«Այո՛, ետեւ մնացած բան մը կայ մեր կեանքին մէջ,
եւ այդ՝ հայերէնի տարրական իմացութիւնն է,
որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը նուազի, կը կաղայ,
ետեւ կը մնայ ու կը հեռանայ մեզմէ»:

 Բժ. Արմենակ Եղիայեան

 Այս լայն-բարակ տողերովս կ’ուզեմ արտայայտել այն տագնապս, որ ներկայիս մտքիս մէջ դարձեալ պար բռնած է: Նախ ըսեմ, որ թէեւ այս օրերուն կեանք ըսուածն ալ արդէն սկսած է անհաւասար հոսիլ եւ միաժամանակ կորսնցնել իր շրջագիծը, միւս կողմէ պատմութիւնն ալ իր ընթացքը առանց դադարի շարունակելով, ամէն օր նոր մը կը հիւսէ: Մերկ են մարդոց մտքերը եւ չեն վարժուած նման ցնցումի եւ անդիմադրելի հարուածի: Որովհետեւ յիշեցնեմ, որ ամիսներէ ի վեր «շնորհիւ» պսակաձեւ ժահրի ներկայութեան, աշխարհը փոխուած է ու նոր, բոլորովին անծանօթ հունի մը մէջ մտած: Անդին, նոյնիսկ արեւն ալ չունի նախկին իր հմայքը: Մարդիկ տուներէն ներս կամաւոր ամփոփուած, ինքնամեկուսացած իրենց համար հեռախօսը, հեռատեսիլն ու համակարգիչը՝ զիրար միաւորող միակ անմիջական կամուրջը դարձուցած են: Զանազան արժէքներ սկսած են կորսուիլ: Մէկ խօսքով, տեսակ մը անժամանակ քաոս:

Արդ, իբրեւ երկար տարիներու կրթական մշակ-ուսուցիչ, ծուռ ու շիտակ այս մտածումներուս հետ հաւատքս ալ զիս շատ հեռուները սկսած է տանիլ:

Այլ խօսքով, բոլորին նման ես ալ սկսած եմ հարց տալ, թէ այս ընթացքով մենք ո՞ւր պիտի հասնինք: Տուն, ընտանիք, զաւակ, թոռնիկ: Անդին նաեւ ի՞նչ պիտի ըլլան մեր ընկերային եւ տակաւին՝ գաղութային կառոյցները: Դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, միութիւն, հայ կեդրոն:

Եկուր եւ որոնէ կեանքի այս նոր խորհուրդը:

Բայց անկեղծօրէն, ամէնէն մտահոգիչներէն են հայ դպրոցն ու հազարաւոր մեր նոր սերունդ-աշակերտներու իրավիճակը:

Մեր մեծերէն լսած ենք, որ մենք՝ երազ ունեցող ազգ ենք եւ մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է, ջուրին ու բնութեան նման եւ նոյնիսկ մեր ճակատագիրը՝ մեր պատմութիւնը: Եւ պատիւ մեզի՝ տոկացած ենք: Սակայն այս «տոկալը» առանց ոգիի եւ ապրելու կամքին անկարելի է ունենալ: Ու ներկայ այս յուսահատ վիճակին մէջ՝ ոգի՞…: Բայց ինչպէ՞ս գտնել այդ ոգին: Ինչպէ՞ս զայն ունենալ եւ ցանկալ: Ուստի կը կածեմ նախապայման է շուտով կատարել մեր ներկայ կեանքի վերագնահատումը, որպէսզի ծրագրենք նոր ժամանակներու հայութիւնը:

Եւ որովհետեւ այս օրերուն դպրոցները փակ են, յանկարծ առցանց տարբերակը կու գայ շրջանցելու իր հասկացողութիւնը: Ահա քեզի ժամանակի ու միջավայրի պայմաններու նոր միջոցառում: Տեսակ մը՝ փրկութիւն: Միջոց՝ ուսումնական իրավիճակը շարունակ եւ արթուն պահելու:

-Ի՜նչ լաւ լուծում. կ’ըսենք առաջին իսկ հերթին, տուն «մնացող», ինքնամեկուսացուած հա՛յ աշակերտը կապել հա՛յ գիրքին, հա՛յ գիրին, հայերէն դասին եւ դասագիրքին, գիտութեան, եւ ինչու չէ նաեւ իր մայրենիին:

Շատերուն համար նոյնիսկ քաջ եւ կայտառ ու եթէ կ’ուզէք լուսաւոր կէտ մըն է ալ այս միջոցառումը, որպէսզի հայ մատղաշ եւ պատանի ուղեղը անտէր հայելի չդառնայ: Եթէ կ’ուզէք, մեր այս «նոր» կեանքը թեւաւորող նոր միջոց: Վերջ ի վերջոյ, ապրիլ եւ ապրեցնել: Վերաշինել եւ ինչու չէ նաեւ վերապատրաստել աշակերտին մտքի տունը, կառոյցը, արթուն պահելով անոր հայու ոգին, որպէսզի չկորսնցնէ գիտակցութիւնն ու ինքնութիւնը, մինչեւ այս «փոթորիկին» հանդարտումը:

