«Ասպարէզ»․- 46-ամեայ անզէն, սեւամորթ քաղաքացի Ճորճ Ֆլոյտի եւ անոր նման շատերու սպանութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցող բողոքի քայլարշաւներուն եւ ցոյցերուն մասնակցող միլիոնաւոր ամերիկացիներուն իր ձայնը միացնելով՝ Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբը դատապարտեց ոտիկանութեան շարունակուող բռնարարքները, ինչպէս նաեւ ցեղային խտրականութեան եւ ընկերային անարդարութիւններու բոլոր դրսեւորումները։
«Սեւամորթներու կեանքները արժէքաւոր են» շարժումին իր զօրակցութիւնը յայտնելով՝ Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբը ազգայնամոլութեան դէմ գործնական քայլեր պահանջեց տեղական կառավարման մարմիններէն՝ շեշտելով, որ կարելի չէ լուռ մնալ անարդարութիւններու դէմ, յատկապէս երբ նկատի առնուի այն իրողութիւնը, որ քաղաքը անցեալին ապաստան տուած է սպիտակամորթ ազգայնամոլ ծայրայեղականներու։