20-րդ դարու սկիզբը աշխարհի մէջ կանանց իրաւունքներու համար պայքարը արդէն վերածուած էր յստակ շարժումի, բայց Հարաւային Կովկասի մէջ կերտուած փոքրիկ հանրապետութիւն մը պատմութենէն քայլ մը առաջ անցած էր:
28 Մայիս 1918-ին, Ռուսական Կայսրութեան մոխիրներէն Արեւելեան Հայաստանի մէջ ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: 21 եւ 23 Յունիս 1919-ին տեղի ունեցան խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները. 20 տարիքը ամբողջացուցած իւրաքանչիւր քաղաքացի՝ անկախ սեռէն, կրօնական ու ազգային պատկանելիութենէն, իրաւունք ունէր մասնակցելու ընտրութիւններուն:
Պետութեան կառավարման համար պատասխանատու օրէնսդիր մարմինի 80 անդամներէն երեքը կին էին՝ Կատարինէ Չալեան-Մանուկեան, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան եւ Վարվառա Սահակեան: Անոնք բոլորն ալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ էին:
Այս կանանց մասին տեղեկութիւնները քիչ են, իսկ քաղաքական կեանքը կարճատեւ՝ Հայաստանի առաջին Հանարապետութեան պէս: Դեկտեմբեր 1920-ին պոլշեւիկներուն ներխուժումէն ետք Հայաստան խորհրդայնացաւ՝ մինչեւ 1991 մնալով Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ: ԽՍՀՄ փլուզումէն յետոյ ձեւաւորուեցաւ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը:
Այնուամենայնիւ, Առաջին Հանրապետութեան կենսունակ երկու տարիները կþարտացոլեն կանանց իրաւունքներու եւ քաղաքական մասնակցութեան զգալի աւանդը:
Ռուսական Կայսրութեան տարիներուն թէ՛ հայ տղամարդիկ, թէ՛ կանայք իշխանութիւն չունէին կանանց ընտրական իրաւունքին համար քայլերու ձեռնարկելու: Առաջին Հանրապետութեան ձեւաւորման օրերուն, սակայն, տղամարդիկ էին, որոնք փոփոխութիւններ առաջարկեցին:
«Այս տղամադրիկ իրենց կրթութիւնը ստացած էին արտասահմանի մէջ, ականատես եղած էին կանանց հզօր շարժումներուն», կը յայտնէ Լիլիթ Զաքարեան, «Տղամարդիկ բարձրացուցին կանանց մասնակցութեան հարցը, քանի որ կը հասկնային, որ կանայք մեծ դերակատարութիւն կրնան ունենալ ազգապահպանման աշխատանքին մէջ»:
Հետեւաբար, ըստ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Անահիտ Յարութիւնեանի, ի տարբերութիւն արեւմտեան շատ մը երկիրներու, Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքներուն համար պայքար չծաւալեցաւ:
Այսպէս, 1919 Մարտ ամսուն կայացած խորհրդարանական Ա. ընտրութիւններուն ընտրուեցան 3 կին պատգամաւորներ. անոնք են.
Ա.- Կատարինէ Չալեան-Մանուկեան
Բժշկուհի, 1917-ին ամուսնացած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի հետ: Սակայն երբ Արամ մահացաւ, ան լծուեցաւ որբերու եւ գաղթականներու օգնութեան գործին: Ունէր դուստր մը՝ Սեդա անունով:
Կատարինէն գործեց նոյնիսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1927-էն մինչեւ 1965, որպէս բժշկուհի:
Բ.- Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան
Ծնած է 1886 թուականին, Էտիրնէ. 16 տարեկանին եռանդով լեցուն եւ հայրենիքի ծառայելու գաղափարով ներշնչուած՝ խմբակ մը կազմեց լուսաւորութիւն տարածելու նպատակով: Ուսանած է գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն. իր պատմուածքները «Էտնա» ծածկանունով լոյս կը տեսնէն: Ուսուցչութեամբ կը զբաղէր Վանի մէջ: 1915-ին ամուսինը՝ Սարգիս Բարսեղեան, ձերբակալուեցաւ եւ նահատակուեցաւ: Հետագային ան կեանքը նուիրեց զաւկին եւ հայութեան ծառայելու: Տեղափոխուած է Պուլկարիա, ետքը Թիֆլիս, իսկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք անցած է Երեւան եւ ընտրուած՝ խորհրդարանի պատգամաւոր: Իր պաշտօնն էր՝ ծառայել Ամերիկեան խնամատարութեան կոմիտէին մէջ:
Հանրապետութեան անկումէն ետք գաղթեց Սոֆիա եւ ետքը՝ Փարիզ, ուր պաշտօնավարեց Նանսէնեան գրասենեակին մէջ եւ զբաղեցաւ գրականութեամբ, մինչեւ իր մահը՝ 1940:
Գ.- Վառվառա Սահակեան
Ճանչցուած է Վարիա անունով: Ան կինն էր Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամ): Դարձեալ Ա. հանրապետութեան ընտրուած էր խորհրդարանի պատգամաւոր: Զբաղած է կրթական ծրագիրներով: Այդ շրջանին, կորսնցնելով իր զաւակը՝ դեղորայքի չգոյութեան պատճառով Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Վարիան ընտանեօք անցաւ Թաւրիզ, ետքը Իրաք, սակայն կլիմայի անյարմարութեան պատճառով տեղափոխուեցաւ Լիբանան, ուր ան դարձեալ զբաղեցաւ հասարակական գործունէութեամբ եւ մասնակցեցաւ Օգնութեան Խաչի կազմակերպչական աշխատանքներուն, սակայն առողջութիւնը վատթարացաւ զաւկին եւ ամուսնոյն մահէն ետք եւ շատ չանցած՝ կնքեց իր մահկանացուն:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատուաւոր դեսպան եւ արդի պատմութեան մէջ առաջին կին դիւանագէտը եղած է Տիանա Աղաբէկ Աբգարը: Ան Ճափոնի դեսպանն էր 1920-ին եւ Եոքոհամայի պատուաւոր հիւպատոս. ծնած է Պիրմա (Միանմա), նորջուղայեցի հայ ընտանիքի մէջ եւ դպրոց յաճախած է Հնդկաստանի մէջ: 1890-ին ան ամուսնոյն հետ տեղափոխուած էր Ճափոն: 1909-ին Ատանայի մէջ պատահած ջարդերը զայն մղեցին աշխատանքի, եւ կեանքին մնացած մասը ան նուիրեց հայերու ազգապահպանման գործին. նոյնիսկ Ճափոնի մէջ ան ապաստանարան հիմնած է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ ազատած որբերու եւ այրիներու համար: Իր այս ջանքերը մեծ գնահատանքի արժանացան, եւ այդ պատճառով նշանակուեցաւ Ճափոնի դեսպան:
Ան ունեցած է գրական մեծ արժանիքներ, գիրքեր՝ իր հայրենիքի մասին, ուր բնաւ չէ այցելած. իր գրութիւններուն մէջ անդրադարձած է հայ ազգին ապրած անարդարութիւններուն եւ դժբախտութիւններուն:
Տիանա Աբգար յաճախ Ինտոնեզիոյ հայ գաղութին կը դիմէր՝ ոչ միայն կարիքաւոր հայրենակիցներուն օգնութեան հասնելու, այլեւ հայրենիքի մշակութային եւ կրթական աշխատանքներուն նպաստելու համար: Յատկապէս Ճաքարթայի Հայ Կիներու Բարեգործական Միութիւնը մեծ հանգանակութիւններ կը կազմակերպէր հայրենիքի մեծաթիւ գաղթականներուն եւ որբերուն օգնութիւն հասցնելու համար:
