ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՀՖԴ-Ը  ԻՆՆ ԱԿՈՒՄԲ ՏՈՒԳԱՆԱԾ Է 
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը (այսուհետեւ՝ՀՖԴ)  իր 21 Մայիսի նիստին ընթացքին հրապարակեց կարգապահական շարք մը որոշումներ: Դաշնութիւնը Հայաստանի մարզական ծրագիր-կանոնագրի 33-րդ յօդուածի 3-րդ կէտին համաձայն, ինն ֆութպոլի ակումբի երկուքական միլիոն դրամ նիւթական տուգանք սահմանեց: Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց ֆութպոլի կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Պատժական տնօրինման ենթարկուող ակուբներն են՝ «Գանձասար-Կապան»ը, «Ալաշկերտ»ը, «ՎՖԱ»ն, «Շիրակ»ը, «Փիւնիկ»ը, «Ուրարտու»ն, «Նոա»ն, «Վան»ը եւ «Լոքոմոտիւ»ը:  Յիշեալ ակումբները չեն ամբողջացուցած ՀՖԴ ակումբներու արտօնագիրի կանոնակարգի 19-րդ յօդուածին պահանջքը եւ չեն կազմած ֆուտսալի խումբ: Ակումբները մէկ շաբաթ առիթ ունին կարգապահական կոմիտէի որոշումին դէմ բողոքելու:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԵՐԿՈՒ ԱԿՈՒՄԲ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ԹՈԹՈՅՈՎ 
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանը (այսուհետեւ՝ ՓՍԺ)եւ Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնէխը հետաքրքրուած են թոնեցկի «Շախտորի» 21-տարեկան պրազիլցի պաշտպան Թոթոյին մատուցած ծառայութիւններով: Ըստ Le10sport-ի, Պաւարիան արդէն 20 միլիոն եւրոյի առաջարկ ներկայացուցած է ուքրանական ակումբին: ՓՍԺ-ը կ’ուզէ գտնել կազմի պաշտպանողական խաղացող Թոմաս Մենիէն փոխարինող մը եւ Թոթօն գլխաւոր թեկնածու կը համարէ: Շախտորը Թոթոյի փոխադրութեան համար ակնկալած է 30 միլիոն եւրօ: Աւելցնենք, որ անցեալ Յունուարին Թոթօն Քորթուպան լքեց ու միացաւ  ուքրանական ակումբին, 12 տարուան խաղի պայմանագրութեամբ: Այս տարեշրջանին ան իր խումբին հետ մաս կազմեց 24 մրցումի, նշանակելով երկու կոլ:
ՄԱՅՔԼ ՃՈՐՏԸՆԻ ԽԱՂԻ ՀԱՄԱԶԳԵՍՏԸ ԲԱՐՁՐ ԳՈՒՄԱՐՈՎ ՎԱՃԱՌՈՒԵՑԱՒ 
Ամերիկայի արհեստավարժ պասքեթպոլիստ, Շիքակօ Պոուլզի նախկին մարզիկ Մայքլ Ճորտընի խաղային համազգեստը  Goldin Auctions աճուրդին վաճառուեցաւ 288 հազար ամերիկեան տոլարի: Այդ խաղաշապիկով Ճորտըն Շիքակօ Պոուլզին հետ մաս կազմած է 1996-1997 տարեշրջանի մրցումներուն: Ճորտընի օգտագործած համազգեստին տրուած այս գինը բարձրագոյնն է։ Նախապէս 560 հազար տոլարով վաճառուած էր Ճորտընի Air Jordan 1 խաղակոշիկին զոյգը, որուն հետ ան հանդէս եկած է 1985-ի ազգային մրցումներուն:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՉՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ ՓՈՐՁԵՐՈՒՆ
 Անգլիոյ ֆութպոլի Փրեմիէր լիկի ընթացիկ մրցաշրջանի առաջատար Լիվերփուլի գլխաւոր մարզիչ Իւրկէն Կլոպ յայտնած է, թէ ինչպէս ընթացած է խումբին առաջին փորձը՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին արձակուրդէն վերադառնալէ ետք: Նախքան հաւաքը, Կլոպ խաղացողներուն ըսած է. «Դուք այսօր ձեր ազատ կամքով կը գտնուիք այստեղ, եւ եթէ  դուք ձեզի անհանգիստ կը զգաք, կրնաք չներկայանալ փորձերու: Բացակայութեան համար ոչ մէկ պատժական սահմանումներ կան»:
 Աւելցնենք, որ խումբը իր փորձերը սկսաւ տասը խաղացողներով, որմէ ետք թիւը նուազեցաւ հինգի: Գերմանացի մասնագէտին խօսքերը յիշեց նաեւ Sky Sports-ը: Յիշեցնենք, որ Լիվըրփուլ Անգլիոյ ախոյեան հռչակուելու համար մնացած խաղերուն վեց կէտ պէտք է ապահովէ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան