«Ասպարէզ»․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը խոր մտահոգութիւն յայտնեց 38 տարիներէ ի վեր բանտարկուած Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու որոշումը մերժելու նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի որոշումին նկատմամբ։

Յիշեցնելով, որ Հայ Դատը կը պաշտպանէ աւելի քան մէկ միլիոն հայերու իրաւունքները՝ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շեշտէ, որ նահանգապետին որոշումը աւելի անընդունելի կը դառնայ, երբ նկատի առնենք, որ ան մօտէն ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան ծալքերուն եւ հետեւանքներուն ու շատ լաւ գիտէ, որ նահանգին հայութիւնը միաձայնութեամբ նեցուկ կը կանգնի Համբիկ Սասունեանը մարդասիրական նկատառումներով ազատ արձակելու պահանջին. պահանջ մը, որուն երկու առիթներով միաձայնութեամբ դրական պատասխան տուած են Բանտարկեալներու ազատ արձակման տարբեր խորհուրդներ։
Հայ Դատը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտէ, որ նահանգին արդարադատութեան համակարգը պատանդ դարձած է Թուրքիոյ եւ անհիմն կը նկատէ այն պնդումը, որ Համբիկ Սասունեանը ազատ արձկաուելէ ետք կրնայ վտանգ սպառնալ նահանգին բնակչութեան։
Յանտնելով, որ յառաջիկայ տարի նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ առիթ մը եւս ունի ներում շնորհելու Համբիկ Սասունեանին՝ Հայ Դատը կոչ կ՛ուղղէ ընկերային արդարութիւն հաստատելու նպատակով ճնշում բանեցնելու նահանգապետին վրայ, որպէսզի Սասունեան կարենայ իրականացնել իր կեանքը Հայաստանի մէջ շարունակելու երազը։