2014-էն ԱՄՆ-ի օրակարգին վրայ յայտնուած եւ օրերս գործադրութեան դրուող «Կայսեր Օրէնք»ը պատիժներ կը սահմանէ օտարերկրացի կամ սուրիացի անհատ այն գործարարներուն, ընկերութիւններուն, հաստատութիւններուն, որոնք Սուրիոյ մէջ տնտեսական գործարքներ, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն կամ կը ֆինանսաւորեն վերականգնումի ծրագիրներ: Օրէնքին նպատակն է արգելք հանդիսանալ  պատերազմէն վերջ Սուրիոյ վերականգնումին,  խափանել Սուրիոյ ենթակառոյցներու, դրամատուներու եւ այլազան գործարաններու, ներառեալ զինուորական կառոյցներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձնել Սուրիոյ ժողովուրդը, բազմապատկելով անոր տառապանքն ու վատթարացնելով կենցաղային մակարդակը, յատկապէս տնտեսութեան ներկայ վիճակին եւ սուրիական լիրային անկումին լոյսին տակ:
Այս օրէնքը կը տարբերի 80-ական թուականներէն ի վեր Սուրիոյ դէմ կիրարկուած ԱՄՆ-ի տնտեսական պատիժներէն այն բաղադրիչով, որ ան պատիժներ կը սահմանէ նաեւ Սուրիոյ դաշնակից երկիրներուն՝ Իրանի, Լիբանանի եւ Ռուսիոյ համար, զանոնք զերծ պահելու Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներէն:
Այլ խօսքով՝ այս օրէնքը կը միտի տապալել Սուրիոյ տնտեսութիւնը եւ բարձրացնել երկրէն ներս աղքատութեան մակարդակը, աւելին՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պայմաններուն մէջ անգամ անմարդկային քայլով մը տկարացնել նաեւ համաճարակին դէմ Սուրիոյ ժողովուրդին պաշտպանուածութիւնը:
Ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ, սակայն, այս օրէնքը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին վրայ:
Տնտեսագէտներ կը հաստատեն, որ այս պատիժին սահմանումով ԱՄՆ կը միտի տնտեսական արտակարգ շրջափակման ենթարկել Սուրիան, խաթարել պետական հաստատութիւններու եւ ենթակառոյցներու աշխատանքը եւ խոչընդոտել Սուրիոյ վերականգնումի գործընթացը: Անոնք կը յայտնեն, որ այս պատիժը կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ սուրիացիներու տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ, սակայն ոչ այնքան որքան կը փորձէ ուռճացնել ԱՄՆ-ը  իր քարոզչական լծակներով: Սուրիացի տնտեսագէտներ կը յայտնեն, որ  այս պատիժը շատ մեծ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ երկրի տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ 80-ական թուականներուն, երբ Սուրիան չունէր այսօրուան դաշնակիցներն ու իրեն զօրակցող պետութիւններու աջակցութիւնը, կրցաւ յաղթահարել տնտեսական շրջափակումը, հետեւաբար այս օրերուն ան դիւրաւ կրնայ յաղթահարել «Կայսեր Օրէնք»ը, յատկապէս նկատի ունենալով որ Սուրիան ինքնաբաւ երկիր է, ունի հարուստ գիւղատնտեսութիւն, ճարտարարուեստ եւ բնական պաշարներ, միաժամանակ ունի դաշնակիցներ եւ բարեկամներ, ուստի հիմնուելով յատկապէս իր ներքին ուժի աղբիւրներուն վրայ, կրնայ կանգուն պահել տնտեսութիւնն ու զարգացնել ներքին առեւտուրն ու բազմաթիւ այլ ոլորտներ՝ գործի մղելով ժողովուրդը: Այդուհանդերձ վնասներ կրնան կրել յատկապէս չորս ոլորտներ՝ արտաքին առեւտուրի ոլորտը, առողջապահութեան ոլորտը տեղական կամ օտարերկրեայ ներդրումներու, մասնաւորապէս շինարարութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուժանիւթի ոլորտները եւ վերջապէս նիւթական ելեւմուտքի ոլորտը, որ կը ներառէ վարկերու տրամադրում, դրամական փոխանցումներ եւ այլն:
Իրականութեան մէջ այս օրէնքը ուղղակի սպառնալիք է Սուրիոյ դաշնակիցներուն՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի,  անուղղակի սպառնալիք՝ Ծոցի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու, որպէսզի անոնք տնտեսապէս չգործակցին Սուրիոյ պետութեան հետ, մինչեւ որ ԱՄՆ երաշխաւորէ իր շահերուն ամրագրումը Սուրիոյ մէջ, բնականաբար օգտագործելով նաեւ քրտական գործօնը: Նպատակ մը, որուն չկրցաւ հասնիլ Միացեալ Նահանգները հակառակ Սուրիոյ պատերազմը հրահրելու եւ երկրին հարստութիւնները օգտագործելու  իր հսկայական ճիգերուն:
Ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու լեզուով իբրեւ թէ խօսող երկրի մը՝ ԱՄՆ-ի այս քայլին ամէնէն անմարդկային դրսեւորումը այն է, որ այս պատիժով ան Սուրիոյ ժողովուրդը կը բաժնէ երկու մասի՝ պետութեան հովանիին ներքեւ ապրողները, որոնք պիտի զրկուին նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններէ,  եւ ԱՄՆ-ի զօրակցող ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ ապրողները, որոնք միայն արժանի պիտի համարուին մարդասիրական օժանդակութիւններու:
Այս բոլոր ճնշումներով մէկտեղ, Սուրիան ու իր ժողովուրդը կարելիութիւն ունին զգետնելու այս պատիժը եւս՝ օգտուելով Ռուսիոյ, Չինաստանի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի շարք մը երկիրներու, ինչպէս նաեւ սահմանակից բարեկամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններէն, բայց առաւելաբար վստահելով Սուրիոյ ներքին ուժերուն, ինքնաբաւ տնտեսութեան:
«Գ.»