Մէկ խօսքով, Տիանա Աբգար Ճափոնի մէջ վայելած է պետական դէմքերու եւ հայ գաղութին համակրանքը եւ կոչուած է «Եոքոհամայի Մայրիկը»:
Նաեւ կը յիշատակուի պատմութեան մէջ Դանիոյ մէջ հայ կին դեսպան ունեցած ըլլալու իրողութիւնը:
Որբերու խնամատարական աշխատանքները կազմակերպելու տեսակէտէն, Հռիփսիմէ (Լոլա) Մեծատուրեան-Սասունին իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կարմիր Խաչի հիմնադրութեան մէջ: Այս կազմակերպութիւնը վիրաւորներն ու հիւանդները կը խնամէր եւ որբանոցներուն ու տարագիր ընտանիքներու կարիքները կը հոգար. օրինակ՝ 1919-ին ձմրան քարիւղ ապահովեց եւ պարէն հայթայթեց անոնց, իսկ 1920-ին Փարիզի Ազգային պատուիրակութիւնը Կիլիկիոյ որբանոցներուն վերահսկիչ նշանակեց գրագիտուհի եւ ազգային ծառայութեան նուիրեալ Զապէլ Եսայեանը: Մեծանուն հայուհին դիւանագիտական հետեւողական աշխատանքով ջանաց ազգային ինքնավար օճախը իրականութիւն դարձնել (foyer): Միւս կողմէ՝ եռանդ սպառեց Կիլիկիոյ հայութեան թրքախօսութեան սովորութիւնը ջնջելու եւ գոնէ Ատանայի կարեւոր որբանոցը ՀԲԸՄ-ի հակակշիռին տակ կրցաւ զետեղել:
Ինչպէս չյիշենք կոմսուհի Մարիամ Թումանեանը, որ ծնած է Շուշի, 1870-ին, դուստրը՝ դատախազ Մարկոս Տոլուխանեանի եւ թիֆլիսցի մօր. Մարիամ զարգացած էր եւ եւրոպական լեզուներ իւրացուցած՝ անգլերէն, գերմաներէն: Դիլիջանի մէջ հիմնեց որբանոց մը, ուրկէ փոքրերը Թիֆլիս կ’ուղարկէր՝ ուսում ստանալու
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին հայ կնոջ պայքարը եւ իրագործումները, ազգային բարեկարգում յառաջացնելու հանգամանքը ոչ միայն հպարտութիւն կը ներշնչեն, այլեւ ապագայի հանդէպ վստահութիւն՝ համարձակութեամբ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները, որոնք անթիւ են, գլխաւորաբար յիշելով՝ մայր լեզուի նահանջը, օտար եւ խառն ամուսնութիւններու յաճախականութիւնը, մշակոյթի եւ ինքնութեան կորուստը եւ ընկերաբարոյական վիճակի անկումը: Այս հարցերը լուծելու մէջ մեծ դերակատարութիւն կը ներշնչեն սփիւռքի եւ հայրենիքի միասնական, հաւաքական աշխատանքը եւ հայ կնոջ դրական ներդրումը: Վերջապէս, հայ կինը միայն մարդկային համրանք արտադրող գործիք չէ, այլ համալիր՝ ամբողջական ծրագրի իրականացման համար, իրահաւասար քաղաքացի:
«Այսօր յետընթաց կ’արձանագրենք սակայն: Որոշումներ գոյացնող կանայք քիչ են», կը նշէ Անահիտ Յարութիւնեան, «Իսկ ինչո՞ւ: Որովհետեւ Հայաստանի մէջ կանայք չեն անցած ֆեմինիզմի թոհուբոհով ու չեն սորված իրենց իրաւունքներուն համար պայքարիլ: Հիմա կանայք որոշում գոյացնելու համար կը դառնան կուսակցական, բայց կրաւորական վիճակի մէջ կը յայտնուին», աւելցուցած է ան:
«Ծառուկեան» դաշինքի անդամ Նայիրա Զուրապեան կը գրէ. «Դժբախտաբար Հայաստանի մէջ խաղի կանոնները թոյլ չեն տար կանանց մրցունակ ըլլալու քաղաքականութեան մէջ, անկախ անկէ, ձեւաւորուած է նաեւ նախապաշարում մը, որուն համաձայն, քաղաքականութիւնը կնոջ գործը չէ, կամ քաղաքականութեամբ կը զբաղին կանացիութենէ զուրկ կանայք»:
1919 թուականին, մասնակցելով ընտրութիւններուն, Հայաստանի առաջին երեք կին պատգամաւորները այդ նախապաշարումը կոտրելու հիմքը դրած էին բարեբախտաբար: