Պսակաձեւ ժահրի պարտադրած առողջապահական ցուցմունքներուն հետեւելով մէկտեղ, Ուրբաթ, 29 Մայիս 2020-ի երեկոյեան Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարանի միջնակարգի շրջափակին մէջ Ս.Պ.Միութեան «Զաւարեան» Մասնաճիւղի պատանիները ներկայ գտնուեցան դասախօսութիւն-զրոյցին, որ պատրաստուած էր մասնաճիւղի վարիչ եւ դաստիարակ կազմերուն կողմէ, նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 102-ամեակին։
Հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, որ իր օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները յղեց պատանիներուն, աղօթելով առ Աստուած, որ բարօրութիւն եւ յաջողութիւն պարգեւէ պատանիներուն։
Ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն ըսաւ. « Դուք մեր ապագայի յոյսն էք։ Պէտք է Մայիսեան յաղթանակը նուաճող հերոսներուն ուխտը վերանորոգէք մինչեւ հայ ազգի արդար իրաւունքներու ամբողջական տիրացումը»։ Պատանիները իրենց խոստումը վերանորոգեցին, ուխտելով արդար ժառանգորդները դառնալ մայիսեան յաղթանակները կերտողներուն։