Թուրքիոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը տեղեկացուցած է, որ վերջին շրջանին երկրորդ սպառնալից նամակը ստացած է: Ուղարկուած ե-նամակին մէջ գրուած է. «Մենք, հաւանական է, գիշեր մը գանք»:
Թրքական «Կազեթէ Տարընճա» օրաթերթը կը գրէ, որ երկրորդ նամակին մէջ եւս Հրանդ Տինքի կնոջ` Ռաքէլին, եւ հիմնադրամի փաստաբանին մահուամբ սպառնացած են:
Տակաւին քանի մը օր առաջ նմանատիպ մէկ այլ նամակէն ետք ձերբակալուած է անձ մը:
Հիմնադրամի փաստաբաններէն Ֆեթհիէ Չեթին յայտարարած է, որ նմանատիպ նամակները հաւանաբար ուղղակի սպառնալի չըլլան, որովհետեւ անոնք շատ նման են այն նամակներուն, որոնք կ՛ուղարկուէին Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ:
Երկրորդ նամակէն ետք դարձեալ հետաքննութիւն սկսած է: Այս նամակը ուղարկուած է 31 մայիսին: Հետաքննութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած է Բ.-ը, որ նախապէս բազմիցս դատապարտուած անձ եղած է:
Անոր մեղադրանք առաջադրուած է անանուն նամակով հիմնադրամին սպառնալու յանցանքով: