Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարեն ԱՄԺ Տան «Դալար Այգեստան»ի բացումը:

Դալար Այգեստանը, յարգելով պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն նախազգուշացման պայմանները, Ուրբաթ, 5 Յունիս 2020-էն սկսեալ պիտի հիւրընկալէ իր անդամները ամէնօրեայ դրութեամբ: