Մէկ հատիկ աղջիկս երբ արդէն երկու տարեկան դարձաւ եւ կրթութեան լուրջ փուլին անցանք, որոշեցի հետեւեալ սկզբունքներուն հետեւիլ զինք առողջ դաստիարակութեամբ մեծցնելու համար.
1.- «Ամօթ է» բառէն հեռանալ եւ փոխարինել զայն «սխալ» է եւ կամ «անյարմար է» բառերով:
2.- «Փորձէ՛, կը յաջողիս» համոզումը ամրապնդել իր մտքին մէջ, որպէսզի երբեք չյուսահատի:
Անձնապէս կ’ուզեմ լուսաբանել մեր ընթերցողներուն, թէ ինչո՛ւ կարեւոր են այս սկզբունքները:
1.- «Ամօթ է» բառը մեր զաւակները կը կաշկանդէ, իրենց ազատութիւնը կը սահմանափակէ, զրկելով զիրենք երջանիկ մանկութիւն ապրելէն եւ ճիշդն ու սխալը զանազանող ինքնավստահ անձնաւորութիւն մը դառնալու կարելիութենէն:
«Բարձրաձայն մի՛ խաղար, ամօթ է»:
«Այս բառերը կրկին մի՛ արտասաներ, ամօթ է»:
«Հագուստդ կարճ է, ամօթ է»:
Եւ շարանը շատ երկար է «ամօթալի» համարուող արարքներուն:
Փոխարէնը, եթէ մեր զաւակները մեզմէ լսեն համոզիչ բացատրութիւններ, անոնք փոքր տարիքէն կրնան վարժուիլ ինքնստինքեան տրամաբանելու եւ դատելու, գիտնալու համար թէ ի՛նչն է սխալը եւ անյարմարը, ոչ թէ կուրօրէն հետեւելու մօր կամ այլ անձի մը հրահանգներուն, դառնալով ամչկոտ եւ ինքնամփոփ անձեր:
Այս իսկ պատճառով, ես որպէս մայր ու դաստիարակ բոլորովին ջնջեցի «ամօթ է»ն եւ փոխարէնը աղջկաս հետ տարակարծութիւն ունենալու պարագային հետեւեալ ոճը սկսայ կիրարկել.
«Սխալ է բարձրաձայն խաղալը, որովհետեւ այդ մէկը մեր դրացիներուն հանգիստը կրնայ խանգարել»: «Քաղաքավար եւ կիրթ աղջկան չի վայելեր այսպիսի բառեր արտասանել: Հագուստդ անյարմար է, ինչու միւսը չես հագնի՞ր» եւ այլն:
2.- «Փորձէ՛, կը յաջողիս»: Այս կարճ նախադասութիւնը խորքին մէջ ունի գլխաւոր բանալի մը, որմով ապագային աղջիկս կրնայ հասնիլ իր բոլոր նպատակներուն. բայց ինչպէ՞ս:
Մարդ արարածը իր կեանքը կ’ապրի մէկ անգամ, եւ եթէ յաջողութիւններ չարձանագրէ եւ նպատակներուն չհասնի, ուրեմն ինչո՞ւ պիտի ապրի:  Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է յաջողութեամբ հասնիլ մեր նպատակներուն:
ա.- Ճիշդ ծրագրաւորում կատարել:
Այսինքն նպատակը թուղթի վրայ արձանագրել եւ ժամկէտ որոշել: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ յստակ, դրական ազդեցութիւն ունեցող մեր եւ մեր միջավայրին վրայ, կարելի եւ տրամաբանական:
բ.- Հաւատք ունենալ Աստուծոյ եւ մեր կարողութիւններուն, լաւ իմանալով, որ Աստուած մեզ աշխարհ չղրկեց չարչարուելու, յոգնելու եւ մեկնելու: Ան մեզ ստեղծեց իր կերպարանքով եւ խոստացաւ մեր կողքին կենալ, չարէն պաշտպանելով մեզ: Ան մեզի տրամադրեց աշխարհի բոլոր գանձերը, որ մենք ապրինք հանգիստ, ուրախ եւ իրականացնենք մեր առաքելութիւնը:
գ.- Ճշդել մեր ուժեղ եւ թոյլ կողմերը:
Գիտակցելով մեր կարողութիւններուն եւ զանոնք զարգացնելով, մատնանշելով մեր տկար կէտերը եւ աշխատելով սրբագրել զանոնք, մենք դէպի յաջողութիւն առաջնորդող ճիշդ ուղին բռնած կ’ըլլանք:
դ.- Օգտագործել մեզի շրջապատող բոլոր գործօնները:
Բոլորս ալ ունինք այդ կարելիութիւնն ու հմտութիւնը, բայց պէտք է գիտնալ  մեր տկար եւ ուժեղ կողմերը: Մեր բարեմասնութիւններէն օգ-տուիլ, իսկ տկար կէտերը զօրացնել, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին:
Մեր շուրջ կը գտնուին տարբեր գործօններ՝ փորձառութիւն, իմացականութիւն, գիտութիւն եւ այլն: Անհրաժեշտ է օգուտ քաղել անոնցմէ
ե.- Մտածելով ջանք թափել.
Շէնք մը շինելու համար, զորօրինակ, զանազան ձեւերու կրնանք դիմել: Կարելի է փոքրիկ քարերով, սակայն երկար ժամանակի վրայ շէնք մը կառուցել: Այս պարագային շէնքին հիմքը տկար պիտի ըլլայ, որովհետեւ քարերը փոքր են, դիմացկուն չեն: Տարիներ պիտի կորսնցնենք այսպիսի քարերով  շէնք մը պատելու համար, աւարտին սակայն պիտի չգոհանանք արդիւնքով: Միւս կողմէ, մեծ եւ ծանր քարերով շէնք պատելը կրկին դժուար պիտի թուի մեզի, որովհետեւ ծանր քարերը փոխադրելու դժուարութիւն պիտի ունենանք: Ուստի, եթէ նախքան աշխատանքի սկսիլը մտածենք, մեծ քարերը բեռնատարերով փոխադրենք եւ ճիշդ ձեւով հիմնենք ու կառուցենք շէնքը, աւելի կարճ ժամանակի մէջ, նուազ ջանքով, դիմացկուն շէնք մը պիտի ունենաք, քանի որ մտածելէ ետք գործի անցած պիտի ըլլանք:
Այս նկատառումներով  աղջնակիս գիտակցութեան մէջ այս երկու սկզբունքները կ’ամրապնդեմ, որպէսզի դառնայ յաջող եւ երջանիկ անձ մը եւ օգտակար ըլլայ իր միջավայրին:
Արշօ Գազէզեան-Արէճեան