Մայիս. յաղթանակներու ամիս հայութեան համար: Ազատութիւն սիրող եւ ազատութեան կառչող ազգը չէր կրնար աւելի երկար մնալ օտարին լուծին տակ ու չկոտրել ստրկութեան շղթան: Երկաթեայ կամքի ուժով, յստակ նպատակով եւ երկարաշունչ պայքարի ոգիով ճամբայ ելաւ ան: Մայիս 28-ը արտացոլումն էր հայ ժողովուրդին վճռակամութեան: Մեր առաջին անկախութիւնը ծնաւ Եղեռնէն կարճ շրջան մը վերջ: Տակաւին կը սգայինք մեր մէկ ու կէս միլիոն սուրբ նահատակները, երբ թշնամին իր ճիրանները խրել փորձեց հայութեան մարմնին մնացած բաժնին մէջ: Հայ ժողովուրդը կա՛մ պիտի անճրկէր ու կքէր օսմանցիին սուրին դիմաց, կամ ալ պիտի պայքարէր ազատութեան համար, արեան գնով: Ան նախընտրեց դիմադրել, պայքարիլ եւ ստրուկ չապրիլ:
Անհաւասար պատերազմ: Պայմանները դժուար էին: Աւելի քան 500 տարի օտարի լուծին տակ ապրող ժողովուրդը արդէն որոշած էր տէրը դառնալ իր ճակատագրին։ Ան իր բոլոր ուժերը համախմբեց եւ ուղղուեցաւ կռուի դաշտ, առիւծասիրտ հերոս Արամ Մանուկեանին եւ իր զինակից ընկերներուն ղեկավարութեամբ:

Յաղթանակը մեր ճակատագիրը ճիշդ հունի մէջ դրաւ։ Այսօր, 102 տարի վերջ, մեր պարտքն է արժանաւոր ժառանգորդները ըլլալ այս պանծալի յաղթանակին՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամուր պահելով, սերունդներուն դիմաց մեր յաղթանակի էջերը բանալով ու մեր հերոսներուն արիութեամբ ներշչելով զիրենք: Հայ ժողովուրդը կարիքը ունի Արամ Մանուկեանի, Քաջազնունիի, Վրացեանի պէս ղեկավարներու, որոնց համար Հայաստանի ու հայութեան ապահովութիւնը եւ շահը ամէն բանէ վեր դասուած էին:
Ցոյց տուէք որեւէ ազգ կամ ժողովուրդ, որ ունեցաւ հայուն ճակատագիրը, ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, ջարդի եւ բազմաթիւ փորձանքներու, բայց երբ պահը հասաւ ընտրութեան, ընտրեց ազատութիւնը, ոչ թէ մահն ու յանձնուիլը եւ արեան գնով կերտեց իր անկախ հանրապետութիւնը:
Հայութեան ազգային ինքնաճանաչման եւ գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրը եղան երեք ճակատամարտերը: Ոմանք տակաւին կը դժուարանան թափանցել Մայիս 28-ի պատգամին եւ խորհուրդին խորքը, հասկնալու համար, որ պայքարի մեր ճամբան երկար է եւ ոչ մէկ դժուարութիւն ետ կրնայ մղել մեզ այդ ճամբէն։
Եկէք զինուինք մեր հսկաներուն կամքի ուժով, եւ իրենց արեան գնով ձեռք բերուած սուրբ ազատութիւնը պահելու համար շարունակենք միասնաբար պայքարիլ. «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»:

Սագօ Խալոյեան