Ուրեմն հայ աշակերտին յատուկ առցանց հրամցուելիք ծրագիրը, առաջին իսկ հերթին պարզ ուսում ջամբելու կողքին, պէտք է որ ըլլայ հայօրէն ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու գաղտնիքի բանալին ալ:

Եւ որովհետեւ մեր համրանքի փրկութիւնը առնչուած է մեր լեզուին, ուստի էական է, որ լրջօրէն ու պատշաճ մտածումով պատրաստուած այս ծրագիրը, ըլլայ պարզ եւ մաքուր, շիտակ եւ ճիշդ մեր մայրենիով: Այսպէս՝ վարժութիւններու եւ լեզուի հետ կապուած զանազան գիտելիքներու եւ «բանալիներու» կողքին, հարկ է ժամանցային եւ ոչ ձանրձրացուցիչ ու հաճելի գրութիւն-պատմուածքներուն մէջէն ուղղութիւններ ցոյց տուող ուղեցոյցով մը մօտենալ: Ճանչնալ տալ, կամ յիշեցնել մեր վաստակաշատ գրողներն ու անոնց ստեղծագործութիւնները, իբրեւ ճաշակ, հակիրճ, նոյնիսկ ամփոփ տողերով եւ բացատրութիւններով:

Ու այս բոլորը կրնանք իրականացնել, անշուշտ եթէ ունենանք առողջ եւ երկար տարիներու համար ծրագրուած ռազմավարութիւն, որպէսզի վերջը զղջում չունենանք: Որովհետեւ անհրաժեշտ է տունը նստած հայ աշակերտին դրական մօտենալ, առանձին չձգել զինք, ոգեւորել: Թէեւ նոյն այդ աշակերտը, առցանցի նման նոր միջոցովը, սեւով ճերմակ իր համակարգիչի պաստառին վրայ պիտի չհանդիպի իր դասատուիին կամ ուսուցիչին տաք շունչին, անոր փայլուն խօսքերուն, անոր ոգեւորող միտքերուն, պիտի չապրի հայ դպրոցի տաքուկ մթնոլորտը, բայց եւ այնպէս վերջապէս, դրական որդեգրում մը ըլլալէ չի դադրիր: Բայց. ինչպէ՞ս կորովը բարձր պահել հայու ոգիին հետ: Անկասկած, որ մտային աշխատանքները ձեւով մը պիտի կարենան պահել լեզուն եւ գիտակցութիւնը, բայց անհրաժեշտ է մանաւանդ պահել ենթակային ազգային ինքնագիտակցութիւնը, որպէսզի ան մնայ ուխտապահ մարդոց հաւաքականութեան մէկ մասնիկը:

Ուրեմն, հայ ինքնութեան պահպանումին ի խնդիր, պայման է ներշնչել սէրն ու լեզուին գործածութեան վարժութիւնը, այդ ըլլայ գրաւոր կամ բերանացի, հարազատօրէն եւ հասկնալի, առանց բարդութեան փոխանցումի, որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի:

Բոլորս ալ մեծով-պզտիկով չենք ուզեր հաց-պանիր հայերէնով, ինչպէս ժամանակին սովոր էր ըսել, գոհանալ: Չենք ուզեր, որ հայերէնը «հինցած» հագուստի նմանի: Այսինքն՝ հոսանքին դէմ ընթանալ՝ որպէսզի պղպջակ չդառնանք, բոլորս ալ: Որպէսզի մէկ թեւով «չթռչինք»:

Գիտենք, որ ժամանակը բոլորիս համար ալ քմահաճ է, անողոք եւ անզիջող:

Սակայն եւ այնպէս կարեւորն ու էականը նման մտածումները իրենց խորքով բանալն է: Թող տան մէջ հայերէն գիրքն ու լրագիրը ներկայութիւն ապրին: Ու հայ ծնողքը իր մեծ դեր ու կողմնորոշում ունի նման ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն մէջ: Մօտէն հետեւիլ եւ թելադրել:

Նոր իրականութիւն մըն է, որ կը սաւառնի մեր կեանքի հորիզոնին վրայ եւ կը վախնամ մտածելէ:

Ինչպէ՞ս պահել կեանքի ջերմութեան աստիճանը: Ահա կենսականը: Չմոռնանք, որ կեանքը, իբրեւ հաւաքական ապրում, մեզի համար ազգային է: Ուստի պայման է, մեր կեանքի գոյութեան պայքարը մղել առնական թափով, որովհետեւ ստիպուած ենք սերունդներու մասին առաւել լուրջ՝ մտածել, միեւնոյն ժամանակ սէր ու հաւատք եւ գուրգուրանք տալով, յայտնելով հանդէպ ազգային արժէքներու:

Արդ, եթէ լուծում մը կ՚ուզենք կամ կը փնտռենք, նախ եւ ամէնէն առաջ մեզի կ՚իյնայ դուրս գալ այս մեր ներկայի մակերեսէն։ Խօսքէն գործի անցնիլ: Որովհետեւ բոլորին նման ես ալ կ’ուզեմ տեսնել նոր հայը: Եթէ գտնենք, հաւատացէ՛ք, մեր երազին յաղթած կ’ըլլանք:

Մնացեալը դուք գիտէ՛ք:

Գէորգ Պետիկեան