Խորքն ու ձեւը օր մը կ’որոշեն հանդիպիլ եւ վերջապէս համաձայնութեան գալ, թէ իրենցմէ ո՞վ է աւելի կարեւորը, իմաստ պարունակողը, պատգամ ուղղողն ու որակ հրամցնողը:
Ձեւը կ’ըսէ.
-Ես եմ անշուշտ, այսօր ո՞վ կ’որոնէ խորքը, բոլորին համար կարեւորը ձեւն ու ձեւակերպութիւնն են, եթէ չըսենք ձեւացնելը:
-Ի՞նչ ձեւացնել…,- կը պատասխանէ խորքը զայրացած:
-Ձեւացնել, թէ գործ մը կը տեսնես, աղմուկ բարձրացնել, լուսա-նկարուիլ, առցանց նկարներդ տարածել ու կարեւոր չէ, թէ այդ գործին իմաստն ու պատգամը ի՞նչ են, արդիւնքը ի՞նչ է, քանի՞ մարդ կ’օգտուի, նոր բան կ’իմանայ կամ քայլ մը առաջ կ’ուղղուի այդ գործին շնորհիւ,- յաղթական ժպիտով մը կը պատասխանէ ձեւը:
-Կարեւոր չե՞ն: Ճիշդ հակառակը: Իւրաքանչիւր գործի, խօսքի խորքն է, միտքն է, որ իմաստ մը կը հաղորդէ, առանց անոր փուճ է ամէն բան: Այո, ձեւն ալ կարեւոր է մեր դարուն, սակայն, առանց խորքի, ապարդիւն, հետք չձգող գործ մը, նոյնիսկ արտասանուած, գրուած խօսք մը դատարկաբանութիւն է պարզապէս, եւ բարեբախտաբար որոշ մարդիկ կը տիրապետեն զանազանելու արուեստին: Ուստի պղպջակներէ անդին անցիր, ու մի՛ փորձեր համոզել զիս որ ձեւն ու ձեւակերպութիւնն են տիրականը,- մեղմիկ շեշտով մը կը պատասխանէ խորքը:
-Դուն շատ միամիտ կը թուիս ըլլալ: Եթէ մարդիկ խորքին կարեւորութիւն տային, այսօր հրապարակի վրայ կը տեսնէիր իմաստասէրները, մտաւորականները, արուեստագէտները, գիտնականները… բայց եկուր տես որ հրապարակի վրայ են արուեստը աղաւաղողները, գիրն ու գրականութիւնը երկրորդական զբաղմունք համարողները, շահու եւ վնասի տրամաբանութեամբ գործողները առաւելաբար: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կ’արդարացնես գոյութիւնդ անգամ այսպիսի ժամանակներու մէջ,-ինքնավստահ կշռոյթով մը կ’աւելցնէ ձեւը:
-Դուն այդ կարծիքին ես, քանի որ միջավայրէդ անդին չես դիտեր, չես տեսներ, ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարես ու յամառօրէն կը պաշտպանես տեսակէտդ: Մէյ մը նայէ չորսդիդ, այսօր յառաջադէմ երկիրներն են, որոնք մրցունակ դարձած են շնորհիւ իրենց գիտնականներուն, մշակութային արժէքներուն, գրականութեան, քննական, ստեղծագործ միտք ունեցող առեւտրականներուն նաեւ: Այդ երկիրներուն մէջ առեւտուրին, գիւղատնտեսութեան ու ճարտարարուեստին կողքին կը զարգանան արուեստն ու մշակոյթը, գիտութիւնն ու դպրութիւնը: Այդպիսի միջավայրերու մէջ մարդը կը գնահատուի իր արժանիքներուն, ոչ թէ ձեւին ու անպտուղ գործին համար, այդպիսի երկիրներու մէջ մտաւորականները, իմաստասէրները արժէք ունին, պատմութեան մէջ հետք ձգող աշխատանք կը տանին, վաճառականներն ու առեւտրականները իմաստութեամբ կը գործեն, առանց մէկը միւսը արհամարհելու,- կը պատասխանէ խորքը:
-Կրնայ ըլլալ, չեմ հերքեր, սակայն ես կը խօսիմ իմ նեղ միջավայրին ու առցանց խաբուսիկ աշխարհին մասին: Զիս հետաքրքրողը ժամանակաւոր արժէքներն են, որոնցմով կը գոհանամ, կը զուարճանամ ու կը խաբեմ ալ, խաբուսիկ աշխարհ է առցանց աշխարհը,- կը պնդէ ձեւը:
-Խաբուսիկ կրնայ ըլլալ որոշ ժամանակի մը համար, բայց միեւնոյն ատեն որակաւորն ու անորակը քով-քովի բերող աշխարհն է, զանազանելը կը մնայ իմաստուններուն, արժէք որոնողներուն: Այդպիսիներն են, որոնք պիտի գտնեն արժէքներ, մէկտեղել փորձեն զանոնք  ու ծառայեցնեն իմաստալից ծրագիրներու: Այդպիսիներն են, որոնք պիտի հասցնեն տարբեր մարզերու մէջ  քննական միտքով օժտուած սերունդներ ու ստեղծեն թէկուզ փոքր, բայց առողջ, զարգացող միջավայր,- կը պատաս- խանէ խորքը:
-Կրնայ ըլլալ, բայց ձեր ըսածը շա՜տ երկար ժամանակի կը կարօտի, իմ փնտռածը ժամանակաւոր հրճուանք է, եղբա՛յր, ժամանակաւոր համբաւ, մնացածով չեմ ալ հետաքրքրուած,- կ’ըսէ ու գլուխը կախ կը հեռանայ ձեւը, առանց եզրակացութեան սպասելու:
Մենք մտածենք ու եզրակացութեան հասնինք ուրեմն, իրենց փոխարէն…:
Փշակն