Առաւօտը խաղաղօրէն կը բացուի,
Գիշերուան երազներու լուսարձակ,
Բնութիւնը լուսաճաճանչ կը փայլի,
Աւետելով մեզի  նոր լուսածագ:
«Բարի՛ լոյս» ,կ’ըսէ արեւը թաց հողին,
Փութալով արտերուն մէջ կ’երկարի,
Շողը կը ժպտի վարդին ու ցօղին,
Ու կը հեւայ ծնունդովը նոր օրին:
Լարա Պէտուրեան
Ը. Կարգ
Քեսապի Ազգ.Ուսում.Միացեալ ճեմարան