Ամէն տարի պետական տարողութեամբ, մեծ շուքով ու փառքով եւ փառաբանանքի նոյն խօսքերով  իւրաքանչիւր ազգ կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը: Տողանցքներով ու խանդավառ տօնակատարութիւններով ազգային անխառն հպարտութիւն կը տարածուի  երկրի մէկ ծայրէն միւսը եւ այդ օր առիթ կը դառնայ, որ ժողովրդային բոլոր խաւերն ու նոյնիսկ իրարամերժ ու անհամերաշխ շերտերը, հարուստն ու աղքատը,  մեծն ու փոքրը թօթափելով  ամէն տեսակի տարակարծութիւն ու մտմտուք՝  ամրացնեն ազգի միասնութիւնը եւ իրենց մտածումը ազգովին կեդրոնացնեն անկախութեան  խորհուրդին վրայ:
Ինչո՞ւ այսքան յարգանք, փառք ու փառաբանութիւն կը տրուի անկախութեան, որուն համար սերունդներ կը դաստիարակուին՝ զոհողութեանց գերագոյնին, նոյնիսկ կեանքի գնով պաշտպանելու զայն:
Պարզապէս անոր համար, որ  ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակն է ազգային անկախ պետականութիւնը, որուն հովանիին տակ միայն կ’ապահովուի ժողովուրդին ու սերունդին անվտանգութիւնը՝ արտաքին թշնամիին  դէմ,  հարստահարող ու թալանող ներքին ցեցերուն դէմ, կ’ապահովուի արդարութեան, իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութիւնը, կ’ապահովուի  տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի զարգացումը, մէկ խօսքով՝ ան  կ’ապահովէ  քաղաքացիները ամէն տեսակ չարիքի դէմ եւ կը ձգտի անոնց պարգեւել բարօր կեանք:
Տակաւին. ազգը ա՛զգ  կը համարուի, երբ անկախ պետութիւն ունի կամ գէթ կը ձգտի անոր եւ կը պայքարի զայն ունենալու համար:
Ահա թէ ինչո՛ւ անփոխարինելի արժէք է անկախութիւնը ազգերու կեանքին մէջ: Յատկապէս մեզի պէս ժողովուրդին համար, որ, չհաշուած Կիլիկիոյ 300-ամեայ իշխանապետութիւնը, իր հայրենի բնօրրանին մէջն իսկ  ինն հարիւր տարի զրկուած էր անկէ … :
Ինն հարիւր տարի, ապա՝ Սարդարապատ ու Մայիս 28:
  Սարդարապատն էր, որ ապահովեց  ազգին վերապրումը եւ փրկեց հայութեան մնացորդացը՝ արեւելահայութիւնն ալ  ցեղասպանութեան ենթարկելու  Թուրքիոյ դիւային ծրագրէն:  Զէնքի մեր այդ  յաղթանակը, սակայն, լիարժէք դարձաւ ու պատմական նշանակութիւն ստացաւ քաղաքական աքտով, անկախութեան հռչակումով եւ պետականութեան կառուցումով: Ուստի 28 Մայիսը անկախութեան տարեդարձ  ըլլալէ առաջ ու ետք, է նաեւ ազգի գոյութիւնը երաշխաւորող  յաղթանակի տօն:
  Ահա թէ ինչո՛ւ 28 Մայիսը տօներուն մեծագոյնն է, որ երբեւիցէ ունեցած ըլլանք մեր բովանդակ պատմութեան մէջ:
  Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը 28 Մայիսին: 28 Մայիսէն առաջ  մեր հայրենիքին մէջ էինք, բայց հայրենիքը մեզի չէր պատկաներ: Անկէ առաջ կրօնական համայնք էինք, անով  ԱԶԳ  դարձանք եւ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով  կերտուեցաւ  ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ:
Կասկած չկայ, որ բովանդակ հայ ազգի միասնութեամբ էր, որ կերտուեցաւ անկախութիւնը: Սակայն ըլլանք արդա՛ր արձանագրելու համար, որ Սարդարապատէն մինչեւ  պետականաշինութիւն, հայութեան միասնական շարքերը հերոսական բանակի եւ  կենսագործ ուժի վերածուեցան շնորհիւ  դաշնակցական գործիչներու: Իսկ Սփիւռքի մէջ նոյնպէս,  դաշնակցական գործիչներու  առաջնորդութեամբ հայ սերունդները փրկուեցան անհայրենիք, անհեռանկար, անդրօշ  ապրելու ճակատագիրէն:  Առաջին օրէն ու այնուհետեւ 70 տարի  Դաշնակցութիւնն էր, որ սերունդներուն ներշնչեց անկախութեան ու միացեալ հայրենիքի տեսլականը, եռագոյնին հպարտութիւնը, «Մեր Հայրենիք» ոգերգին  յուզումը եւ կուրծքի զարդ դարձուց կորուսեալ պետութեան զինանշանը:
Թէեւ կարճատեւ  ու անասելի դժուարութիւններով  կեանք մը եղաւ անկախութեան շրջանը եւ միայն երկու տարի տեւեց, երկու տարի տոկաց: Ճիշդ է նաեւ, որ այդ երկու տարուան մէջ մեր պետութիւնը  չունեցաւ այնպիսի հզօր բանակ, որ կարենար  իրականացնել իր իսկ առաջադրած քաղաքական մեծ  նպատակը՝ այսինքն միացեալ Հայաստանը:  Բայց այդ երկու տարիները բաւեցին, որ ան Սեւրի մէջ, 100 տարի առաջ, միջազգային ատեանին կարենայ հաստատագրել տալ 165.000 ք.քմ տարածքով միացեալ Հայաստանի անժամանցելի մեր իրաւունքը:
Այդ երկու տարիները բաւեցին,  որ  հիմնովին  յեղաշրջուի հայ մարդուն քաղաքական մտածողութիւնը եւ սերունդներուն առջեւ բացուի յարացոյցը ազգի պատմական ճանապարհին:
Եւ  Սարդարապատէն 70 տարի ետք, հաւատարիմ յարացոյցին, յաղթանակներու նոր հպարտութիւն  ունեցանք՝ Հայաստանի վերանկախացումով, Շուշիի եւ ամբողջ Ղարաբաղի ազատագրութեամբ:  Ղարաբաղեան շարժումը եղաւ նաեւ  ճակատագրական ու առաջին մեծ ճեղքը՝ մեր անկախ պետութիւնը դաւով ու խարդաւանանքով զաւթած-գրաւած համայնավար վարչակարգի փլուզումին…:
Սակայն զգո ՜յշ. Ղարաբաղի ճակատին վրայ մեր փառահեղ յաղթանակն ալ կը կարօտի քաղաքական աքտի, այլապէս  հերոսներու  արիւնով  շահուածը կրնայ ի զուր ըլլալ, եթէ  չշահինք նաեւ դիւանագիտական սեղաններու շուրջ մղուող պատերազմը եւ չկարենանք հաստատագրել Արցախի հայապատկանութիւնը…:
 Իսկ հիմա, ի՞նչ կայ ըսելիք մեր այսօրին, նեկային համար:
  Հայաստանի վերանկախացման առաջին տարիներուն,  հայրենիքի քաղաքական գործիչները հաւատարիմ գտնուեցան Մայիս 28-ի յարացոյցին, գիտցան ժամադրուիլ պատմութեան հետ եւ կատարեցին արութեան մե՜ծ ու սքանչելի՜ գործեր՝ արժանի գիրի ու յիշատակութեան…:  Սակայն հետագայ տարիներուն եւ մինչեւ մեր օրերը, անոնց մէջ գտնուեցան հեղինակութիւններ, որոնք  շեղեցան յարացոյցի ճամբէն, արութեան գործերու  իրենց վաստակը պատուանդանի վերածած՝  իշխանութեան առաջնային, երկրորդական կամ կողմնակի դիրքեր գրաւելու եւ հարստութիւն դիզելու մոլութեան տրուեցան, մսխեցին արութեան գործերու  իրենց վաստակը, փոխանակ երկրին մէջ հաստատելու ժողովրդավարութեան,  արդարութեան ու իրաւունքի վեհապետութիւնը, ինչ  որ սպասումն էր համայն հայութեան…:  Գրուած է եղեր, թէ այդ մարդիկը Արցախի լեռներուն վրայ ամուր կենալէ ետք, պիտի սայթաքին իշխանական աթոռներու վրայ եւ պիտի արժանանան քաղաքացիներու ցասումին…:
Հայրենական կեանքին քիչ-շատ հաղորդ որեւէ  հայ մարդ գիտէ, որ  ըսուած պատճառներով  երեսուն  տարիներ Հայրենիքը գալարումներու մէջ գտնուելէ ետք, եւ հակառակ երկու տարի առաջ ժողովրդային ըմբոստութեան բերած վերափոխութեան շունչին ու յոյսին,  ներկայիս ալ  քաղաքական  աննախանձելի, անկանխատեսելի կացութիւն կը տիրէ մեր հայրենիքին մէջ, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատի վտանգներով:
Սակայն պիտի ըլլանք լաւատես ու ամուր: Հազարամեայ մեր պատմութեան մէջ մենք չենք եղած այնքան բարգաւաճ, այնքան յառաջադէմ ու կազմակերպ, որքան այսօր: Ունինք յաղթապանծ բանակ, անկախ պետութիւն եւ աշխոյժ հայ գաղութներով ասդեցիկ սփիւռք: Գիտենք նաեւ Մայիս 28-ի սորվեցուցած  դասը  առ այն, որ պիտի ունենանք դէպքերու եւ իրադարձութեանց հոլովոյթը  մեզի ենթարկելու կամքն ու վճռականութիւնը:
Հաւատանք, որ մեր ժողովուրդի զգօնութիւնը թոյլ պիտի չտայ  երբեք, որ արտաքին թշնամիներ կամ  ներքին ցեցեր յաջողին  ապակայունացնելու մեր հայրենիքը  եւ զայն շեղելու Մայիս 28-ի յարացոյցէն:
Պատմական մեր երթը վճռուեցաւ 1918-ին, անկախ պետականութեամբ,
Մեր երթին ուղղութիւնը  վերահաստատուեցաւ  1991-ին, հայրենիքի վերանկախացումով,
Մեր երթը նոր թափ ու թռիչք առաւ Շուշիի  եւ  ամբողջ Ղարաբաղի ազատագրումով:
Փա՜ռք ու պարծանք  անուանի եւ անանուն մեր մտքի ու զէնքի  բոլոր  հերոսներուն:
 Փա՜ռք Մայիս 28-ին եւ մեր անկախ պետականութեան:
Աթէնք,
28 Մայիս 2020
Միհրան Քիւրտօղլեան