Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 29 Մայիս 2020 -ին Global Affairs Canada-ն (GAC) հրապարակած է Քանատայի զինուորական արտահանման մասին իր տարեկան զեկոյցը:

Յիշուած է, որ 2017-ին քանատական մասնաւոր ընկերութիւններու կողմէ Ատրպէյճանին զրահաճարտարագիտական վաճառքը սկսելուն երկրորդ տարին էր, սակայն այդ տարուընէ ետք, Քանատա Ատրպէյճանը զինուորական արտադրութեան առեւտուրով զբաղող երկիրներու շարքին մէջ չէ ներառած: Յատկապէս 2019-ի Հոկտեմբերին Սուրիոյ մէջ «Խաղաղութեան Աղբիւր» շարժումէն ետք, որ նախաձեռնած էր Թուրքիան, Քանատան նոյնպէս արգիլած էր դէպի Անգարա զինուորական արտահանումը, որ անորոշ ժամանակով 2020 -ի Ապրիլին վերականգնած էր:
4 Յունիս 2020-ին զեկոյցի հրապարակումէն ետք յանձնախումբը նամակ յղած էր Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին, որուն ի պատասխան Ֆրանսուա-ֆիլիփ Շամպան բարձր գնահատած էր կառավարութեան որոշումը եւ յորդորած էր նախարարը հեռու մնալ զէնքի առեւտուրէն ինչպէս Թուրքիոյ, նոյնպէս՝ Ատրպէյճանի հետ: Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի համանախագահները նամակով մւ յայտնած են, որ «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան զինուորական լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնեն ոչ միայն իրենց մերձաւոր տարածաշրջանին, նաեւ անոր սահմաններէն դուրս:
Մինչ Թուրքիան կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքը ապակայունացնել եւ սպառնալ տեղւոյն փոքրամասնութիւններուն գոյութեան, անընդհատ ազդարարելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման մասին, Ատրպէյճան զգալիօրէն կը ծաւալէ իր զինուորական պատրաստուածութիւնը, միեւնոյն ժամանակ սպառնալով ուղղակի կը յարձակի Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ»: