Հայ-թրքական փրոթոքոլներու նախնական ստորագրութեան պատճառով կառավարութենէն իր հրաժարումէն ետք Դաշնակցութիւնը դեր ունեցաւ ընդդիմադիր ուժերու համախմբումի մը՝ քառեակի (ԲՀԿ, Ժառանգութիւն, ՀԱԿ եւ ՀՅԴ) կազմաւորման մէջ:

Գաղափարական ու քաղաքական նպատակներու հասարակաց գետին չունեցող այս կուսակցութիւններու համախմբումի անդամները, բնական է, իրարու կապուած էին համեմատաբար դիւրաբեկ թելերով. անոնք պարտաւոր էին իրենց որոշումներուն յանգել միաձայնութեամբ, ինչ որ կը սահմանափակէր անոնց գործունէութեան դաշտը:

Դաշնակցութեան համար Հայաստանի քաղաքական կեանքի արդիականացումն ու անոր` ներկայ ժամանակներու մէջ տեղադրումը կը մնար կուսակցութեան տակաւին չիրականացած գլխաւոր ծրագիրներէն մէկը: Հանրապետութեան վերանկախացման առաջին օրերէն արդէն Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէր խորհրդարանական վարչակարգի որդեգրումը` իբրեւ ժողովրդավարութիւնը կարելի դարձնող եւ զարգացած երկիրներու մէջ գործող լաւագոյն օրինակը, սակայն ընդդիմադիր քառեակի գործընկերները խանդավառ չէին այդպիսի հեռանկարով:

Ահա այս հարցով է, որ իշխանութեան ղեկին գտնուող ՀՀԿի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Դաշնակցութեան կապերը վերստին սերտացան, մանաւանդ որ հայ-թրքական համաձայնագրերու ճակատագիրը արդէն կնքուած կը թուէր ըլլալ. յստակ դարձած էր արդէն, որ թրքական կողմն ալ խանդավառ չէր անոնց գործնականացման՝ ազրպէյճանական կողմի ճնշումներուն գոհացում տալով: Հետապնդուող սահմանադրական այս փոփոխութեան առնչութեամբ, անշուշտ, միտքերուն մէջ կար այն կասկածը, որ նախագահը անձնապէս շահագրգռուած կրնար ըլլալ այդպիսի փոփոխութեամբ մը, որովհետեւ իր համար դուռը կը բացուէր այս անգամ իբրեւ վարչապետ իշխանութիւնը իր ձեռքին մէջ պահելու:

Մտահոգութիւնները կարեւոր չափով փարատեցան, երբ նախագահը հրապարակաւ յայտարարեց, թէ ինք հետաքրքրուած չէ վարչապետի պաշտօնով:

Այսպէս, Դաշնակցութիւնը կառավարութեան նստարաններէն գրեթէ ութնամեայ բացակայութենէ մը ետք վերստանձնեց իր ատենին կամաւոր ու հիմնաւոր կերպով թողած կառավարական պատասխանատուութիւնները: Կառավարական ընթացիկ գործերը տարուեցան, սահմանադրութիւնը պատրաստուեցաւ, ան հանրաքուէով ընդունուեցաւ, նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նախագահական պաշտօնի աւարտէն անմիջապէս առաջ Ազգային ժողովէն յետ կանչեց հայ-թրքական փրոթոքոլները եւ վերջապէս, մոռնալով ատենին իր տուած խոստումը, ընդունեց ՀՀ վարչապետ դառնալու` իր կուսակցութենէն եկած առաջարկը:

Շարունակութիւնը բոլորին յայտնի է: Շրջանաւարտ նախագահի իշխանական նոր գերագոյն պաշտօնի՝ վարչապետի պաշտօնի ստանձնումը պատճառ դարձաւ երկու նախագահական լման շրջաններու ընթացքին քաղաքական դժգոհ շրջանակներու գործօն զարթնումին, որ վայելեց նաեւ ժողովրդային իրաւամբ յուսախաբ ստուար զանգուածի մը համակրանքը, զօրավիգն ու մասնակցութիւնը:

Այստեղ միջանկեալ թող ըսուի, որ Դաշնակցութեան գործունէութեան այս հանգրուանի աւարտէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ իրադարձութիւն մը, որուն հարկ եղած կարեւորութիւնը չտրուեցաւ ատենին, որովհետեւ մարդիկ աւելի կեդրոնացան ձեւական մանրամասնութիւններուն, քան խորքային իմաստին վրայ: Ատիկա ցեղասպանութեան յաջորդած հայկական պետութեան հիմնադրութիւնը խորհրդանշող, այդ օրերու կենաց-մահու պայքարի փաստացի առաջնորդ Արամ Մանուկեանի արձանի բարձրացումն էր հանրապետութեան կառավարական կեդրոնական հրապարակի անմիջական հարեւանութեամբ:

Այսպէս, հայկական պետականութեան վերածնունդէն դար մը ետք երկու զուգահեռ փողոցներու միջեւ գտնուող պուրակի երկու ծայրերը այսօր կան մէկ կողմէն՝ Լեռնահայաստանի ազատարար Գարեգին Նժդեհի արձանը, միւս կողմէն՝ մայրաքաղաք Երեւանի փրկարար եւ հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի արձանը: Մարդոց յիշողութեան մէջ տեղ գրաւած են, անշուշտ, այդ օրերուն դեռ նորընծայ իշխանութիւններու մասնակից կարգ մը տարրերու ճիգերը՝ անհիմն պատրուակներով խափանելու Ա. Մանուկեանի արդէն պատրաստ արձանի տեղադրումը. խափանման փորձերը ձախողութեան մատնուեցան: Զոյգ արձանները, այսօր իրենց ներկայութեամբ ամէն օր տեւաբար ընդգծելով հանրապետութեան հիմնադրութեան օրերու ոգին, անոր արթուն պահակն են միաժամանակ:

Դուրսէն դիտողը կը նկատէ, անշուշտ, որ Խորհրդային Միութեան ինքնահաշուեյարդարէն միայն 27 տարիներ ետք ազատ մթնոլորտի մէջ կառուցուեցաւ հանրապետութեան անցեալն ու ներկան իրարու զօդող այն սկզբնական ամուր յենակէտը, որ երաշխիքն է հայ ժողովուրդի, հասարակութեան եւ ազգի` իբրեւ ուրոյն ու ամբողջական միաւոր զարգանալու եւ յարատեւելու կամքի առարկայական իրականացման:

Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրումով սկսած ընթացքը պէտք է իր ծրագրուած շարունակութիւնը ունենայ: Համահայկական հասարակութիւն կազմաւորող այս գործադաշտը դժբախտաբար յատկանշուած է գլխաւորաբար իր արտասովոր դանդաղութեամբ:

Դաշնակցութեան, թերեւս միաժամանակ նաեւ այլ ուժերու ճիգերով տեղին միջնորդութիւններով յեղափոխութիւնը մտցուեցաւ սահմանադրական անարիւն հունի մէջ: Մագոգային խորհրդակցութիւններով առաջքը առնուեցաւ աննախատեսելի հետեւանքներով պատրաստուող փողոցային բախումներուն:

Վարչապետ Սերժ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր պաշտօնէն հրաժարելու: Շարժման ձերբակալուած առաջնորդը ազատ արձակուեցաւ: Հանրապետութեան հրապարակ հաւաքուած ցուցարարներուն հարցնելով՝ անոնց ղեկավար, դուխագլխարկ կրող Նիկոլ Փաշինեան ստացաւ իր ակնկալած պատասխանը. ինք պիտի դառնար ՀՀ վարչապետը՝ կամօքն հրապարակը հաւաքուած ժողովուրդին:

Սերժ Սարգսեան յայտարարեց պետական մարդու վայել հրաժարական մը` ընդունելով «իր սխալը», առանց մանրամասնելու այս խոստովանութեան իմաստը: Յայտարարութիւնը կը պարունակէր նաեւ որոշ առեղծուածային եզրեր, որոնց բացատրութիւնը, կ’երեւի, պիտի տրուի ապագային:

