Ամէն մարդ ունի տկարութիւններ, որոնցմէ կ’ուզէ ձերբազատիլ, սակայն երբեմն մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի։ Ոմանք ալ չեն մտածեր անոնցմէ ձերբազատելու մասին եւ կը շարունակեն ապրիլ մեծ թերութիւններով։ Կարգ մը տկարութիւններէն թուենք՝ ստախօսութիւնը, ուրիշին չարիք ցանկալն ու դաւաճանութիւնը։
Ամէն մարդ պարտաւոր է ինքնիր վրայ աշխատիլ թերութիւններէ զերծ մնալու համար։ Պէտք չէ սպասես նոր ամսուան կամ նոր տարուան սկիզբը դուն քեզ փոխելու համար։ Կամք ունեցողին համար ամէն օր նոր առիթ է ինքզինքը վերատեսութեան ենթարկելու եւ թերութիւններէն ազատելու։
Մարդ մէկ անգամէն չի փո- խուիր, դժուարութիւններ կ’ունենայ։ Ես ալ ունեցած եմ բազմաթիւ դժուարութիւններ, երբ ուզած եմ ձերբազատիլ թերութիւններէս, բայց ամէն գնով փորձած եմ յաղթահարել այդ դժուարութիւնները։ Այո, ասիկա քիչ մը ժամանակ կը պահանջէ, բայց երբ համբերատար ըլլանք, կրնանք յաղթահարել ամէն բան։
Սէրլի Մուտարիկեան
Ժ. Կարգ
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան