած  բառերուն մէջ իսկ գտած էի ազգային  հարստութիւն։ Նոյն օրը, նոյն պահուն թոռնուհիս Աննան ալ մօտս էր։ Երկու մանուկները իրար մօտեցան, սկիզբը խպնոտ, ապա համարձակ կերպով սկսան զրուցել։ Տիկին Ժէնին ալ մօտեցաւ եւ ինքնութիւնս գիտնալով սկսաւ հետս զրուցել, ապա տեսնելով զաւկին համարձակ զրոյցը Աննային հետ ըսաւ․

-Կը զարմանամ տղուս համարձակութեան, քանի որ դպրոցին մէջ ինքնամփոփ, սակաւախօս է, չունի որեւէ մտերիմ ընկեր կամ ընկերուհի։

Այնուհետեւ ամէն շաբաթ կրկնուող քանի մը այցելութեամբ Մասիս դարձաւ մեր խանութին մնայուն բարեկամը՝ իր ուշիմութեամբ, սրամտութեամբ եւ մանաւանդ արտասանած հայերէն բառերով։

-Մասի՛ս, տէտէն ի՞նչ եղաւ։

-Տէտէն գնաց պանիօ, ընկաւ եւ մեռացաւ։

-Մեռաւ,- կը սրբագրենք ես եւ կինս միաբերան։

-Մասի՛ս, նէնէն ինչպէ՞ս է։

-Նէնէն հիւանդ է, կլոխը ցաւայ։

-Կը ցաւի,- կ’ըսեմ շեշտակի։

Նստած եմ մեր խանութին դիմաց ուրախ տրամադրութեամբ, այսօր Մասիսը եւ Աննան մեր մօտն են։ Անոնք  քանի մը քայլ հեռու, տախտակէ նստարանի մը վրան բազմած կը զրուցեն։ Դանդաղ քայլերով կ մօտենամ իրենց ու ժպիտս կը չքանայ։ Անոնք  սպաներէն կը խօսին։

-Հայերէն, հայերէն խօսեցէք,- կ’ըսեմ զայրացած։

Կը ժպտին եւ կը դադրեցնեն զրոյցը։ Կը դառնամ նոյն աթոռիս եւ կը խորհրդածեմ խռոված։

-Ահաւասիկ անիրաւ աշխարհին ազգիս ուղղած մէկ ապտակը։ 7 եւ 8 տարեկան երկու հայ մանուկներ այս օտար երկրին մէջ բախտ չունին հայկական դպրոց մը յաճախելու, առնուազն ծաղկոցի մը մէջ ճանչալու մեր գիրերը։

Նայուածքս կ’ուղղեմ անոնց կողմը, անոնք կրկին կը խօսին օտար լեզուով։

-Մօտս եկէ՛ք,- կը հրամայեմ  զայրոյթով։

Մասիս լուռ է եւ մտածկոտ։ Աննան կը փորձէ ինքզինք արդարացնել։

-Բայց տէտէ, Մասիսը հայերէն լաւ չի գիտեր խօսիլ։

-Գիտէ, գիտէ,- կ’ըսեմ ու պահանջկոտ ուսուցիչի մը նման կը յայտարարեմ․

-Հիմա կ’ուզեմ որ միասնաբար աղօթէք  «Հայր Մեր»ը։

Աննան իսկոյն բարձրաձայն կը սկսի արտասանել, մինչ Մասիս տրտմագին եւ թախծոտ, երբեմն շրթները կը շարժէ անձայն։

-Իսկ հիմա երգեցէք «Մեր Հայրենիք»ը։

Աննան դարձեալ կը սկսի՝ «Մեր Հայրենիք, Ազատ Անկախ», մինչ Մասիս գունատ եւ սրտակեղեք վիճակով մը անշարժ արձանի մը կերպարանքը կը ստանայ։ Աննան կ’աւարտէ երգը առանձին, բայց  անգիտակ Մասիսի հոգեվիճակին։ Ան տակաւին կ’ուզէ ցուցադրել իր ձիրքերը եւ դառնալով ինծի կ՛ըսէ․

-Տէտէ, «հայորդիք»ը երգե ՞մ , «թող հնչեն շեփոր»ը երգե ՞մ։

-Ոչ, ոչ,-կ’ըսեմ մտածելով, որ Մասիսին տաժանելի հոգեվիճակը կրնայ աւելի վատթարանալ եւ անբաղձալի կացութեան մատնել զինք։

Ապա կը մօտենամ Մասիսին, կը շոյեմ անոր ճակատն ու մազերը եւ կ’ըսեմ․

-Այս բոլորը մօտ ատէնէն պիտի սորվիս. այնպէս չէ՞։

Ան գլխու շարժումով հաստատական նշան կ’ընէ գրեթէ հեկեկալով։

-Բայց ինչո՞ւ,- կը մտածեմ, ինչո՞ւ այսքան թախիծ եւ խռովք, յանցաւոր ըլլալու զգացում, երբ ան որեւէ կերպով չի մեղադրուիր հայ բառին եւ երգին անտեղեակ ըլլալուն համար, երբ իր ընտանիքին մեծերը արդէն անտեղեակ են։ Ինչո՞ւ օտար դպրոցի մէջ ընկերկամ ընկերուհի չունենալ, բայց իրեն արիւնակից, տարեկից Աննային հետ զրուցելով այնքան ուրախութիւն եւ բերկրանք ապրիլ։

Պատասխան մը կը ձեւաւորուի  եւ շքեղ վերնագիր մը ստանալով կը հնչէ ականջներուս մէջ՝ մեր ՑԵՂԻՆ ԱՐԵԱՆ ԿԱՆՉՆ Է։ Այո՛, անոր երակներուն մէջ հոսող մեր ցեղին արեան կանչն է։ Ո՛չ, գօսացած ծառին վրայ ծլած պտուղը չէ թօշնած։

Մայիսի վերջին շաբաթն էր, երբ Մասիս մտաւ մեր խանութ, մէկ ձեռքը գրպանը դրած, կարծէք անակնկալ մը պահած էր մեզի համար։

-Մասի՛ս, քանի՞ տարեկան ես, հարցուցի։

-8 տարեկան, բայց 3 օր վերջ 9 տարեկան պիտի ըլլամ։

-Ե՞րբ,- հարցուցի,- շաբա՞թ օրը։

-Այո՛։

-Ուրեմն ամսոյս 28-ին։

-Այո՛։

-Այսինքն Մայիս 28-ին,- ըսի ոգեւորուած։

Յանկարծ կը դառնամ կնոջս եւ կը գոչեմ։

-Գիտե՞ս, Մասիսը Մայիս 28-ի ծնունդ է։

-Իրա՞ւ,- կը հրճուի կինս աչքերը լայն բացած։

Մասիս շուարած, նայուածքը ուղղած մեր դէմքերուն, կարծէք բացատրութիւն կը հայցէ այդ թուականին եւ անոր նշանակութեան մասին։

-Ա՜խ, ի՞նչպէս բացատրել այս փոքրիկին մեր փառապանծ անկախութեան տօնին խորհուրդը եւ արժէքը։

Կրկին կը թաղուիմ մտածումներուս եւ անցեալի յիշատակներուս մէջ։

Երբ իր տարիքին էի, ինծի եւ հասակակիցներուս համար Մայիս 28-ը մեծ արժէք կը ներկայացնէր։ Շաբաթներ առաջ կը սպասէինք այդ օրուան հանդիսութիւններուն։ Առաւօտեան ժամերէն Գամիշլին տարբեր հմայք մը կը ստանար, սկաուտներ, գայլիկներ, արենուշներ փոխադրակառքերով, «Յառաջ Նահատակ » եւ « Ով Հայ Արի» երգելով կ՛ուղղուէին հանդիսութեան վայր, որ քաղաքէն դուրս կանաչազարդ, ընդարձակ պարտէզ մըն էր, ուր նախորդ օրուընէ տասնեակներով հայ ընտանիքներ վրաններու տակ գիշերած կ’ըլլային։ Հանդիսավայրին կեդրոնը, բարձրաբերձ ձողի մը վրան կը ծածանէր նուիրական մեր եռագոյնը։ Կէսօրէ ետք կը կատարուէր հանդիսութեան պաշտօնական բացումը, որմէ ետք սկաուտական, պատանեկան, տիկնանց եւ երիտասարդաց միութիւնները կ’արտասանէին օրուան խորհուրդը պարզող խօսքեր ու մերթ ընդ մերթ կը հնչէին ազգագրական եւ յեղափոխական երգեր։ Հանդիսութեան աւարտին օրուան բանախօսը օրուան խորհուրդն ու պատգամը կ’ուղղէր։ Իսկ երեկոյեան տօնակատարութիւնը կը շարունակուէր ակումբէն ներս, օրուան խորհուրդը ներկայացնող թատերգութեամբ։ Մենք փոքր էինք, մեծցանք եւ աւելի լաւ ըմբռնեցինք Մայիս 28-ին իմաստն ու նշանակութիւնը, անոր ռազմավարական ուղեգիծին ուժն ու արժէքը եւ անոր կերտիչներուն սխրանքը, Երեւանի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրան ընդհանուր հրամանատար, անկախութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի  եւ զօրավարներ Սիլիկեանի, Փիրումեանի, Դրոյի, Նազարբէկեանի, մեր  ֆետայական շարժման դպրոցէն անցած եւ Դաշնակցութեան հնոցին ու դաբնոցին մէջ թրծուած, բիւրեղացած հերոսներուն՝ Անդրանիկին, Սեպուհին, Սմբատին, Քեռիին, Գարեգին Նժդեհին եւ այլոց մարտունակութիւնը, մեր արիացած  ժողովուրդին պայքարը։ Ապագային դարձանք երիտասարդներ, միշտ հպարտ Մայիս 28-ի յաղթանակներով, դժբախտաբար միշտ ալ ունենալով ընդիմախօսներ, որոնք մշտապէս կը փորձէին նսեմացնել Մայիս 28-ի արժէքն ու նշանակութիւնը։

Մենք …

Յանկարծ կը սթափիմ, աչքերուս դիմաց կինս կը ներկայացնէ Մասիսին անակնկալը եւ կ’օրօրէ թուղթի կտոր մը, որուն վրայ ան հօրաքրոջ  օգնութեամբ, իր ձեռքով հայերէն տառերով գծագրած էր իր անունը։ Ուրախութեամբ կը գրկեմ զինք։ ի ՞նչ  փոյթ որ գիրերը անճոռնի եւ տձեւ տեսք ունին, կարեւորը անոնք հայերէն են, հայերէն։

Ապա կ’առնեմ  մաքուր էջ մը եւ վրան հատիկ – հատիկ կը գրեմ մեր մեսրոպեան գիրերը, անոնց մանրամասն հնչիւններով։ Մասիս մեծ ուրախութեամբ եւ ժպիտով, աչքերը լայնօրէն բացած, մեծ հետաքրքրութեամբ կը նայի գիրերուն, այնպէս ինչպէս իրեն տարեկից այլ մանուկ մը պիտի նայէր իր նախասիրած խաղալիքին։

-Մասի՛ս,- մայրն է, որ 3-րդ անգամ ըլլալով զինք կը կանչէ, տուն երթալու ժամանակն է։

Մասիս  կը տատամսի, կը տնտնայ, գիրերը կարծէք կախարդական, քաշողական ուժով մը կը ստիպեն զինք որ չհեռանայ։

-Մասի՛ս։

Հազիւ ժամանակ կ’ունենամ թուղթը ծալլելու եւ գրպանը դնելու, անոր ականջին փսփսալով․

-Ասիկա մեր այբուբենն է, մեր ազգին Աստուծոյ կողմէ տեսիլքով  տրուած ամենաթանկագին  նուէրը։ Այս գիրերը լաւ սորվէ եւ զանոնք փորագրէ մտքիդ ու սրտիդ մէջ որքան որ կարենաս ուժգին եւ բուռն կերպով։

Կրկին կ’ընկղմիմ խոր մտածողութեան մէջ եւ հարց կուտամ ես ինծի․ «Ինչո՞ւ այսքան հրճուանք ապրեցաւ իր անունը հայերէն գրելով։ Ինչո՞ւ այսքան ուրախութիւն եւ բերկրանք մեր այբուբէնի բոլոր տառերը ունենալուն համար։ Կրկին կը հնչէ ականջներուս նոյն շքեղ վերնագիրը՝ «ՑԵՂԻՆ ԱՐԵԱՆ ԿԱՆՉԸ»։

Բայց այս կանչը միթէ չի՞ հնչեր աշխարհի տարածքին անթիւ այլասերած հայորդիներու հոգիներուն մէջ։ Չի՞ հնչեր մեր ապրած քաղաքին մէջ քանի մը հայ ընտանիքներու սրտերէն ներս, որոնց երիտասարդ  տղաքն ու աղջիկները օտար ամուսնութիւններով եւ կենակցութիւններով «ընտանիքներ» կազմած թափ կուտան ուծացման եւ օտարացման անիւին, ապա գահավէժ եւ թաւալգլոր կ’անհետանան այլասերման ձորին մէջ։

Տարի մը առաջ էր երբ Մասիս մեր խանութ մտաւ յուզուած եւ զգացուած  եւ հաղորդեց որ քանի մը օրէն մօրը հետ Արժանթին պիտի գաղթէ։

Քաջալերեցինք զինք եւ հաւաստիացուցինք, որ հոն աւելի ապահով ապրելակերպ մը կրնայ ունենալ, հոն պիտի գտնէ հսկայ հայկական գաղութ մը՝ զանազան եկեղեցիներով, դպրոցներով, միութիւններով։ Վարկեանի մը մէջ իր վրդովումը ուրախութեան վերածուեցաւ եւ աչքերը սկսան փայլիլ պայծառօրէն։ Օրեր ետք կրկին այցելութեան եկաւ մօրը հետ։ Տիկին ժէնին պարզաբանեց թէ երկրին տնտեսական անկումին պատճառով յաջորդ  օրն իսկ պիտի գաղթեն Արժանթին, ուր ունի եղբայր մը, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է ամէն գնով սատար կանգնիլ անոնց կեցութեան եւ աշխատանքին։ Բաժանումի պահուն կրկին շոյելով Մասիսին ճակատն ու մազերը դարձայ մօրը ու ըսի․

-Խնդրանք մը ունիմ, տիկի՛ն։

-Գիտեմ խնդրանքդ,- պատասխանեց, ես զաւկիս փափաքին եւ սիրոյն, նաեւ հօրը յիշատակը յարգելու համար  հայկական միջավայր պիտի ուղղեմ զինք։ Ան անկեղծ էր իր խօսքերուն մէջ։

Վերջին տեղեկութիւններուս համաձայն, Մասիս Արժանթինի մէջ հայկական դպրոցի աշակերտ եւ հայկական մարզական միութեան մը անդամ էր արդէն։

 

Պարգեւ Տիգիճեան 
24 Մայիս 2020
Վենեզուելա