Քիչ առաջ, արեւամուտին, մեր թաղի խաղաղ ու հանդարտ երեկոն պահ մը խանգարուեցաւ: Պատուհանէս դուրս՝ տեսայ, որ ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ճիշդ մեր տան առջեւ, պատուհաններուն վրայ բաներ մը գրուած էին, իսկ պատուհանէն դուրս կը ծածանէին քանի մը գունաւոր փուչիկներ: Երկրորդ մը կանգ առաւ քիչ մը անդին, յետոյ երրորդ մը եւ, այսպէս, շուտով ինքնաշարժներու ամբողջ շարք մը կազմուեցաւ թաղին մէջ: Բոլորին ալ պատուհաններուն եւ ծածանող փուչիկներուն վրայ մէկ նախադասութիւն արձանագրուած էր. «Congratulations, Graduate – 2020»: Հետեւեցաւ եռուզեռ մը. ինքնաշարժներէն դուրս եկան երիտասարդներ, պատանիներ ու տարեցներ, շատերու ձեռքին՝ ծրարներ ու թուղթէ տոպրակներ, անդիէն՝ երէց պարմանուհի մը մօտեցաւ իւրաքանչիւր ինքնաշարժի, նախադասութիւններ փոխանակուեցան. պարմանուհին եւ իրեն ընկերացող կին մը հաւաքեցին  մայթին վրայ դրուած ծրարները, որոնք յայտնապէս նուէրներ էին, հեռուէ հեռու ողջոյններ փոխանակեցին, քանի մը ինքնաշարժէ երգ-երաժշտութիւն հնչեց: Մօտաւորապէս 10 վայրկեան ետք, առաջին ինքնաշարժը մեկնեցաւ, միւսները հետեւեցան: Թաղը վերագտաւ իր սովորական խաղաղութիւնը…
Նախորդ օրերուն, քանի մը բնակարանի առջեւ տեղադրուած էին փոքր պաստառներ: Հիմա, ընտրութեանց «եղանակ» չէ. բոլորին վրայ արձանագրուած է «Graduate 2020»: Ամէն քայլափոխի կը կարդաս աւետիսը: Ուսումնական տարեվերջ է, կան շրջանաւարտներ, պսակաձեւ ժահրը այս տարի իր մականը տարածեց նաեւ դպրոցներու վրայ եւ շրջանաւարտները զրկուեցան աւանդական հանդէսներէն, անոնց հետեւող՝ խրախճանական հաւաքներէն:
Այս տարուան սերունդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ինքզինք այս իմաստով անբախտ կը զգայ, որովհետեւ տարիներով երազած էր այս օրը, կը ցանկար լիարժէքօրէն տօնել ուսումնական փուլի մը ամբողջացումը: Ծնողներ ալ զրկուեցան իրենց զաւակներուն «հասակը տեսնելէ»: Չեղաւ:
Սակայն… ո՜չ. կարիքը մայրն է հնարքներու՝ կ’ըսէ առածը: Եւ պարտադրուած անհաճոյ վիճակին մէջ, շատեր, եթէ ո՛չ բոլորը գտան տօնելու այլազան ձեւեր: Քանի մը շաբաթ առաջ, լուրերու հաղորդումէ մը տեղեակ եղանք, որ Ճափոնի մէջ, դպրոց մը իւրայատուկ ձեւի մը դիմած է. շրջանաւարտներուն նկարները կրող մարդամեքենաներ, հանդիսութեան յատուկ սեւ զգեստով ու գլխարկով, ներկայացած են տնօրէնին եւ ստանձնած՝ վկայականը, իսկ աշակերտ ու ծնողք հանդիսութեան հետեւած են հեռակայ  պատկերասփռումի միջոցով: Ուրեմն,   արդի արհեստագիտութիւնն ու ահաւասիկ թաղերու մէջ իմ տեսածիս նման «հանդիպումներ» փոխարինեցին սովորականը: Կարգ մը դպրոցներ նման «հանդէսներ» կազմակերպեցին առցանց, իսկ ուրիշներ դպրոց կը հրաւիրեն աշակերտներն ու ծնողները, բակին մէջ, առանց ինքնաշարժէն իջեցնելու զանոնք, կոկիկ ձեւականութեամբ մը կը կատարեն վկայականներու եւ պարգեւներու յանձնումը:
Ու այս տղաքն ու աղջիկները պիտի յիշեն, որ իրենց շրջանաւարտութիւնը տօնակատարուեցաւ իւրայատուկ ձեւերով, ուրիշներէ աւելի՛ յիշատակելի ձեւերով, ի՜նչ փոյթ, որ… իրենց «փորը լաւապէս չկշտացաւ»:
***
Մարտէն ի վեր, գիտենք, կ’ապրինք՝ կեանքը բոլորովին տարբեր ընթացք ստացած է աշխարհի տարածքին, դպրոցներն ու ուսումնական հաստատութիւններն ալ անխուսափելիօրէն կրեցին համաճարակին դաժան հետեւանքները: Հիմա, երբ ուսումնական տարին իր աւարտին կը մօտնենայ նաեւ հայկական աշխարհացրիւ կրթական օճախներուն համար եւս, կ’ուզենք պահ մը կանգ առնել ՀԱՅ ԴՊՐՈՑին հերոսական աշխատանքին առջեւ, առանց մոռնալու կամ անտեսելու, որ աշխարհի բոլոր ուսումնարաններն ու աշխատանքի տարբեր ասպարէզի մարդիկն ալ հերոսական մաքառումի մէջ են առաւել կամ նուազ դաժան վիճակներուն հետեւանքով: Օրինակի համար, քանի մը օր առաջ, շուկայէն վերադարձի ճամբուս վրայ, անցայ բժշկական ծառայութիւն տրամադրող շէնքի մը առջեւէն: Մեծկակ պաստառ մը կախուած էր մուտքին վերեւ եւ կը ծանուցէր. «Հոս հերոսներ կ’աշխատին»
Ինչո՞ւ կ’ուզենք առանձնացնել Հայ Դպրոցն ու անոր յարկին տակ աշակերտողն ու ծառայողը: Որովհետեւ՝ անոնք արժանի են յատուկ ուշադրութեան ու գնահատանքի: Աշխարհը մէկէ աւելի օրերու յարգանք մատուցեց բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, առողջապահութեան մարզին մէջ ծառայողներուն: Մարդիկ խոնարհեցան համաճարակին զոհերուն վիշատակին: Մարզական վերսկսած մրցումներու սկիզբին, յարգանքի արտայայտութիւններ կը կատարուին զոհերուն եւ ծառայողներուն: Նոր սերունդի դաստիարակութեան առաքելութեան լծուած մեր փաղանգն ալ արդար իրաւունքը ունի արժանանալու բոլորիս յարգանքին: Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքեան օճախներու՝ Հայ Դպրոցի յարկին տակ գործած են ու կը շարունակեն գործել մե՛ր հերոսները, հայ մանուկին ու պատանիին միտքն ու հոգին լուսաւորող, զարգացնող, անոնց մտային աճը սնուցանող մշակները:
Ուշադրութի՜ւն: Մեր հերոսները միայն մէկ «դասակարգ»ի չեն պատկանիր, անիկա իրականացաւ բազմաթիւ «գունդերու» ձեռքերուն միացումով: Եւ ի՛սկապէս, վերջին ամիսներուն տարուած աշխատանքը կարելի է միայն հերոսական կոչել, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը, բոլորը հարկադրուեցան մէկդի դնել աշխատանքի ընկալեալ ձեւերը՝ դպրոց երթալ, դասարանին մէջ դաս ընել, պարտականութիւն տալ-սրբագրել եւ այլն: Մէկ օրէն միւսը, բոլորը շատ արագ կերպով ընտելացան համակարգիչներու օժանդակութեամբ հեռակայ դասաւանդութեան դրութեան, մինչդեռ ո՛չ հոգեբանական, ո՛չ ալ արհեստագիտական լայն պատրաստութիւնը ունէին անոր համար:
Հերոսներուն առաջին «դասակարգը» անշո՛ւշտ որ մեր դաստիարակ ուսուցիչներն են, որոնք ո՛չ միայն քանի մը օրուան մէջ ընտելացան նոր դրութեան, այլ աշակերտին ու ծնողներուն ալ օգնեցին, որ նոյնքան արագ վարժութիւն ձեռք բերեն եւ ընտելանան նոր կարգ ու սարքին:
Հերոսական գործ ըրին նաեւ աշակերտները, մանուկ թէ պատանի: Անոնք յաղթահարեցին տունը «բանտարկուած» մնալու այլապէս անախորժ վիճակը եւ ուշք ու միտք կեդրոնացուցին՝ լաւագոյնս օգտուելու համար դասաւանդութեան նոր դրութենէն: Հերոսներու այլ դասակարգ մը կազմեցին ծնողները, որոնք իրենց առօրեայ աշխատանքին զուգահեռ՝ արտակարգ հոգածութեամբ հետեւեցան իրենց հոգեհատորներուն ուսումնառութեան:
Հերոսական աշխատանքին մասնակից եղան տնօրէններ, ուսումնական-կրթական մարմիններ, մեր դպրոցներուն կողքին կանգնողներ: Ստեղծուած վիճակը անխուսափելիօրէն բոլորին ուսերուն բեռցուց նիւթական չնախատեսուած պարտաւորութիւններ, որոնք դիմագրաւուեցան առանց մեծ աղմուկի…: Հերոսական արշաւին մասնակից եղան, տակաւին, բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կամ հեռուէն գործ ունին Հայ Դպրոցին հետ, կը սատարեն անոր առաքելութեան:
***
Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ վերջին քանի մը ամիսներու աշխատանքը եղաւ տաժանելի: Ուսուցիչը ստիպուած էր կրկնապատիկ ծանրաբեռնուիլ, դպրոցի բնական օրերէն շա՛տ աւելի ժամանակ ու ճիգ տրամադրել, որպէսզի հայ մանուկն ու պատանին չզրկուին ուսումնառութենէ: Անոնք որեւէ մէկէն աւելի՛ լաւ գիտեն, թէ տարուած աշխատանքը չարդիւնաւորուեցաւ այնպէս՝ ինչպէս կ’ըլլայ ԴՊՐՈՑԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ,  դասարանին մէջ, դպրոցի մթնոլորտի՛ն մէջ: Սակայն ստեղծուած կացութեան մէջ, ո՛չ ոք խնայեց լաւագոյնը, զոհաբերումի նոր բարձունքներ նուաճեց, ծրագիրները ըստ կարելւոյն հասցուց լրումին: Հայ ուսուցիչը եղաւ յիշեալ բոլոր հերոսներուն գլխաւոր առաջնորդը, աշխատանքին հիմնական առանցքը: Ուրեմն, բոլորին չափ ու բոլորէն աւելի, ան՝ հերոսներու այս լուռ գունդը արժանի է յարգանքի ու գնահատանքի:
Եւ ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր ուսուցիչները, ուսումնական կեանքին մէջ միւս հերոսացողներուն չափ ու անոնցմէ աւելի՛, կը ցանկան, որ այս աղէտալի կացութիւնը շուտով գտնէ բարի լուծում, որպէսզի Հայ Դպրոցն ալ, ինչպէս աշխատանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ գործողները, վերագտնեն կեանքի-ապրուստի մարդկօրէն ընդունելի եւ ընկալեալ ընթացքը:
Այս առումով ալ, ուսումնական պատասխանատուները՝ տնօրէններ եւ վերահսկող մարմիններ, կը կանգնին ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց: Աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ, դպրոցները շաբաթներէ ի վեր վերաբացած են իրենց դռները եւ արտասովոր միջոցներ ձեռք առած են, որպէսզի մանուկներուն եւ պատանիներուն առողջութիւնը մնայ անվտանգ: Գիտութիւնն ու փորձառութիւնը անոնց թելադրած են, որ դասարաններու մէջ աւելի փոքրաթիւ աշակերտներ ընդունուին, խաղավայրերու եւ ճաշարաններու մէջ որդեգրուին նոր վիճակին հարկադրած զգուշական ձեւերը: Տակաւին, վաղը-միւս օր պիտի տեղեկագրուին ու թելադրուին այլ կանխամիջոցներ, երկիրներու եւ կրթական հաստատութեանց միջեւ տեղի պիտի ունենայ փորձառութեանց ազնիւ փոխանակում, որովհետեւ բոլորն ալ համոզուած են, որ ԴՊՐՈՑ կոչուածը՝ մեր բոլոր հերոսները իր յարկին տակ լաւագոյն արդիւնքին հասցնող մեծագոյն հերոսն է: Մեր վարժարաններն ալ, օգտուելով մեր եւ այլոց փորձառութիւններէն, վստահաբար պիտի որդեգրեն յարմարագոյն կանխամիջոցները, յուսալով, որ բժշկագիտութիւնը կարելի փոյթով լուծէ մեծագոյն հանելուկը՝ պատուաստ-դեղ հասցնէ այս ժահրին դէմ, ինչպէս որ անցեալին յաջողած է պարտութեան մատնել անդարմանելի նկատուած բազմաթիւ ախտեր, սկսելով թոքախտէն ու թիֆոյիտէն, մանկական անդամալուծութէնէն, ծաղկախտէն մինչեւ այլ մահասփիւռ վարակներ:
Սարգիս Մահսերէճեան