Լաւ սերտուած սահմանադրական բեմադրութեամբ ցուցարարներու աչքին ատելի խորհրդարանը վարչապետ ընտրեց օրուան անդիմադրելի հերոս Նիկոլ Փաշինեանը, որ արդէն համաձայնած էր յաջորդ մէկ տարուան ընթացքին արտահերթ պատգամաւորական ընտրութիւններ կազմակերպելու պայմանին՝ փոփոխութեան ենթարկելէ ետք գործող ընտրական օրէնքը:
Նորընտիր վարչապետը դիմեց Դաշնակցութեան՝ կառավարութեան մաս կազմելու առաջարկով:

Դաշնակցութիւնն ընդունեց առաջարկը` իր զարմանքը յայտնելով հանդերձ. անոր վստահուեցան տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները: Ամիսներ շարունակ կառավարական աշխատանքի լրատուութիւնը կը վերաբերէր այս երկու նախարարութիւններուն, մնացեալները զբաղած էին յեղափոխութեան յաջողութեան կենացներով եւ ընդհանրապէս տարուած էին յաղթանակի խանդավառ քարոզչութեամբ:

Ինչպէս պարագան եղած էր անցեալին, ամէն անգամ, երբ Դաշնակցութիւնը մաս կազմած էր կառավարութեան, այս անգամ եւս որոշ շրջանակներու կողմէ ան մեղադրուեցաւ պատեհապաշտութեամբ, ամբաստանուեցաւ քանի մը նախարարութիւն ունենալու համար իր իսկ սկզբունքներուն հակադրուելու անհեթեթ զրպարտանքով:

Փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ նորանկախ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ Դաշնակցութիւնը երբեք, բառին ամբողջական իմաստով, կառավարական ամբողջական պատասխանատուութիւն չէ կրած: Յաճախ ալ, կառավարութեան մաս կազմելուն հակառակ, հրապարակային կերպով քննադատած է կառավարութեան այս կամ այն որոշումը` արժանանալով կառավարական գործընկերներու ափսոսանքին ու բարկութեան, միւս կողմէն՝ ընդդիմութեան դիտողութիւններուն, որոնք կեղծիք կը համարէին Դաշնակցութեան կատարած քննադատութիւնները, սակայն վերջիվերջոյ մարդիկ վարժուեցան Դաշնակցութեան այդ վարքագծին: Այս գործելաձեւը փոխուեցաւ միայն նախագահ Ս. Սարգսեանի պաշտօնավարութեան վերջին հանգրուանին, երբ կուսակցական մարմինները դադրեցուցին առօրեայ քննադատութեան ոճը, սակայն միայն ոճը: Արդարեւ, կառավարութեան գործունէութիւնը կուսակցական մարմիններու կողմէ սկսաւ քննարկուիլ եռամսեայ դրութեամբ, իսկ եզրակացութիւնները կը ներկայացուէին հանրութեան յատուկ յայտարարութեամբ: Իր մասնակցութեամբ կազմուած բոլոր կառավարութիւններուն մէջ Դաշնակցութիւնը պահած է իր ինքնուրոյնութիւնը եւ որոշումի անկախութիւնը. այս հարցով երբեք անյաղթահարելի խնդիրներ չունեցաւ իր կառավարական գործընկերներուն հետ:

Նոյնը չեղաւ Ն. Փաշինեանի ղեկավարութեամբ կազմուած դահլիճին պարագային:
Ժողովրդավարութեան ու ժողովուրդի անունով իշխանութեան հասած վարչախումբը իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերուն ցոյց տուաւ այլ կարծիքներու հանդէպ իր անհանդուրժողականութիւնը: Առաջին բախումին պատճառ դարձաւ դաշնակցական տնտեսական նախարարի՝ հանգստեան թոշակներու առնչութեամբ արտայայտած մէկ տեսակէտը:

Խանդավառուած 2018ի սեպտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն իր համար բացառիկ դրական արդիւնքէն` անկանխատեսելի վարչապետը սկսաւ պահանջել պատգամաւորական արտահերթ ընտրութիւններու յառաջաձգումը, բան մը, որ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար ընդունիլ, որովհետեւ ժամանակի մթնոլորտին մէջ անոնց արդիւնքը դիւրաւ կանխատեսելի էր:

Ընտրեալ վարչապետը կրկին դիմեց խափանարարական միջոցներու. ցուցարարները շրջափակեցին խորհրդարանի շէնքը` արգելք հանդիսանալով պատգամաւորներու մուտքին, որոնք կանչուած էին խորհրդարանի անխափան գործունէութիւնը ապահովող օրէնքի մը խորհրդակցութեան եւ ընդունման համար: Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը յայտարարեց իր ներկայացուցիչներու հրաժարականը կառավարութենէն:

Քանի մը վայրկեան ետք թատերաբեմի դեր կատարող ցոյցի հարթակին վրայ վարչապետը ոտքի վրայ ստորագրեց դաշնակցական նախարարներու դահլիճի անդամակցութենէն դադրեցման հրամանագիրը:

Առաջին անգամը չէր, որ Դաշնակցութիւնը բոլորովին ինքնակամ կը հրաժարէր կառավարութենէն, ինչ որ գոնէ պարկեշտ մեկնաբաններու աչքին կը հաստատէ, թէ կուսակցութեան համար նախարարական աթոռները ինքնին նպատակ չեն, այլ տաժանակիր շինարար աշխատանքի առիթ ընծայող միջոցներ: Այլ՝ իմ ականջի՛ս ալ հասած տեսակէտներ կը պատկանին կասկածելի աղբիւրներէ հոսող եւ մեր իրականութեան մթնոլորտը թունաւորող բամբասանքային ոլորտին, որուն համար, ընկերային ցանցերուն վրայ մանաւանդ, ժամանակ յատկացնողները դժբախտաբար բազմացած են:

Սփիւռքը առհասարակ դրական վերաբերում ունեցաւ ՀՀէն ներս կատարուած փոփոխութիւններուն հանդէպ: Ասիկա զարմանալի չէ, որովհետեւ անկախութենէն ի վեր շեփորահար քարոզչութիւն տարուած էր երկրէն ներս մերկ աչքով տեսանելի որոշ երեւոյթներու դէմ` փտածութիւն, կիներու իրաւունքներու հարց, ներընտանեկան բռնութիւն եւ այլն: Շատերու նպատակը, վստահաբար, այդ յոռի երեւոյթները առողջ քննադատութեամբ օր մը սրբագրուած տեսնելն էր, սակայն լրատուական միջոցներու սովորութիւնն է ամէն ինչ խոշորացոյցով դիտելով ողբերգական ծայրայեղ ու չափազանցուած վիճակ մը վկայելը, որ միայն մասնակիօրէն կը ներկայացնէ իրականութիւնը, նաեւ ընթերցողներուն ընկալումը առհասարակ նկատի չ’ունենար աշխարհագրութեամբ պայմանաւորուած բարքերու յաճախ խորունկ տարբերութիւնները: Այս ձեւով վիճակ բարելաւելու սկզբնական դրական նպատակին համար տարուած աշխատանքը կու տայ ճիշդ հակառակ արդիւնքը: Բացառելու չէ նաեւ այն, որ կարգ մը շրջանակներ ի սկզբանէ հետապնդած ըլլան աշխարհաքաղաքական նպատակներ` շահագործելով ժողովրդային ըմբռնելի դժգոհութիւնը:

Յամենայնդէպս, ներկայ հանգրուանին օրէ օր ու շաբաթէ շաբաթ հիասթափութեան աստիճանը կը բարձրանայ, դժգոհներու թիւը կ’աւելնայ: Այսպէս, 2018ի հոկտեմբեր 2ին վարչապետին՝ խորհրդարանը շրջափակելու կոչին ընդառաջեցին տասնեակ հազարաւորներ, իսկ շուրջ եօթ ամիս ետք դատարանները փակելու անոր կոչին՝ միայն իշխանամէտ պատգամաւորներ, պետական պաշտօնեաներ, փոքրաթիւ համակիրներ:

Ժամանակի ընթացքին հիասթափութեան ալիքը հասաւ մինչեւ Սփիւռքի ամենէն հեռաւոր անկիւնները:

«Դրօշակ», թիվ 6 (1640), հունիս, 2020 թ.

Մկրտիչ Մկրտիչեան